ՆՈՐ ԱՒԱԳ ՄԱՐԶԻՉ

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի նոր ա­ւագ մար­զիչ նշա­նա­կուե­ցաւ Վա­րու­ժան Սու­քիա­սեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեան եւ Վա­րու­ժան Սու­քիա­սեան ե­րէկ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­պա­տաս­խան պայ­մա­նա­գի­րը։ Ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան վար­չա­թեք­նիկ կեդ­րո­նի՝ Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միոյ հա­մա­լի­րէն ներս։ Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծա­դիր կո­մի­տէի ո­րոշ­ման հի­ման վրայ պաշ­տօ­նի կո­չուե­ցաւ Վա­րու­ժան Սու­քիա­սեան, որ «Ա­րա­րատ» ա­կում­բին ա­ւագ մար­զի­չի պաշ­տօ­նը կը վա­րէր վեր­ջին տա­րի­նե­րուն։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ան ներ­կա­յիս պի­տի հա­մա­տե­ղէ այդ եր­կու պաշ­տօն­նե­րը։

Հարկ է նշել, որ 2000-2001 թուա­կան­նե­րուն ալ Վա­րու­ժան Սու­քիա­սեան ե­ղած էր հայ­կա­կան ընտ­րա­նիին ա­ւագ մար­զի­չը։ Իր մա­կա­նին ներ­քեւ ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը ու­նե­ցած էր տաս­նեօթ հան­դի­պում՝ ար­դիւն­քին հաս­նե­լով միայն ե­րեք յաղ­թա­նա­կի, կրե­լով եօթ պար­տու­թիւն եւ ու­նե­նա­լով եօթ հա­ւա­սա­րու­թիւն։

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ու­նե­ցաւ ի­րե­րա­յա­ջորդ ձա­խո­ղում­ներ եւ ապ­րե­ցաւ վե­րի­վայ­րում­ներ։ Ֆութ­պո­լա­սէր­նե­րը նոյ­նիսկ բո­ղո­քի ցոյ­ցեր ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ՝ պա­հան­ջե­լով Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը։ Վեր­ջին քա­նի մը մրցում­նե­րուն հա­ւա­քա­կա­նը հան­դէս ե­կած էր Սար­գիս Յով­սէ­փեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ, որ ե­րէց մար­զիկ մըն էր։ Մար­զա­սէր­նե­րը պա­հան­ջած էին ու­նե­նալ նոր մար­զիչ մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015