ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայքներու բաժինը որոշած է ձեռնարկել հրատարակչական ծրագրի մը՝ հաստատելով թարգմանական մատենաշար մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նախաձեռնութեան նպատակն է մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագրերը տրամադրելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս նաեւ հայերէն կարեւոր բնագրերը մատչելի դարձնել այլ լեզուներով։ Այս նախագիծով առաջնահերթութիւն պիտի ընծայուի 19-րդ դարեվերջէն մինչեւ մեր օրերը ստեղծուած բնագրերուն վրայ եւ թարգմանական չորս բնագաւառներ մաս պիտի կազմեն անոր ծիրին։
Օտար լեզուներէն հայերէնի թարգմանութիւններու բաժնին թիրախը պիտի հանդիսանան ընկերային-մարդկային գիտութիւններու հիմնարար բնագրերը, գլխաւորաբար՝ եւրոպական լեզուներէն, որոնք հայերէնի թարգմանուած չեն։ Հայերէնէ օտար լեզուներու թարգմանութիւնները պէտք է ըլլան հայ իրականութեան մօտ այժմէական նշանակութեամբ բանավէճերու բնագրերը։
Ինչպէս աւելի առաջ ալ հաղորդուած էր, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախագիծը կ՚ընդգրկէ նաեւ թրքերէն-հայերէն կամ հայերէն-թրքերէն թարգմանութիւններ։ Թրքերէնէ հայերէն թարգմանութիւններու ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ ժամանակակից ընկերային եւ քաղաքական մտածելակերպի ընտրանիին վրայ։ Հայերէնէ թրքերէն թարգմանութիւններուն մէջ հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի առկայ կարեւոր բանավէճերու թարգմանութիւններուն մատուցումը։
Թարգմանական այս մատենաշարին համար «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը պիտի ստեղծէ համացանցային յատուկ կայքէջ մը։ Մատենաշարի պաշտօնական մեկնարկը պիտի յայտարարուի 2016 թուականի Փետրուարին։