ԱՐԱԳ ԽՈՀԵՐ
Մուսաներս մանուկի նման կ՚ողբան, չուզելով յանձնուիլ աշխարհի անարդարութեան...:
Երկինք նայեցայ՝ կապոյտ ու ճերմակ էր.
պատուհանէս դիտեցի՝ գոյնզգոյն աշուն.
հայելիին նայելով, տեսայ սուտ բայց քաջ ժպիտ մը գծագրուած.
մէյ մըն ալ ներաշխարհս շօշափեցի՝ հազարագոյն կայծակներով լեցուն, բայց գերիշխողը
անարդարութեան գոյնն էր.
ո՞վ ըսած է որ յոյսը աղքատին հացն է. յոյսը գիտակցութեան ոսկեգոյն զարդն է:
Անչափ կարօտս գրկած, ողջագուրած՝ ելայ ճամբայ.
ականջիս մէջ տուն շինած էր «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ» երաժշտութիւնը.
ամէն յոգնելուս, ամէն մէկ գլուխս քարին դնելուս, ոսկեգոյն յոյսս դրդեց զիս.
Ոտքի կա՛ց, այս մարդ կերտելու դժուարակիր ճանապարհն է, ի վերջոյ պիտի հմտանաս:
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՏԻԿԻՆ ՄԱՐԻ
«Մեղք է Տիկին Մարին, խեղճ կինը առանձնութենէն ցնդած է»՝ արտայայտուեցան երկու տիկիններ:
Տիկին Մարին համեստ ու պարզ տիկին մըն է, շատերու համար՝ միամիտ, ամէն Կիրակի առաւօտ եկեղեցի կ՚երթայ, կը նստի աջ կողմի երկրորդ շարքը. միշտ ալ քարոզը ուշի ուշով մտիկ կ՚ընէ, բայց կէսէն աւելին չի հասկնար, քահանային գործածած երկար ու բարդ նախադասութիւներուն պատճառով:
Այս Կիրակի Տիկին Մարին երբ դուրս կ՚ելլէր եկեղեցիէն, ձախ կողմը նստող տիկին մը գլուխը առած ձեռքերուն մէջ, հեկեկալով կու լար: Տիկին Մարին անզգալաբար մօտեցաւ տիկնոջ, փաթթեց զինք ու ականջին փսփսալով ըսաւ. «Հոգ մի՛ ըներ, ամէն ինչ կ՚անցնի, Տէրը քո հետ է»:
Տիկինը թաց աչքերով նայեցաւ Տիկին Մարիին, երկար շունչ մը քաշեց, կարծես Քրիստոսի մխիթարութիւնն էր վրան իջած:
Տիկին Մարին նախակրթարան չէր աւարտած, գիրքեր ալ չէր կարդացած, բայց ամենայն ազնուութեամբ գիտէր մարդոց ցաւերը ամոքել, ինք գիտէր գաղտնիքը սիրելու:
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Տեն-Հաակ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024