ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ
Ռուսահայ յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Արմէն Ճիկարխանեանի ղեկավարած Մոսկուայի տրամաթիքական թատրոնը երէկ երեկոյեան ներկայացումով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ «Սրճարան «Կեանքը վարդագոյն լոյսին ներքեւ»» խաղը ներկայացուցին թատերախումբի դերասաններէն Սթանիսլաւ Էվենթոն եւ Անաթոլի Քոթ։ Հարկ է նշել, որ թատրերգութեան հեղինակն է Լիոնէլ Կոլտշթայն։
Հարկ է նշել, որ այս ներկայացումը երկու տարի առաջ տեղի ունեցած էր Կիւմրիի մէջ։ Իսկ երէկ այդ մէկը կրկնուեցաւ Երեւանի մէջ՝ զուգադիպելով Արմէն Ճիկարխանեանի ղեկավարած թատրոնի հիմնադրութեան 20-ամեայ յոբելենական շրջանին։ Դերասանները յայտնեցին, թէ աշխատանքային մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորած են յոբելեանը եւ իրենք համամիտ են Արմէն Ճիկարխանեանի մօտեցման, թէ կարեւորը աշխատանքով ցոյց տալն է։ Անոնք աւելցուցին, թէ իրենք ներկայիս ունին բազմաթիւ ներկայացումներ, զուգահեռաբար փորձեր կը կատարեն ու կ՚աշխատին աշխուժութեամբ։
Թէ ինչպէ՞ս տօնած են թատրոնի ստեղծման 20-ամեակը. ի պատասխան Սթանիսլաւ Էվենթոն եւ Անաթոլի Քոթ կատակով պատասխանեցին, որ խմած են հայկական քոնիաք։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024