ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅԱՀՈԾ «ՆՈՐ ԳԻՒՂ» ԹԱՂԱՄԱՍԸ ԱՄԱՅԱՑԱԾ Է ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ

«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-

«Ա­րե­ւել­ք» Հա­լէ­պի իր աղ­բիւ­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցած է  մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի հա­յա­հոծ «Նոր Գիւ­ղ» շրջա­նին մա­սին: Ըստ մեր աղբ­բիւ­րին «Նոր Գիւ­ղ­»ը կամ ա­րա­բա­կան ա­նուա­նու­մով «Հայ Ալ Մի­տա­ն» շրջա­նը  պա­տե­րազ­մա­կան հատ­ման սահ­մա­նա­յին գիծ ըլ­լա­լու ընդ­հա­նուր դրու­թեան հե­տե­ւան­քով դար­ձած է գրե­թէ ան­մար­դաբ­նակ: Հա­յաբ­նակ այդ շրջանն­նե­րը գրե­թէ դա­տար­կուած են ու շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րը կա՛մ փո­խադրուած են այլ վայ­րեր եւ կամ ալ երկ­րէն ընդ­հան­րա­պէս հե­ռա­ցած: Հա­յաբ­նակ բնա­կա­րան­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը թա­լա­նուած է եւ տու­նե­րը կը գտնուին անմ­խի­թար վի­ճա­կի մը մէջ: Ա­կա­նա­տես­նե­րէ ստա­նա­լով իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը մեր աղ­բիւ­րը նոյն­պէս կը յայտ­նէ, թէ քիչ չեն այն դէպ­քե­րը, երբ  հայ բնա­կիչ­ներ փոր­ձած են ի­րենց տու­նե­րը քննե­լու հա­մար շրջան վե­րա­դառ­նալ եւ նկա­տած, որ ի­րենց տու­նե­րը դա­տարկ են ու ամ­բող­ջու­թեամբ թա­լա­նուած: Նշենք, որ «Ա­րե­ւել­ք»ի հրա­պա­րա­կած սոյն նկար­նե­րը առ­նուած են օ­րերս «Նոր Գիւ­ղ­»ի «Պուրճ» ճա­շա­րա­նի թա­ղա­մա­սէն, ո­րուն բնակ­չու­թեան մե­ծա­գոյն տո­կո­սը հա­յեր էին: Պէյ­րու­թի Պուրճ Հա­մու­տի կող­քին Հա­լէ­պի «Նոր Գիւ­ղ­»ը կը հա­մա­րուէր Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ա­մե­նէն հա­յա­հոծ շրջան­նե­րէն մին:  «Նոր Գիւղ» թաղամասին ստեղծուած ողբերգական պատկերը դժբախտաբար ի զօրու է նաեւ Հալէպի ընդհանուրին եւ Սուրիոյ միւս հայաշատ քաղաք-ներու պարագային։

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015