Ամիրտովլաթ Ամասիացի (1420-1496). Հայկական Բժշկագիտութեան Ճառագայթող Դէմքը
Հայ ժողովուրդի անմահանուն արժէքներու պանթէոնին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի բնագէտ ու բժիշկ, մատենագիր եւ բառարանագիր Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որուն վախճանման 519-րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք 8 Դեկտեմբերին։
Յատկապէս բժշկագիտութեան մէջ իր ժամանակի մեծանուն հեղինակութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ 1420-ականներուն Ամասիա ծնած Ամիրտովլաթ Ամասիացի, որ ոչ միայն իր անունով, այլեւ գիտական վաստակով կը նկատուի ամենէն ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը միջնադարեան՝ Արաբական տիրապետութեան դարաշրջանին։
Իբրեւ այդպիսին, Ամիրտովլաթ Ամասիացի հռչակաւոր ներկայացուցիչներէն է հայ բժշկագիտական մտքի ճառագայթող լոյսին։ Ամասիացի ինքնավստահ ու համարձակ նետուեցաւ իր դարու տիրական մշակոյթներու անդաստանին մէջ, քայլ պահեց թէ՛ բիւզանդական, թէ՛ արաբական ու թէ՛ պարսկական քաղաքակրթութեանց ատենի նորարար որոնումներուն հետ, տարբեր ածուներէ քաղեց ընտիրն ու մնայունը եւ ստեղծեց հայոց փոքր ածուին արժանաւորութիւնը հաստատագրող բարձրորակ աշխատութիւններ։
Միջնադարեան քաղաքակրթական խաւարը յաղթահարելու ընդհանուր զարթօնքին մէջ, Ամիրտովլաթ Ամասիացի ինքնուրոյն վկաներէն մէկը եղաւ հայ ժողովուրդի ունեցած մեծ ներդրումին։
Հանրագիտական տեղեկութիւնները ժլատ են Ամասիացիի կենսագրութեան մասին։ Ան շրջած է Արեւելքի տարբեր երկիրներն ու մշակութային կեդրոնները, ծանօթացած ու հմտացած է իր ժամանակի գիտական-մտաւորական յառաջապահ շարժումներուն հետ եւ տարիներու վրայ երկարած իր ուսումնասիրութեանց ու յայտնագործումներուն արգասիքը գրի առած ու հետագայ սերունդներուն ժառանգ կտակած է։
Ամիրտովլաթ Ամասիացի բժշկութիւնը սորված է Միջագետքի մէջ։ Տիրապետած է յունարէնի, լատիներէնի, պարսկերէնի, թրքերէնի եւ արաբերէնի։ Յատուկ կեդրոնացումով ուսումնասիրած է հին եւ միջնադարեան բժշկութիւնը, որուն զարգացման նուիրեց գիտական իր պատրաստութիւնն ու տաղանդը։
Իր կեանքին մեծագոյն մասը Ամիրտովլաթ Ամասիացի անցուց Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր եւ գրեց իր կարեւորագոյն աշխատութիւնները։
Մասնագէտներու վկայութեամբ՝ Ամիրտովլաթ Ամասիացի հայ բժշկական գրականութիւնը հարստացուց արժէքաւոր երկերով, որոնք կ՚ընդգրկեն միջնադարեան բժշկագիտութեան եւ դեղագիտութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերը։
Իրմէ հասած առաջին աշխատութիւնը՝ «Ուսումն բժշկութեան», նուիրուած է մարդու մարմնաբանութեան, առողջապահութեան, ախտաբանութեան եւ դեղագիտութեան հարցերուն։ Գիրքը ունի երկու մաս. առաջինը՝ մարդակազմութիւն, երկրորդը՝ ախտաբանութիւն, ուր մանրամասն նկարագրուած են հիւանդութիւններու պատճառագիտութիւնը, դարմանման կարիքը շեշտող ախտանիշները, հիւանդի բուժումը եւ խնամքը։
Հոգեբուժութեան բնագաւառէն ներս մնայուն արժէք կը ներկայացնեն Ամիրտովլաթ Ամասիացիի մշակած տեղեկութիւններն ու տեսութիւնները մոլութեան, ցնորամտութեան, մելամաղձութեան, ընկճուածութեան եւ անքնութեան պէս ախտանիշներու եւ հիւանդութեանց վերաբերեալ։
Կանացի հիւանդութիւնները եւս արժանացած են Ամասիացիի ուշադրութեան։ Մանրամասն նկարագրած եւ քննած է դաշտանի շրջանառութեան խանգարումները եւ սեռական օրկաններու խոցերն ու ուռուցքները, չծննդաբերելու կամ ամլութեան պատճառները, մանկաբարձութեան ասպարէզէն ներս՝ արգանդի կառուցուածքը, դերն ու գործունէութիւնը յղութեան եւ ծննդաբերութեան ընթացքին։
Իսկ աչքի հիւանդութիւններուն Ամիրտովլաթ Ամասիացի նուիրած է 20 գլուխ, քիթ-կոկորդ-ականջաբանութեան՝ 15 գլուխ։ Մանրամասն նկարագրած է ականջաբորբերը, քիթի փոլիփները եւ անկինաները։
Ամասիացիի միւս կարեւոր գործը՝ «Ախտապատին» աշխատութիւնը բաղկացած է երկու մասերէ. դեղագործութիւն եւ դեղագիտութիւն։ Առաջին մասին մէջ զետեղուած են դեղատոմսեր. մանրամասն նկարագրուած են դեղանիւթերը, անոնց բաղադրութիւնը, օգտագործման քանակը եւ պահպանման միջոցները։ Երկրորդ մասով տրուած են դեղերու անունները, անոնց ազդեցութիւնը մարմիններու վրայ եւ ցուցմունքներ՝ անոնց օգտագործման մասին։
Ամիրտովլաթ Ամասիացիին ծանօթ եղած են բուսական, կենդանական եւ հանքային ծագում ունեցող դեղերը, ինչպէս նաեւ անոնց բաղադրիչ նիւթերը։ Ան օգտագործուող բուսանիւթերը բաժնած է ընտանի եւ վայրի տեսակներու՝ յաճախ նախապատուութիւն տալով վերջինին։
Իբրեւ օգտաւէտ դեղամիջոց առաջարկած է գործածել կենդանիներու օրկանները։ Ամիրտովլաթ Ամասիացին թողած է աւելի քան 100 դեղատոմս՝ գրուած պարզ լեզուով, զերծ ծածկագրերէ եւ յստակօրէն նշելով դեղատոմսերու մէջ ընդգրկուած դեղերու բաղադրիչ նիւթերուն կշռային յարաբերութիւնները։
Մարդկային մարմնաբանութեան եւ բնակազմութեան գիտական ուսումնասիրութեան նուիրուած է Ա. Ամասիացիի մեծահռչակ «Օգուտ բժշկութեան» աշխատութիւնը։ Բժշկագիտական այս կարեւոր երկին հիմքը կը հանդիսանայ մարդկային օրկանիզմի ամբողջականութեան գաղափարը, որուն համաձայն՝ մարդու մարմնի բոլոր օրկաններն ու հիւսուածքները, անոնց ձեւը, կառուցուածքը եւ միւս առանձնայատկութիւնները կը նպաստեն ամբողջ օրկանիզմի բնականոն գործունէութեան։ Ա. Ամասիացի նկարագրած է սրտի, թոքերու, երիկամներու, լեարդի, փայծաղի, ստամոքսի, աղիքներու, միզասեռական օրկաններու ձեւը, կառուցուածքը, դասաւորումը, դերն ու նշանակութիւնը։ Ան նաեւ նկարագրած է աչքի թաղանթներու կառուցուածքն ու դերը, տեսողական ջիղի ուղին։ Իսկ ախտանշանակութեան, մասնաւոր ախտաբանութեան եւ ախտադարմանման ասպարէզին վերաբերեալ Ամասիացի շեշտած է կարեւորութիւնը սրտի զարկերակի ռիթմին եւ յաճախականութեան, մէզի բաղադրութեան փոփոխութիւններուն ցուցանիշ տուեալներու ուսումնասիրման՝ տարբեր հիւանդութիւններու ժամանակ։
Ամիրտովլաթ Ամասիացի գիտական ուսումնասիրութեան նիւթ դարձուցած է նաեւ աստղաբաշխութեան առնչուած հարցերը։
Հայ մեծ գիտնականը ապրեցաւ շուրջ 76 տարի եւ վախճանեցաւ 8 Դեկտեմբեր 1496-ին, Պուրսա։
Իրեն կը պատկանի աւելի քան 519 տարիներ առաջ յայտնագործուած բժշկագիտական այն ախտորոշումը, թէ «Վախը, տրտմութիւնը եւ բարկութիւնը մահաբեր հիւանդութեանց պատճառ են»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ