ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Սուրիահայութեան վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայն հայութեան օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովին հերթական նիստը։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ընթացքին հաստատուեցաւ այս յանձնաժողովին 2016 թուականի աշխատանքային ծրագիրը։ Միեւնոյն ժամանակ ամփոփուեցաւ յանձնաժողովին կողմէ անցեալ տարի իրականացուած աշխատանքը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան զեկուցեց միջգերատեսչական այս յանձնաժողովի 2015-ի գործունէութեան շուրջ։ Զաքարեան նշեց, որ ներկայ պահուն Հայաստանի մէջ կը գտնուի շուրջ 1700 սուրիահայ։ 2012-2015 թուականներուն 12 հազար սուրիահայ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն։ 1650 սուրիահայ ալ ստացած է կեցութեան կարգավիճակ։ Աշխատանքի տեղաւորման խնդիրներով 2200 սուրիահայ դիմած է նախարարութիւն։ Տնտեսական գործունէութեան ծաւալումը խրախուսելու համար գանձատրուած է 85 ծրագիր։ Աշխատանքի տեղաւորման հարցերը լուծելու առաջադրութեամբ Սփիւռքի նախարարութիւնը համագործակցած է 200 պետական կամ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ։ Աւելի քան 500 սուրիահայ աշխատանքի տեղաւորուած է՝ փոքր գործարարութեան մէջ կայացած սուրիահայ այլ գործարարներու մօտ։ Ներկայ պահուն աւելի քան հազար սուրիահայ ընտանիք բնակարանի վարձք կը ստանայ զանազան բարեգործական կազմակերպութիւններէ։ 2015 թուականին նախարարութեան իրաւաբանական վարչութեան կողմէ 500 սուրիահայերու համար ցուցա-բերուած է իրաւաբանական աջակցութիւն։ Անոնց ի նպաստ նման աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Հայաստանի Փաստաբաններու միութիւնը։ Տարուան տեւողութեան ծաւալուն աշխատանք իրականացուած է առողջապահութեան բնագաւառէն ներս։
Միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդամները մանրամասն ու լուրջ քննարկումներ կատարեցին սուրիահայոց առկայ հիմնախնդիրներուն շուրջ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Յովիկ Էօրտէքեան անդրադարձաւ սուրիահայ ուսանողներուն համար կրթաթոշակներու տրամադրման հարցին։ Ըստ իրեն, բացի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յատկացուած գումարներէն, ելմտական աջակցութիւն տրամադրած են ՀԲԸՄ եւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը՝ յաւելեալ ձեւով հոգալով եւս երկու տասնեակ ուսանողներու կրթավճարները։
Իր կարգին, Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ յանձնաժողովի կազմին ներգրաւուած պետական մարմինները պատասխանատուութեամբ վերաբերուած են իրենց իրաւասութեան վերաբերեալ հարցերուն նկատմամբ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պետական մարմիններուն, ինչպէս նաեւ բարեգործական, հասարակական կազմակերպութիւններուն ու հոգեւոր կառոյցներուն՝ բարեխիղճ աշխատանքի համար։ Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, թէ բնակարան եւ աշխատանք ճարելու խնդիրը կը շարունակէ մնալ առաջնահերթ, ինչ որ պէտք է յաղթահարուի համախումբ ջանքերով։ Նախարարը կարեւորեց աջակցութեան կարօտ սուրիահայերու նկատմամբ մշտական զգօնութիւնն ու հոգատարութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հրանոյշ Յակոբեան մատնանշեց, թէ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ վերստին կը նկատուի սուրիահայերու հոսք՝ կապուած Սուրիոյ վտանգաւոր զարգացումներուն եւ ռազմական գործողութիւններուն հետ։ Ան յայտնեց, որ տեղական, սփիւռքեան կամ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ համատեղ ջանքերով կը փորձեն լուծումներ գտնել սուրիահայ գաղթականներու խնդիրներուն։ «Նոր եկողներուն մեծ մասը աւելի աղքատ է, աւելի վախցած։ Անոնք գրեթէ ամէն ինչ կորսնցուցած են։ Անոնց համար աւելի շատ օգնութիւն պէտք է տրամադրուի։ Այս պատճառով 2016 թուականի ծրագրերը մշակելու ժամանակ մենք պէտք է աշխատինք առաւել թիրախաւորուած։ Անոնք, որոնք հաստատուած են, կ՚աշխատին ու կը կարողանան ապրիլ, իրենց տրամադրուելիք օգնութիւնն ալ պէտք է տանք աւելի անկարողներու», ըսաւ նախարարը եւ ընդգծեց, թէ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն շուրջ 40 տոկոսը խիստ կարիքաւոր է։ Անոնցմէ շատերուն բնակարանի հարցերը տակաւին լուծուած չեն։ Բազմաթիւ սուրիահայեր ո՛չ ունին գումար, ոչ ալ՝ աշխատանք։
Նոյն ժողովի ընթացքին Ֆիրտուս Զաքարեան տեղեկացուց նաեւ այլ յատկանշական տուեալ մը, ըստ որու վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ ծնած է 240 սուրիահայ երախայ։
Միւս կողմէ, ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եգէականի մէջ ընկղմած լաստանաւէն փրկուելով Իզմիր հասած սուրիահայ երիտասարդուհի Արինա Թէքէեանի եւ անոր ընտանիքի անհետացած անդամներու վերաբերեալ խնդիրներուն։