ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԻԹ ՄԸ. ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ՄԵԾ ՀԱՐՑԱԿԱՆ ՄԸՆ Է

1 Դե­տեմ­բե­րին «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տին կող­մէ գե­րի առ­նո­ւած լի­բա­նան­ցի տասն­վեց զի­նո­ւոր­ներ ա­զատ ար­ձա­կուե­ցան: Մէ­կու­կէս տա­րի գե­րե­վա­րո­ւած պա­հո­ւե­լէ ետք զի­նո­ւոր­նե­րը վե­րադար­ձան տուն, երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի կա­րե­ւո­րա­գոյն մաս­նա­կից­նե­րէն հա­մա­րո­ւող՝ «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տին մի­ջեւ կա­յա­ցո­ւած հա­մա­ձայ­նա­կան գոր­ծար­քով մը: Փո­խա­նակ­ման կար­գով ե­ղած հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­մար ա­զատ կ՚ար­ձա­կո­ւէին Պէյ­րու­թի «Ռու­մի­է» բան­տին մէջ ե­ղող զի­նեալ­նե­րու կի­ներ, ո­րոնց կար­գին էր նաեւ «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեա­ն» ա­ռաջ­նորդ Ա­պու Պա­քըր Ալ Պաղ­տա­տիի նախ­կին կի­նը՝ Սու­ժա Ալ Տու­լայ­մին եւ քա­նի մը զի­նեալ­ներ: Մինչ մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի մէջ զի­նո­ւոր­նե­րուն հա­րա­զատ­նե­րը կը պատ­րաս­տո­ւէին տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ ի­րենց որ­դի­նե­րը ըն­դու­նիլ, ան­դին ա­րա­բա­կան մէ­կէ ա­ւե­լի աղ­բիւր­ներ կը խօ­սէին շրջա­նին մէջ լու­ծում­նե­րու նոր հանգ­րո­ւա­նի մը մա­սին, որ ա­ւե­լի ուշ պի­տի ընդգր­կէր՝ Սու­րիան, Ի­րաքն ու Եէ­մէ­նը եւ ա­նոնց հիմ­քով պի­տի հա­սուն­նար Ռիատ-Թեհ­րան առ­կայ քա­ղա­քա­կան սուր տագ­նա­պին հան­գու­ցա­լու­ծու­մը: Լի­բա­նա­նեան կող­մը կա­րե­ւոր զի­ջում­ներ կը կա­տա­րէր բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րուն «փրկու­թեա­ն» հա­մար: Փրկու­թիւն բա­ռը կը գոր­ծա­ծեմ, ո­րով­հե­տեւ «Ալ Նըս­րա»ի զի­նեալ­նե­րը ա­ւե­լի վաղ սպան­նած էին ի­րենց մօտ ե­ղած տաս­նեօ­թե­րորդ գե­րին՝ Մու­համ­մէտ Հա­մի­էն:

Այս դրա­կան մթնո­լոր­տի ա­ռա­ջին ար­ձա­գան­գնե­րը պի­տի գա­յին Փա­րի­զէն, ուր ըստ տար­բեր լրա­տո­ւա­կան աղ­բիւր­նե­րու՝ լուր կը փո­խան­ցո­ւէր ե­րես­փո­խան Սը­լայ­ման Ֆրան­ժի­էի (մա­րո­նի) եւ նախ­կին վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րիի (սիւն­նի) մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման մը մա­սին, որ եր­կար ա­տե­նէ ի վեր իր ու­նե­ցած բնոյ­թով կը հա­մա­րո­ւէր ա­ռա­ջի­նը: Ի՞նչ քննար­կե­ցին եր­կու լի­բա­նան­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, մա­նա­ւանդ, որ ա­նոնց մի­ջեւ ե­ղած յա­րա­բե­րու­թի­նը եր­բեք փայ­լուն պատ­մու­թիւն մըն ալ չէ ու­նե­ցած: Ֆրան­ժի­է, որ յայտ­նի է Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ ու­նե­ցած իր դրա­կան ան­փո­փոխ կե­ցո­ւածք­նե­րով, եր­կար ժա­մա­նակ նոյ­նիսկ Սաատ Հա­րի­րիի սպան­նուած հօր՝ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի Լի­բա­նա­նի վար­չա­պետ ե­ղած օ­րե­րուն ծանր մե­ղադ­րանք­ներ հնչե­ցու­ցած էր վեր­ջի­նիս հաս­ցէին: Փրակ­մա­թիք քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շրջա­գի­ծին մէջ ե­ղած այս հան­դի­պու­մը վստա­հա­բար տե­ղի կ­­՚ու­նե­նար Սաատ Հա­րի­րիի ու ա­նոր քա­ղա­քա­կան յե­նա­րան հա­մա­րո­ւող Ռիա­տի ա­ռա­ջար­կով: Փա­րի­զեան հան­դիպ­ման թիւ մէկ օ­րա­կար­գը ան­շուշտ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան կա­յա­ցումն էր, ու այդ քրիս­տո­նեայ կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­թո­ռին հա­մար Սաատ Հա­րի­րի պի­տի ա­ռա­ջար­կէր երկ­րի մա­րո­նի քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կուն՝ Սը­լայ­ման Ֆրան­ժի­էի ա­նու­նը: Լու­րը քա­ղա­քա­կան ռում­բի պէս կը պայ­թէր, ու փոքր չէին այն քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը, ո­րոնք զար­մանք յայտ­նե­լէ ան­դին եր­թա­լով նոյ­նիսկ վրդով­մուն­քով կը խօ­սէին Հա­րի­րիի ը­րած այս ա­ռա­ջար­կին մա­սին: Խոր­քին մէջ ինչ կը հե­տապն­դէր սիւն­նի ա­ռաջ­նոր­դը:

 Ե­րե­ւե­լի է, որ ա­նոր քայ­լին մէջ կար Ռիա­տի քա­ղա­քա­կան մար­տա­վա­րու­թեան օ­րի­նա­չա­փու­թիւ­նը, ըստ ո­րուն Ռիատ պի­տի փոր­ձէր նոր ձե­ւա­չա­փով յա­ջողց­նել Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հի ընտրու­թիւ­նը եւ այդ քայ­լով ամ­րագ­րէր Պէյ­րու­թը սու­րիա­կան պա­տե­րա­զ­մա­կան գօ­տիէն հե­ռու պա­հե­լու իր մար­տա­վա­րու­թիւ­նը: Այս քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջար­կին հա­մար Ռիատ նաեւ նա­խա­պատ­րաս­տած էր Փա­րի­զը, Ո­ւա­շինկ­թը­նը եւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցը: Տա­րաբ­նոյթ հան­դի­պում­նե­րէ ետք եր­կու կող­մե­րը կը ստա­նա­յին Վա­տի­կա­նի բարձր հո­վա­նին վա­յե­լող մա­րո­նի պատ­րիար­քու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը եւ տար­բեր աղ­բիւր­ներ կը գրէին, որ յա­ռա­ջի­կայ 18 Դեկ­տեմ­բե­րին երկ­րի խորհր­դա­րա­նը հեր­թա­կան իր նիս­տը գու­մա­րե­լով՝ պի­տի կա­յաց­նէր նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւն:

Չմոռ­նանք նաեւ, որ Սը­լայ­ման Ֆրան­ժիէ­ի թոռն է Լի­բա­նա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հին­գե­րորդ նա­խա­գահ Սը­լայ­ման Ֆրան­ժիէ­ն (1970-1976), որ երկ­րի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի սկիզ­բին կա­րո­ղա­ցած էր նո­ւա­զա­գոյն վնաս­նե­րով պահ­պա­նել Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան միակ ա­թո­ռը: Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տին եւ նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու Սը­լայ­ման Ֆրան­ժիէ­ի մի­ջեւ առ­կայ սերտ կա­պե­րը սկիզբ ա­ռած էին Է­սա­տի հօր՝ Հա­ֆըզ Է­սա­տի եւ վեր­ջի­նիս մեծ­հօր՝ նա­խա­գահ Սը­լայ­ման Ֆրան­ժիէ­ի իշ­խա­նու­թեան ե­ղած օ­րե­րուն: Քա­ղա­քա­կան ան­շեղ ըմբռ­նում­նե­րու տէր Ֆրան­ժիէ­ի ըն­տա­նի­քին հա­մար հաս­տա­տուն ըն­կա­լում է, որ Սու­րիոյ մէջ ա­լե­ւի իշ­խա­նու­թեան մը գո­յու­թիւ­նը մե­ծա­գոյն ե­րաշ­խիքն է ո՛չ միայն Սու­րիոյ, այլ՝ ամ­բողջ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին նաեւ Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րը:

Պատ­մա­կան այս կեն­սա­փոր­ձին ա­ռըն­թեր Սաատ Հա­րի­րի այս «անս­պա­սե­լի» հա­մա­ր-ւած քայ­լով կը մի­տէր մի քա­նի ուղ­ղու­թիւն­նե­րով քա­ղա­քա­կան միա­ւոր­ներ կու­տա­կել:

Նախ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լու շին­իչ դե­րը կը պա­հո­ւէր սիւն­նի հա­մայն­քին ու ա­պա այդ կող­մը կը փոր­ձէր կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ յղել շրջա­նին մէջ նոր խաղ ձե­ւա­կեր­պող Ի­րա­նին: Այ­սինքն սիւն­նի-մա­րո­նի մեր­ձեց­ման այս ճա­նա­պար­հով Ռիատ ան­գամ մը եւս կը պար­զա­բա­նէր, որ ներ­քին փա­փաք ու­նի սու­րիա­կան ընդ­հա­նուր ֆո­նին վրայ նա­խա­ձեռ­նո­ղի դե­րով հան­դէս գա­լու: Ռիա­տի հա­մար նա­խընտ­րե­լի հա­մա­ր-ւած Ֆրան­ժի­էի Պաապ­տա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լատ հաս­նի­լը կրնար շատ մը քա­ղա­քա­կան պա­տո­ւար­ներ տա­պա­լել: Խնդի­րը Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնալ-չմ­նա­լու հար­ցը չէր, այլ սիւն­նի աշ­խար­հին հա­մար կա­րե­ւոր էր նա­խա­ձեռ­նո­ղի դիր­քը պահ­պա­նել եւ Լի­բա­նա­նի մէջ ստեղ­ծո­ւած ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գու­մով մը նոր ճա­նա­պարհ­նե­ր ­բա­նա­լու ո­րո­նում­ներ կա­տա­րել:

Ու­րեմն ճա­կա­տու­մը ո՛չ միայն Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան հետ էր, այլ հա­կա­մար­տու­թեան հիմ­նա­կան ճա­կա­տը կը մնար Ռիատ-Թեհ­րան գեր­լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը, ո­րուն եզ­րե­րուն կան բա­ւա­կան հրդե­հո­ւած գօ­տի­ներ, ո­րոնց­մէ է բնա­կա­նա­բար՝ Եէ­մէ­նը, Ի­րա­քը եւ հա­մե­մա­տա­բար պաղ գօ­տի հա­մա­րո­ւող Պէյ­րու­թը:

Այս զար­գա­ցում­նե­րու ֆո­նին վրայ եւ բա­ւա­կան լուռ հա­կազ­դե­ցու­թեամբ մը Թեհ­րա­նի պա­տաս­խա­նը չէր ու­շա­նար։ Լի­բա­նա­նի մէջ, հիմ­նա­կան չը­սե­լու հա­մար, ա­մե­նէն ո­րո­շիչ դեր վեր­ցու­ցած «Հիզ­պուլ­լահ» հաս­տա­տա­կամ կեր­պով իր «ո­չ­»ը ը­սե­լէ ան­դին, ան­գամ մը եւս կը յի­շեց­նէր, թէ ի­րեն հա­մար նա­խա­գա­հի հիմ­նա­կան թեկ­նա­ծուն կը մնայ քրիս­տո­նեայ այլ ղե­կա­վար մը՝ ե­րես­փո­խան Մի­շէլ Աու­ն։­ Ան ներ­կայ դրու­թեամբ եւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն (հա­կա­ռակ տա­րի­ներ ա­ռաջ իր ու­նե­ցած բա­ւա­կան հա­կա­սա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րուն) կը մնար ան­փո­խա­րի­նե­լի եւ ա­մե­նակ­ա­րե­ւո­րը՝ վս­­տա­հե­լի թեկ­նա­ծու:

Ի­րա­նեան թեւ հա­մա­րո­ւող «Հի­զպուլ­լահ»ի ժխտա­կան պա­տաս­խա­նը «ան­կողմ­նա­յին մա­հո­ւա­ն» կ­­՚ա­ռաջ­նոր­դէր Հա­րի­րիի նա­խա­գա­հա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը: Սիւն­նի եւ շիի կող­մե­րուն մօտ դաշ­նա­կից ե­ղող քրիս­տո­նէա­կան թե­ւեր ա­րա­գօ­րէն կը հա­կազ­դէին այդ նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ Թեհ­րա­նի կող­մէ օգ­տա­գոր­ծո­ւած կար­միր քար­տը քա­նի մը օ­րե­րու ըն­թաց­քին գրե­թէ կը ցրո­ւէր լի­բա­նան­ցի­նե­րու նոր նա­խա­գահ ու­նե­նա­լու ե­րա­զան­քը: Գրե­թէ բա­ռը կը գոր­ծա­ծեմ, ո­րով­հե­տեւ Լի­բա­նա­նի պէս քա­ղա­քա­կան բարդ գոր­ծըն­թաց­նե­րու եզ­րին ե­ղող երկ­րի մը մէջ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին դի­պո­ւած մը կրնայ մէկ օ­րէն միւ­սը քա­ղա­քա­կան նոր ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծել եւ այ­սօր տա­պա­լած հա­մա­րո­ւող նա­խա­գա­հա­կան ծրա­գի­րը կրնայ նո­րէն ջու­րի ե­րես գալ:

Վե­րա­դառ­նա­լով զի­նո­ւոր­նե­րու ա­զա­տու­թեան խնդրին՝ տե­ղին է նշել, որ Քա­թա­րի հո­վա­նին վա­յե­լող «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տին հետ կա­տա­րո­ւած գոր­ծար­քը նաեւ կապ ու­նէր այս քա­ղա­քա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րուն հետ եւ կը հա­մա­րո­ւէր դրա­կան ա­ռա­ջին նա­խան­շան: Մինչ ինն լի­բա­նան­ցի զի­նո­ւոր­ներ կը շա­րու­նա­կեն գե­րե­վա­րո­ւած մնալ «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեա­ն» մօտ, ան­դին լի­բա­նա­նեան բա­նա­կը «Հիզ­պուլ­լահ»ի հետ իր քայ­լե­րը հա­մա­կար­գե­լով ծանր հա­րո­ւած­ներ կը հաս­ցնէ երկ­րի Ար­սէլ ա­ւա­նի լեռ­նա­յին հա­տո­ւած­նե­րուն վրայ գտնո­ւող «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տի զի­նեալ­նե­րուն:

Ու­շագ­րաւ է լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րին ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր ան կը յայտ­նէր, որ ա­հա­­բե­կիչ­նե­րուն մէջ սեւ եւ ճեր­մակ ա­հա­բե­կիչ­ներ չկան, այլ բո­լո­րը վտան­գա­ւոր են եւ ա­նոնց դէմ պայ­քա­րե­լու ո­րո­շու­մը լի­բա­նա­նեան բա­նա­կին հիմ­նա­կան օ­րա­կարգն է: Լի­բա­նանեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Ժան Ա­ճո­ւա­ժի այս խօս­քը ձե­ւով մը կը յու­շէր իր նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­թեան մա­սին: Ան, որ նոյն­պէս կը հա­մա­րո­ւէր նա­խա­գա­հա­կան կա­րե­ւոր թեկ­նա­ծու մը, կը նե­ր­­կա­յա­նար ոչ թէ որ­պէս քա­ղա­քա­կան կող­մի թեկ­նա­ծուն, այլ յա­ռաջ կը քա­շէր ա­պա­հո­վու­թեան եւ բա­նա­կի ա­նու­նով խօ­սե­լու ընտ­րան­քը՝ յու­շե­լով, որ Լի­բա­նան կա­րիքն ու­նի նա­խե­ւա­ռաջ անվ­տան­գու­թեան գոր­ծօ­նը պահ­պա­նող ա­ռաջ­նոր­դի մը:

Ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին բո­լոր կող­մե­րը կը հասկ­նան, որ Լի­բա­նան կը գտնո­ւի քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու զե­րօ օ­ղա­կին մէջ: Այ­սինքն սպա­սո­ղա­կան այս վի­ճա­կը ժա­մա­նակ սպան­նե­լու հանգ­րո­ւան մըն է, ո­րով­հե­տեւ երկ­րին մէջ սպա­սո­ւած ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան դրա­կան տե­ղա­շարժ պէտք է ա­ռըն­չո­ւած ըլ­լայ ոչ թէ միայն Սէու­տա­կան քայ­լե­րով, այլ պէտք է ամ­րագ­րո­ւի Ռիատ-Թեհ­րան սա­ռոյ­ցին հա­լու­մով:

Իսկ ինչ­քան ժա­մա­նակ կը տե­ւէ այդ մէ­կը, ոչ ոք կրնայ կան­խա­գու­շա­կել, մա­նա­ւանդ, որ Թա­հէ­զի (Ե­է­մէն), Հա­լէ­պի հա­րա­ւա­յին շրջան­նե­րուն եւ ի­րա­քեան Մու­սու­լին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցող ա­րիւ­նա­լի ճա­կա­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին եւ կող­մե­րէն ոչ մէ­կը պատ­րաստ է զի­ջում­նե­րու լե­զո­ւով խօ­սե­լու:

Ոչ միայն տխուր, այլ մտա­հո­գիչ է, որ լի­բա­նան­ցի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րը կրնան նա­խա­գահ ընտ­րե­լու այս կա­րե­ւոր ա­ռի­թը ան­գամ մը եւս տա­պա­լել: Տա­պա­լել ա­ռանց նոր հե­ռան­կար­ներ ու­նե­նա­լու կամ թե­րեւս եր­կի­րը տա­նե­լով ա­րիւ­նա­լի նոր հանգ­րո­ւա­նի մը, տրո­ւած ըլ­լա­լով, որ սիւ­ննի «Ալ Մուս­թաք­պա­լ» չա­փա­ւո­րա­կան հո­սան­քի հա­մա­կար­գող Ահ­մատ Ալ Հա­րի­րի, Սաատ Հա­րի­րիի նա­խա­ձեռ­նու­թեան հատ­ման կէ­տի մէկ պա­հուն կը յայ­տա­րա­րէր. «Ե­թէ այ­սօր նա­խա­գահ ընտ­րե­լու այս հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն չօգ­տո­ւինք, ա­պա վա­ղը կրնանք նա­խա­գա­հը ընտ­րել ա­րիւ­նա­լի պայ­ման­նե­րու մէ­ջ»:

Որ­քա­նով ճիշդ է այս դի­տար­կու­մը տա­կա­ւին պարզ չէ, սա­կայն յստակ է, որ շրջա­նա­յին ու­ժե­րու վճի­ռով պաղ պա­հո­ւած լի­բա­նա­նեան ճա­կա­տը կը պա­րու­նա­կէ «պայ­թե­լու» բո­լոր պատ­րաստ նա­խադ­րեալ­նե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015