«ՈՒՐԲԱԹ, ՇԱԲԱԹ, ԿԻՐԱԿԻ»

Իս­թան­պու­լի մօտ Յու­նաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տո­սու­թեան հո­վա­նիին ներ­քեւ որ­պէս մշա­կոյ­թի կեդ­րոն գոր­ծող՝ Իս­թիք­լալ պո­ղո­տա­յի «Շիշ­մա­նօղ­լու» ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցուե­ցաւ շա­հե­կան ցու­ցա­հան­դէս մը, որ խո­րագ­րուած է «Ուր­բաթ, Շա­բաթ, Կի­րա­կի»։ Լու­սան­կար­չա­կան այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, իս­կա­պէս, սահ­մա­նա­փա­կուած չէ լու­սան­կար­չու­թեան ար­հես­տով, կամ ընդ­հան­րա­պէս գե­ղա­րուես­տով, այլ նաեւ կ՚ա­ռըն­չուի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին բազ­մա­թիւ ո­լորտ­նե­րու։ Թէ՛ գե­ղա­րուես­տի եւ թէ վկա­յու­թեան ի­մաս­տով կա­տա­րեալ մա­կար­դա­կի մը հա­սած այս ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած են հինգ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու գոր­ծե­րը։ Ա­նոնք են՝ Է­մի­նէ Իւլ­քե­րիմ, Մկրտիչ Ար­ծի­ւեան, Պերճ Ա­րա­պեան, Նի­քօ Ման­կի­նաս եւ Ալ­պեր­թօ Մո­տիա­նօ։ Իւ­րա­քան­չիւ­րին գոր­ծե­րը ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած են ոչ միայն ի­րենց գե­ղա­րուես­տա­կան կամ վկա­յու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նով, այլ նաեւ ինք­նու­թեան չա­փու­մով։ Ար­դա­րեւ, այդ հինգ լու­սան­կա­րիչ­նե­րը ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով հան­դէս կու գան որ­պէս հայ, թուրք, յոյն կամ հրեայ։ Իւ­րա­քան­չիւ­րը միայն իր պատ­կա­նած հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կեան­քէն դրուագ­ներ տուած է այս ցու­ցա­հան­դէ­սին։ Մէ­կը միւ­սի ո­լոր­տին մէջ չէ մտած, սա­կայն ար­դիւն­քին իս­կա­պէս պատ­կա­ռե­լի հա­մադ­րու­թիւն մը գո­յա­ցած է, ինչ որ ուղ­ղա­կիօ­րէն կը պայ­մա­նա­ւո­րէ ցու­ցա­հան­դէ­սին յա­ջո­ղու­թիւ­նը։

Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, մզկիթ­նե­րու եւ սի­նա­կոկ­նե­րու մէջ կա­տա­րուած նկա­րա­հա­նում­նե­րը ցու­ցա­հան­դէ­սի այ­ցե­լու­նե­րուն մա­տու­ցուած են հրա­շա­լի հա­մա­տե­ղու­թիւ­նով մը։ Ար­դա­րեւ, ի­րե­րա­յա­ջորդ այդ դրուագ­նե­րը մէկ կող­մէ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ են ի­րենց ո­րա­կով, ցո­լա­ցու­ցած վար­պե­տու­թեամբ, իսկ միւս կող­մէ ի­րենց ամ­բող­ջին մէջ կը ցո­լաց­նեն մեր ապ­րած մի­ջա­վայ­րի հա­մա­կե­ցու­թեան ա­ւան­դու­թիւ­նը։ Ցու­ցա­հան­դէ­սի այ­ցե­լու­նե­րը կրնան անդ­րա­դառ­նալ, թէ հա­ւա­տի ինչ­պի­սի խո­րու­թիւն մը եւ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեան­քի ինչ­պի­սի ճո­խու­թիւն մը կը գո­յա­տե­ւէ մեր ան­մի­ջա­կան մի­ջա­վայ­րին եւ ընդ­հան­րա­պէս մեր աշ­խար­հագ­րու­թեան մէջ։ Լու­սան­կար­նե­րը կը ցո­լաց­նեն զա­նա­զան խում­բե­րու հա­ւա­տի կեան­քի եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րու թէ՛ նմա­նու­թիւն­նե­րը եւ թէ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ու­նին թէ՛ ե­րե­ւու­թա­կան, խորհր­դան­շա­կան ե­րե­սակ­ներ եւ թէ փի­լի­սո­փա­յա­կան չա­փում­ներ։ Իս­կա­պէս հե­տաքրք­րա­կան ա­նուա­նում մըն ալ ու­նե­ցած է այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կո­չուած է քրիս­տո­նեա­նե­րու, մահ­մե­տա­կան­նե­րու եւ հրեա­նե­րու շաբ­թուան պաշ­տա­մուն­քի օ­րե­րու ա­նու­նով։

«Ուր­բաթ, Շա­բաթ, Կի­րա­կի»ի բաց­ման ե­րէ­կուան հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ուղ­ղա­փա­ռաց Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Հրէից Րա­բու­նա­պետ Րաւ Ի­սաք Հա­լե­ւա, Պէ­յօղ­լուի Միւֆ­թի Այ­տըն Եըղ­ման, Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, եւ այլ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Ձեռ­նար­կի տան­տէրն էր Իս­թան­պու­լի մօտ Յու­նաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Է­վան­կե­լոս Սե­քե­րիս։ Իր ներ­կա­յու­թիւ­նը բե­րած էր նաեւ Պէ­յօղ­լուի գա­ւա­ռա­պետ Օս­ման Էք­շի։ Բաց­ման ըն­դու­նե­լու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բազ­մա­թիւ դէմ­քեր եւ հոծ թի­ւով գե­ղա­րուես­տա­սէր­ներ։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Է­վան­կե­լոս Սե­քե­րիս։ Ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան լու­սան­կար­չու­հի Է­մի­նէ Իւլ­քե­րիմ եւ յոյն հա­մայն­քէն Լա­քի Վին­կաս, որ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էր կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Ներ­կա­նե­րը ցու­ցա­հան­դէ­սը դի­տե­լով ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին հե­ղի­նակ­նե­րը, ո­րոնց յղե­ցին ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Դեկ­տեմ­բե­րի 31-ը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015