ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՓԵՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Փեքին՝ Չինաստանի Նախագահ Սի Ցինփինի հրաւէրին ընդառաջ։ Փեքինի մէջ Իլհամ Ալիեւ դիմաւորուեցաւ պետական արարողակարգով եւ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Չինաստանի Ռենմինի համալսարանին կողմէ իրեն շնորհուեցաւ պատուակալ տոքթորի կոչում՝ պատմութեան վրայ։ Ազէրի ղեկավարը ծաղկեպսակ մըն ալ զետեղեց ժողովրդական հերոսներու յուշարձանին մօտ։
Իլհամ Ալիեւ եւ Սի Ցինփին Փեքինի մէջ ունեցան առանձնազրոյց մը եւ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Բաց աստի, Պաքուի եւ Փեքինի միջեւ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը նախատեսեն երկկողմանի համագործակցութեան խորացումը։ Ստորագրուած փաստաթուղթերը կը վերաբերին արդարադատութեան, քաղաքաշինութեան, օդագնացութեան, բեռնափոխադրութեան, տնտեսութեան, ուժանիւթի եւ երկաթուղիի բնագաւառներուն։ Ի լրումն այս բոլորին, Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Ի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով ստորագրեցին «Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտի»ի ստեղծման խրախուսման վերաբերեալ համաձայնագիր մը։ Ծանօթ է, որ Փեքինի ղեկավարութիւնը վերջին տարիներուն առաջնահերթօրէն յառաջ կը տանի նոր Մետաքսի ճանապարհ մը ստեղծելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։