ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼ՝ TIME-Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆՁԸ
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ 2015 թուականի տարուան անձը հռչակուեցաւ TIME ամերիկեան նշանաւոր հանդէսի խմբագրութեան կողմէ։ Արդէն թեկնածուներու բաւական կարճ ցուցակ մը կազմուած էր այս տարուան համար եւ արդիւնքին 61-ամեայ Անկելա Մերքէլ նուաճեց այդ կոչումը։
Վերջին քսանինն տարիներու ընթացքին TIME պարբերականը առաջին անգամ տարուան անձ կը հռչակէ իգական սեռէ գործիչ մը։ Իսկ 1927 թուականէն ի վեր այդ կոչումը նուաճած միայն չորրորդ կինը կը հանդիսանայ Անկելա Մերքէլ։
Պարբերաթերթը այս առթիւ ընդգծեց, թէ Անկելա Մերքէլ ազատ աշխարհի շանսէօլիէն է ու Եւրոմիութեան գործնական ղեկավարը։ Այս առթիւ յիշեցուեցաւ, որ ան Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ մեծցած է որպէս քահանայի մը դուստրը։ Եւրոպայէ ներս յառաջացած պարտքերու ճգնաժամին, գաղթականներու հիմնախնդրին եւ Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնոյ դէմ կատարուած միջամտութիւններուն նման խնդիրներուն շուրջ Անկելա Մերքէլի կողմէ ցուցաբերուած ղեկավարութիւնը համարուած է դրուատիքի արժանի։
Անկելա Մերքէլի բանբերը՝ Շեֆան Շէյպերթ տեղեկացուց, թէ վարչապետը այդ կոչման վերահասու դարձած է գոհունակութեամբ։