ԱՆԻԻ ՄՕՏ ԺԱՅՌԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ

Կար­սի Մշա­կոյ­թի եւ ա­րուես­տի միու­թեան նա­խա­գահ Վե­տաթ Աք­չա­յէօզ յայտ­նեց, որ Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն մօ­տա­կայ Ա­լէմ գիւ­ղի շրջա­կայ­քին յայտ­նա­բե­րուած են ժայ­ռա­պատ­կեր­ներ, ո­րոնց հաս­տատ­ման հա­մար դի­մած են՝ տեղ­ւոյն թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան։

«Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի այ­սօ­րուան հա­ղոր­դում­նե­րով, Աք­չա­յէօզ նշեց, որ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան սահ­մա­նի Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րէն 11 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուի Ա­լէմ գիւ­ղը, ուր յայտ­նա­բե­րուած տասն­չորս ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րուն վրայ փո­րե­լու թեք­նի­կով պատ­կե­րուած են որ­սի դրուագ­ներ, ուր կ՚ե­րե­ւին ձիու, շան, լեռ­նաայ­ծի, եղ­նի­կի եւ մար­դու կեր­պար­ներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015