ԱՄԱՆՈՐԻ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Կաթողիկէ աշխարհի գլխաւոր տօներէն մէկուն՝ Սուրբ Ծննդեան նախորդող օրեր են: Եւրոպայի մէջ, ուր աւանդաբար շուքով եւ մեծ ցնծութիւններով կը նշուի Սուրբ Ծնունդը, մարդոց տրամադրութիւնները այս օրերուս քիչ մը անկումային են: Փարիզի մէջ տեղի ունեցած խոշոր ահաբեկչութիւնը եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ տեղ առ տեղ պատահած դէպքերը լարումի, վախի եւ յուսահատութեան տրամադրութիւններ ստեղծած են մարդոց մօտ: Մարդիկ առհասարակ կը խուսափին հասարակական վայրերու մէջ իրականացուող տօնական ձեռնարկներէ, կը վարանին լիարժէք զգալու տօնը: Մանաւանդ այդ տրամադրութիւնները աւելի սրուած են, երբ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը յայտարարած է, թէ այս տարի Սուրբ Ծնունդը նոյնքան անկեղծ պիտի չըլլայ, ինչպէս՝ նախորդ տարիներուն, քանի որ աշխարհը իրարանցումի մէջ է:
Ամէն պարագայի, Սուրբ Ծնունդն ու Ամանորը սպասուած տօներ են եւ առաւել եւս մաքրուելու, բարութեան եւ խնդութեան սահմանին մօտենալու առիթներ են, որոնք ամէն մարդ կը ջանայ ի նպաստ իր ու շրջապատի բարեկեցութեան մաղթանքներով դիմաւորել զանոնք, եւ ինչքան ալ խառն ըլլայ աշխարհի վիճակը, հին տարին ճամբելու եւ նորը ուրախութեամբ եւ միասնութեամբ դիմաւորելու աւանդոյթը միշտ կը մնայ:
Եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ աստիճանաբար, թէեւ քիչ մը վարանումով, սկսած են վառուիլ Սուրբ Ծննդեան ծառերուն լոյսերը:
Նոյն եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ դարաւոր աւանդոյթ մը կայ: Արդէն երեք հարիւր տարի ամրագրուած է Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօնավաճառի գեղեցիկ աւանդոյթը, երբ տօներէն առաջ շուկաներ կը ձեւաւորուին քաղաքներուն մէջ եւ մարդիկ կը փութան իրենց տօնական առեւտուրը կատարել, կամ պարզապէս վայելել գոյներու եւ լոյսերու առատութեամբ փայլող այդ շուկաները:
Եւրոպական Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառներու մշակոյթը ներկայացնող www.xmas-markets.org կայքը Երեւանը այս տարի ընդգրկած է եւրոպական այն քսաներեք մայրաքաղաքներու մէջ, ուր Սուրբ Ծննդեան տօնի եւ Նոր տարուան առթիւ տեղի կ՚ունենան եւրոպական չափանիշներով տօնավաճառներ:
Եւրոպական տօնական մշակոյթի մէջ հարիւրաւոր տարիներ ամրագրուած Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառի գաղափարը չորս տարի առաջ Հայաստան բերած են սփիւռքահայ Փիէռ եւ Տիրան Պաղտատեան եղբայրները: 2012 թուականէն սկսեալամէն տարի Հիւսիսային պողոտային մէջ կազմակերպուող տօնավաճառը աշխուժութիւն կը ներմուծէ մայրաքաղաքի տօնական կեանքէն ներս:
Սովորաբար տօնավաճառը կը բացուի 5 Դեկտեմբերին եւ կը շարունակուի մինչեւ 6 Յունուար՝ ամէն օր նոր անակնկալ մատուցելով Հիւսիսային պողոտայի այցելուներուն:
Այս տարի նոյնպէս հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ տօնավաճառը, որու բացումը կատարեց «Եւրոտեսիլ» մանկական երգի մրցոյթի ժամանակ Հայաստանին երկրորդ հորիզոնականը ապահոված պատանի երգիչ Միքան, ներկայ էին հիւրեր, երիտասարդներ, զբօսաշրջիկներ:
Նախաձեռնութեան հեղինակներէն Փիէռ Պաղտատեան, երբ առաջին անգամ Կաղանդին Հայաստան եկած է, շատ միապաղաղ եւ տխուր զգացած է երկրի տօնական միջավայրը: Պաղտատեանները որոշած են տօնավաճառի գաղափարը իրականացնել եւ առաջին անգամ փորձած են Աշտարակ քաղաքին մէջ, ուր հաս-տատուած է անոնց բազմանդամ ընտանիքը: Այնուհետեւ դիմած են Երեւանի քաղաքապետարան, որ նախատօնական եւ տօնական օրերուն Հիւսիսային պողոտային վրայ արտօնած է նման գաղափարի իրականացումը: Արդէն երրորդ տարին է, որ Հիւիսային պողոտան անոնց տրամադրութեան տակ է: Այստեղ կը համախմբուին տեղական ճանչցուած ընկերութիւններ, տօնական ձեւաւորում կու տան իրենց արտադրանքին եւ յարմար գիներով կ՚առաջարկեն սպառողին: Այս մէկ ամսուան ընթացքին Հիւսիսային պողոտային վրայ զետեղուած փայտեայ տնակ-տաղաւաներէն ներս տօնական մթնոլորտ կը տիրէ, հակառակ դուրսի պաղին:
ԺԱՄԱՆԱԿ այցելեց Հիւսիսային պողոտայի Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօնավաճառ եւ հարցազրոյց ունեցաւ նախաձեռնութեան հեղինակներէն Փիէռ Պաղտատեանին հետ:
-Փիէռ, ինչո՞վ կը տարբերի այս տար-ւան տօնավաճառը՝ նախորդ տարիներու տօնավաճառներէն:
-Նախ այս տարի, հակառակ փողոցը ընթացող բողոքի հաւաքներուն, քաղաքական երթերուն, մենք բացինք տօնավաճառը եւ աւելին՝ նախորդ տարիներու համեմատ ա՛լ աւելի մեծցուցինք: Շատցած են տաղաւարներուն քանակը, մօտ տասը տաղաւար աւելի է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ նոր ընկերութիւններ միացած են մեզի եւ իրենց տօնական արտադրանքը կ՚առաջարկեն մեր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ՝ զբօսաշրջիկներուն: Հակառակ ձմրան ամիսներուն Երեւանի մէջ տիրող պաղին, այնուամենայնիւ, կան ձմեռնային զբօսաշրջութեան սիրահարներ, որոնք կ՚այցելեն եւ այս օրերուն մասնակից կ՚ըլլան մեր ձեռնարկներուն: Նոր ապրանքներ կը ցուցադրուին ամէն տարի՝ ուտելիքներ, յուշանուէրներ, տօնական սեղանի զարդարանքներ, տունի ապրանքներ, քաղցրեղէն, չիրեր, մեղր, խմորեղէն, ձեռագործ իրեր:
Ամէն երեկոյ Հիւսիսային պողոտայի երկայնքով դրուած շարժական բեմին վրայ համերգային ծրագիր կ՚ընթանայ, իսկ մօտեցող տօնական օրերուն ա՛լ աւելի աշխոյժ պիտի ըլլան երգն ու երաժշտութիւնը:
Տօնավաճառը քանի մը օր է, որ կը գործէ, տակաւին մարդոց հոսքը սպասուածին չափ չէ, քանի որ Հայաստանի մէջ սովորութիւն կայ Կաղանդին պատրաստուիլ տօնէն մէկ շաբաթ առաջ, եւ աշխուժութիւնը փողոցներուն, շուկաներուն մէջ այդ օրերուն առաւել շատ կ՚ըլլայ:
Մենք կը սպասենք, որ մեր համաքաղաքացիները հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն այս նախաձեռնութեան հանդէպ, ի վերջոյ արդէն քանի տարիէ ի վեր՝ մենք իրենց համար կը պատրաստենք, կ՚ուզենք գոյներ աւելնան մեր քաղաքի մէջ, մարդոց դէմքին ուրախութիւն եւ ժպիտ յայտնուի, տօնը լիարժէք դառնայ, մարդիկ քիչ մը մոռնան իրենց առօրեայ հոգերը եւ լաւ ու գեղեցիկ օրերու սպասումով լեցուին:
-Իսկ քաղաքային իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կը վերաբերին Ձեր նախաձեռնութեան:
-Բնականաբար՝ միայն դրական: Այն, որ առանց նախապայմանի համաձայնած են մեր գաղափարը իրականացնելուն, արդէն մեծ բան մըն է մեզի համար: Մենք քաղաքին համար է, որ կ՚ընենք, Երեւանը աւելի լաւը դարձնելու, նմանցնելու եւրոպական մայրաքաղաքներուն: Այս տարի մեր տօնավաճառի մասին գրեց եւրոպական Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառներու մասնագիտական կայքը, Երեւանը նկատեց այս մշակոյթը կրող մայրաքաղաք: Քաղաքային իշխանութիւններն ալ հնարաւորինս կ՚աջակցին: Այս մէկը մասնաւոր ձեռներէցի եւ քաղաքային իշխանութեան համագործակցութեան օրինակ է, որ դրական արդիւնք տուած է:
-Դուք Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն ներդրումներ կատարած սփիւռքահայերէն մին էք: Ինչպէ՞ս կը տեսնեք եւ կը գնահատէք ներդրումային միջավայրը: Սովորաբար սփիւռքահայերը կը խուսափին ներդրումներ կատարելէ, ինչ-ինչ պատճառներով:
-Մենք, արդէն երկար տարիներէ ի վեր, այս դաշտին մէջ ենք, կը տեսնենք թէ՛ դժուարութիւնները, թէ՛ առաւելութիւնները, բայց մեր գործունէութիւնը յառաջ տանելու ժամանակ կը վստահինք միայն առաւելութիւններուն, որովհետեւ գիտենք, որ դժուարութիւններ ամէն երկրի մէջ ալ կան, եւ Հայաստանն ալ, իբրեւ երկիր, բացառութիւն չէ: Ես բոլոր ներդրողներուն խորհուրդ կու տամ ներդրումներ կատարելէ առաջ ուսումնասիրել, սերտել, ապա ձեռնարկել նոր քայլի մը: Երբեք պէտք չէ ըսել՝ շուկան պզտիկ է, բնակչութեան թիւը քիչ է եւայլն: Հետեւողական ըլլալու պարագային անպայման կը յաջողին: Ես ամէն վայրկեան կրնամ երթալ եւ դուրսը աշխատիլ, դուրսէն եկած եմ, եւրոպական ամենէն լաւ մայրաքաղաքներու մէջ աշխատած եմ, բայց նախընտրած եմ Հայաստանի մէջ հաստատուիլ եւ հոս հիմնել իմ գործս: Իմ բոլոր ընկերներուս միշտ նոյն խորհուրդը կու տամ:
-Այս տօնավաճառին կը մասնակցի նաեւ Ձեր հիմնած ընկերութիւնը, ի՞նչ կը ներկայացնէք:
-Մենք Աշտարակի մէջ հիմնած ենք «Փասքալ եւ Տիոտաթօ 1652 թ.» անուանումով սրճարանը, որ եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ հայերու հիմնած առաջին սրճարանի նախատիպն է, նոյն անուանումով: Սրճարանը տաղաւար ունի այս տօնավաճառին մէջ, որ ուտեստներ կ՚առաջարկէ, մերձարեւադարձային, հայկական, եւրոպական, որ կը պատրաստուին տեղւոյն վրայ, եւ այցելուները հնարաւորութիւն ունին տաք-տաք ճաշակելու, ինչպէս նաեւ մեր միւս ընկերութիւնը՝ «Կուրմէ-տուրմէ» յուշանուէրային տուրմի խանութը նոյնպէս իր արտադրանքը ներկայացուցած է Հիւսիսային պողոտայի այս տաղաւարներու կարգին:
-Հայաստանը նշանաւոր է իր տուրմով, ինչպէ՞ս Ձեզի յաջողած է անուն ձեռք բերել արդէն գոյութիւն ունեցող աւանդական շուկայի մէջ եւ դառնալ նշանաւոր:
-Ինչպէս գիտէք, մեր տուրմը յուշանուէրային է, այդ առումով մենք մրցակից չունինք: Մենք զանգուածային արտադրութեան շուկային մէջ չենք, այլ միայն տօնական եւ յուշանուէրային տուրմ կ՚արտադրենք: Միւս կողմէ ալ նորութիւն է մեր գործը այն առումով, որ մենք եւրոպական տուրմ կը ներմուծենք, իսկ Հայաստանի մէջ չկար ատիկա: Միշտ կու գայինք-կ՚երթայինք, կը տեսնէինք, որ եւրոպական տուրմ չկայ Հայաստանի մէջ, որոշեցինք այդ մէկն ալ մենք ընել: Գործարանը կը գործէ Աշտարակի մէջ, խանութը՝ Երեւանի մէջ, ներկայացուած ենք նաեւ օդակայանը, առեւտուրի կեդրոնները, միշտ ցուցահանդէսներու կը մասնակցինք: Հայկական ծրարաւորում ունի մեր պատրաստած տուրմը, կը կարծեմ, որ իւրայատուկ է: Ատկէ զատ, աշխատատեղիներով ապահոված ենք շուրջ երկու տասնեակ ընտանիքներ: Այդ մէկն ալ մեր մասնակցութիւնն է Հայաստանի տնտեսական զարգացման: Մենք եղբայրներով որոշեցինք ապրիլ Հայաստան, մեր զաւակները թող մեծնան հոս, մնան հայ, ապրին հայեցի ու լիարժէք հայ զգան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024