ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՆԵՑՈՒԿԸ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թեան հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից կա­ռու­ցուած եւ շա­բա­թա­վեր­ջին բա­ցու­մը կա­տա­րուած «Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի» նոր սրա­հը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան մօտ։ Այս սրա­հը կա­ռու­ցուած է Ֆա­թի­հի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ մա­տա­կա­րար մար­մի­նը այս ըն­թաց­քին սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցած է քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի խորհր­դա­կան­նե­րէն Պօ­ղոս Թա­նա­ճըօղ­լուի հետ, որ մեծ ե­ռանդ ցու­ցա­բե­րած է այս ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար։ Լու­սան­կա­րին մէջ սրա­հի բաց­ման օ­րը կ՚ե­րե­ւին Պօ­ղոս Թա­նա­ճըօղ­լու եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի իր գոր­ծա­կից­նե­րը, ո­րոնք մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին սրա­հի շի­նա­րա­րու­թեան։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015