ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ

Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նին։ Օ­րուան ըն­թաց­քին ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու դես­պան Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու եւ ՄԻԹ-ի խորհր­դա­կան Հա­քան Ֆի­տան։ Պար­զա­նիի շփում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան շատ նուրբ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, ո­րով­հե­տեւ Մու­սու­լի մօտ Թուր­քիա վեր­ջին շրջա­նին զօրք կու­տա­կած է՝ տեղ­ւոյն փեշ­մեր­կէ­նե­րը մար­զե­լու նպա­տա­կով, սա­կայն այս հանգ­րուա­նին մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ կը դի­մագ­րա­ւէ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­ներ։ Ար­դա­րեւ, Պաղ­տա­տի կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վե­րա­պահ է այս ուղ­ղու­թեամբ, իսկ Ռու­սաս­տան հար­ցը ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի օ­րա­կար­գին վրայ բե­րած է՝ Թուր­քիոյ հետ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Պար­զա­նիի ե­րէ­կուան շփում­նե­րուն ըն­դա­ռաջ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ազ­դու ռմբա­կո­ծում­ներ կա­տա­րե­ցին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Իսկ Ան­գա­րա­յի մէջ Պար­զա­նի յստա­կօ­րէն յայ­տա­րա­րեց, թէ ի­րենք չեն փա­փա­քիր հա­րե­ւան դառ­նալ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման հետ։ Ան­գա­րա եւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կայ բարդ հանգ­րուա­նին հա­սա­րա­կաց դիր­քո­րո­շու­մով մը հան­դէս կու գան ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Մինչ այդ, Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու եւ Հա­քան Ֆի­տան այ­սօր կ՚այ­ցե­լեն Պաղ­տատ՝ Ի­րա­քի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ քննար­կե­լու հա­մար վեր­ջին օ­րե­րուն յա­ռա­ջա­ցած խնդիր­նե­րը։ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ թուրք զի­նուո­րա­կան­նե­րու Հիւ­սի­սա­յին Ի­րաք մուտ­քը յար­ձա­կում մը չէ։

Վեր­ջին օ­րե­րուն Ի­րա­քի վրայ կեդ­րո­նա­նա­­լով հան­դերձ Թուր­քիա բնա­կա­նա­բար ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի նաեւ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ան­գա­րա-Մոս­կուա առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ թրքա­կան կող­մը այս ուղ­ղու­թեան վրայ կը գոր­ծէ ա­մե­նայն հե­ռա­տե­սու­թեամբ։ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, թէ Ռու­սաս­տան ազ­գա­յին զտում­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Սու­րիոյ մէջ։ Իսկ Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ա­մե­րի­կեան կող­մը չի պաշտ­պա­ներ Սու­րիոյ մէջ անվ­տան­գու­թեան գօ­տի­ներ ստեղ­ծե­լու մօ­տե­ցու­մը, ինչ որ կ՚ա­ռա­ջար­կուի Թուր­քիոյ կող­մէ։

Մի­ջազ­գա­յին յա­ռա­ջա­տար դե­րա­կա­տար­նե­րը ներ­կա­յիս ա­նընդ­հատ շփման մէջ են ի­րա­րու հետ՝ հրա­տապ ի­րադ­րու­թեան վե­րահսկ­ման ո­րո­նում­նե­րով։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րը­նի հետ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­նա­լով քննար­կեց Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի անվ­տան­գու­թիւ­նը։ Ըստ Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րուն, ա­նոնք կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կած են նախ եւ ա­ռաջ Սու­րիոյ մէջ ի­րադ­րու­թեան կար­գա­ւոր­ման ջան­քե­րու հա­մա­տես­քով։ Իր կար­գին, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով յայտ­նեց, թէ ե­թէ խնդրանք մը ըլ­լայ, ա­պա Սու­րիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը հա­մա­ձայ­նի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան հետ գոր­ծակ­ցու­թեան։

Յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի պի­տի այ­ցե­լէ Մոս­կուա՝ տե­սակ­ցե­լու հա­մար Փու­թի­նի հետ։ Այս այ­ցը կը զու­գա­դի­պի այն շրջա­նին, երբ Ռու­սաս­տան եւ ԱՄՆ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձեւ մը կը պատ­րաս­տեն՝ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015