ԿԻՐՔԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Յայտնի իրողութիւն մըն է, թէ՝ կիրքերը ազդեցութիւն կը գործեն մարդուս առողջութեան վրայ։ Երբ կ՚ընդունինք կիրքերու ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ, ապա ուրեմն ի՞նչ է «կիրք»ը։ Ամենապարզ բացատրութեամբ՝ կիրքը հոգիին զօրեղ շարժողութիւնն է։ Եւ երբ որեւէ տպաւորութիւն, մարդուս մէջ սաստիկ կերպով կ՚արթնցնէ համապատասխան զգացմունքներ՝ որոնք մտքի ընթացքը յանկարծակի կերպով կը փոխեն, այդ ժամանակ նկատելի կ՚ըլլայ՝ «հոգեկան յուզում», այսինքն՝ կի՛րք. (Կիրք=emotion, affect)։
Զգացում մը, եւ կամ զգայութիւն մը շատ զօրանալով մարդուս գիտակցութեան (=conscience) մէջ տիրապետելու կը սկսի միմիայն մի քանի գաղափարներու նեղ շրջան, իսկ միւսները բոլորովին կ՚անհետանան միտքէն՝ կ՚ըսուի, թէ՝ մարդ կիրքի ազդեցութեան տա՛կ է։
Զոր օրինակ, սաստիկ բարկացած մարդուն գլխուն մէջ կայ միայն մէկ բան, որ իր բարկութեան առարկային վնաս մը հասցնէ խօսքով կամ ֆիզիքական հարուածով։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝ աշխարհասէր եւ ինքնակեդրոն մարդիկ աւելի շատ կը տարուին իրենց կիրքերէն, ըսենք՝ գերին կը դառնան իրենց կիրքին իբր թէ անկախ, ազատ արդարասէրնե՜ր ըլլային։ Զիրենք կը վարէ իրենց կիրքը եւ ո՛չ թէ բանականութիւնը եւ միտքը՝ գիտակցութիւնը։
Ուրիշ օրինակ մը՝ վախցած մարդ մը կը կորսնցնէ իր մտածելու կարողութիւնը բոլորովին եւ «կը մտածէ» միայն մէկ բանի մասին, եթէ «մտածում» կարելի է կոչել այդ անգիտակից արարքը։ Ուրեմն տեսնենք կիրքերու տեսակները մարդկային կեանքի մէջ։
Կիրքերը ընդհանրապէս երկու ընդդիմադիր ձեւով կ՚արտայայտուին. կա՛մ հաճոյական՝ ուրախական, եւ կամ տհաճ՝ անբաւական զգացումներով, կա՛մ սաստիկ ձգտումով, զոր օրինակ՝ սէր, բաղձանք, եւայլն, կա՛մ սաստիկ տխրութիւնով եւ խորշումով, օրինակի համար՝ բարկութիւն, ատելութիւն, երկիւղ, եւայլն։ Այս ընդհանուր բաժանումը կարելի է մասնաւորել երկրորդապէս՝
1.- Ստորին՝ բնազդական, մեր սկզբնական կենդանական «Ես»ին վերաբերեալ կիրքերու.
ա.- ուրախութիւն, անձնասիրութիւն, մեր սեռի պաշտպանութեան վերաբերեալ կիրքեր,
բ.- բարկութիւն, ցասում, վախ, եւայլն։
2.- Բարձր՝ կամ մտաւոր զարգացումով յառաջացած մեր մարդկային «Ես»ին վերաբերեալ կիրքեր.
ա.- իտէալական սէրը, ընտանեկան կիրքերը, հայրենասիրութեան չափազանց ու ծայրայեղ կիրքերը,
բ.- բարկութիւն անիրաւութեան դէմ, ոխակալութիւն, վրէժխնդրութիւն անիրաւութեան դէմ, եւայլն։
Ուրիշ մէկ տեսակէտէն նայելով՝ կիրքերը կարելի է դասաւորել հետեւեալ կերպով։ Այս բաժանումը կը պատկանի Գանթ-ի, որ իր զանազան հոգեբանական գրուածքներուն մէջ արտայայտուած է։
Ա.- Կիրքեր՝ որ չափազանց կը գրգռեն ու կ՚արթնցնեն մարդկային կազմուածքի զօրութիւնները։
Բ.- Կիրքեր՝ որ ընդհակառակը այդ առաջին դասաւորման, ընկճող եւ թուլացնող ազդեցութիւն ունին։
Այս դասաւորման համաձայն՝
Ուրախութեան եւ ցնծութեան կիրքեր, ինքնահաւանութեան ու ինքնասիրութեան կիրքեր, հիացում, բարկութեան եւ քաջութեան կիրքեր, ոգեւորութիւն, նախանձ, խէթ, ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան կիրքեր կը պատկանին (Ա.) խումբին։
Իսկ յանկարծակի տխրութեան, տրտմութեան, դժգոհութեան կիրքեր, ամօթխածութիւն եւ չափազանց համեստութիւն, շուարում, փոքրոգութեան եւ երկչոտութեան կիրքեր, վախ ու սարսափ, յուսաբեկութեան, յուսալքութեան եւ ապաշաւութեան կիրքեր կը պատկանին (Բ.) խումբին այս դասաւորման մէջ։
Եւ այս բոլոր կիրքերը կարեւոր եւ զգալի ազդեցութիւն ունին մարդկային զանազան գործարաններու եւ ընդհանրապէս առողջութեան վրայ։
Կիրքերը, նախ եւ առաջ, սրտի ու երակներու՝ արեան շրջանի վրայ ազդեցութիւն կը գործեն։
Ժողովուրդի դարաւոր դիտողութեան հետեւանք՝ հաւաստումները եւ գիտնականներու մասնագիտական ուսումնասիրութեան արդիւնք՝ նկատած հաստատ դիպուածներ ցոյց կու տան, թէ ո՛րքան կ՚ազդեն կիրքերը մարդկային կազմութեան եւ առողջութեան վրայ։
Գիտնականներու կատարած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան այս իրողութիւնը եւ շատ աւելի դիւրըմբռնելի կ՚ընեն զայն։ Ուրեմն գիտական ցուցումներու լոյսին տակ տեսնենք, թէ զանազան կիրքեր ինչպէ՛ս կ՚ազդեն մարդկային ամբողջ կազմութեան վրայ։
Կեանքի մէջ ամենէն շատ պատահած կիրքերը՝ ուրախութեան եւ տրտմութեան կի՛րքն է անտարակոյս։ Մարդիկ ամէն օր կ՚ապրին ուրախութիւններ եւ տրտմութիւններ եւ անշուշտ անոնք կ՚ազդեն անոնց բնախօսական կազմութեան վրայ, ինչպէս նաեւ հոգեվիճակներու վրայ, տրամադրութեան փոփոխութիւններ ստեղծելով։
Ժողովուրդի մէջ սովորական ոճ է՝ «Ուրախութենէս սիրտս կը թռթռայ»։ Սրտի շարժումը նմանցուած է՝ բռնուած թռչնիկի շարժումներուն։ Նոյնպէս յաճախ լսուած է. «վախէս սիրտս թռաւ», այսինքն՝ սրտի յանկարծակի մէկ մեծ զարկը եւ յետոյ սովորականէն աւելի կանգ առնելը։
«Բաղձանքներէս սիրտս դողդողալ սկսաւ»՝ շատ լսուած խօսք մըն է, ինչպէս՝ «տխրութենէս սիրտս ճմլուած է», եւ շատ մը այսպիսի մօտաւորապէս դիւրըմբռնելի բնախօսական նկատողութիւններ ցոյց կու տան կիրքերու ազդեցութիւնը մարդկային ներքին կազմութեան վրայ։ Այս ազդեցութիւնները կը հասնին նոյնիսկ ուղեղը եւ ամբողջ կազմուածքը վտանգի ենթարկելու աստիճանին՝ որոնց համար ժողովուրդի գիտակցական իմացականութեան մէջ բաւական ապացոյցներ կարելի է գտնել։
Զոր օրինակ՝ ի՛նչ կը նշանակէ ժողովրդական սա խօսքը՝ մէկու մը կամ միւսի մը ուրախութեան աստիճանը նկարագրելու համար. «Քիչ մնաց որ ան ուրախութենէն պիտի խենթենար»։ Միթէ այս խօսքը լիակատար ապացոյց չէ՞ այն իրողութեան թէ՝ ժողովուրդի մէջ հինէն ի վեր կան դէպքեր պատահած երբ չափազանց ուրախութենէ մարդ կը խելագարի…։
Կեանքի փորձառութեամբ տեսնուած է, որ երկար տարիներ վերջ երբ յանկարծ վերադառնայ ընտանիքի անդամներէն մին՝ այդ անսպասելի ուրախութիւնը յանկարծակի մահուան իսկ պատճառ կ՚ըլլայ ընտանիքի միւս անդամներէն մէկուն։ Ուստի անսպասելի եւ մեծ ուրախութիւններ զգուշութեամբ պէտք է դիմաւորուի՝ որոնք յանկարծակի մահուան պատճառ կրնան դառնալ։ Եւ այս իսկ պատճառաւ մահուան բօթն ալ պէտք է մեծ զգուշութեամբ հաղորդել, քանի որ յայտնի են դէպքեր նոյնիսկ մեր իւաքանչիւրին կեանքին մէջ, երբ անսպասելի մահուան բօթ մը, մերձաւորներէն երկար ժամանակ թաքցուած է՝ որպէսզի անոնք սակաւ առ սակաւ նախապատրաստուին եւ փոքր առ փոքր ինքն իրենց հասկնան իրողութիւնը։
Արդարեւ գիտութիւնն ալ ժողովրդական նման փորձառութիւնները եւ ապրումները բոլորովին չ՚անտեսեր, մանաւանդ որ անոնք դարերու ընթացքին ընդհանրացած են ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Գիտութիւնը հոգեճանաչութեան մէջ կը հաստատէ զանոնք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 1, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024