ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԽՍՏԱՆԱՅ

Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­քի մի­ջեւ ստեղ­ծուած բարդ ի­րա­վի­ճա­կը հետզ­հե­տէ կը ճիւ­ղա­ւո­րուի՝ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս ստեղ­ծուած ի­րադ­րու­թեան ու մա­նա­ւանդ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան լա­րուա­ծու­թեան ազ­դե­ցու­թեամբ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս հաս­տա­տուած Մու­սու­լի մեր­ձա­կայ՝ Պա­շի­քա­յի ռազ­մա­խա­րիս­խին մէջ Թուր­քիա վեր­ջերս կա­տա­րեց զօր­քե­րու կու­տա­կում։ Այս ե­րե­ւոյ­թը տե­ղի տուաւ Պաղ­տա­տի կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան բո­ղո­քին, մինչ քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը հա­մա­միտ է ա­նոնց ներ­կա­յու­թեան, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան ու­ժը կը մար­զէ տեղ­ւոյն փեշ­մեր­կէ­նե­րը՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի նպա­տա­կով։ Վեր­ջին օ­րե­րուն բազ­մա­կող­մա­նի շփում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ան­գա­րա­յի եւ Պաղ­տա­տի մի­ջեւ, սա­կայն ար­դիւն­քին, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կող­մե­րը չկրցան զի­րար հա­մո­զել։ Ե­րէկ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ Ի­րա­քի վար­չա­պե­տը հրա­հանգ տուած է երկ­րի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան՝ որ­պէս­զի այս նիւ­թին շուրջ պաշ­տօ­նա­պէս գան­գատ ներ­կա­յաց­նէ ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին։ Պաղ­տատ որ­պէս պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն ցոյց կու տայ Թուր­քիոյ կող­մէ իր տա­րած­քին դէմ կա­տա­րուած ոտնձ­գու­թիւ­նը։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ վճռա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան։ «Ե­թէ Ի­րաք ի վի­ճա­կի չէ մի­ջոց­ներ ձեռք առ­նե­լու ա­հա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լի­քին դէմ, ա­պա մենք կ՚առ­նենք», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ան­ցեալ տա­րի Պաղ­տա­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն պա­հան­ջով թրքա­կան զօր­քե­րը ու­ղար­կուած են Պա­շի­քա։ Նա­խա­գա­հը յի­շե­ցուց, որ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը բռնագ­րա­ւում­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է Ի­րա­քի մէջ, սա­կայն Պաղ­տա­տի կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին ո­րե­ւէ բան չէ կրցած ը­նել այս ե­րե­ւոյ­թին դէմ։ Էր­տո­ղան Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած է ՄԻԹ-ի խորհր­դա­տու Հա­քան Ֆի­տա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու դես­պան Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լուի հետ, ո­րոնք նա­խըն­թաց օր շփում­ներ ու­նե­ցած էին Պաղ­տա­տի մէջ։ Ան նշեց, թէ չա­փա­զան­ցուած են Պա­շի­քա­յի թուրք զի­ն-ւոր­նե­րու թի­ւին վե­րա­բե­րեալ հրա­պա­րա­կում­նե­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան կրկնեց, որ այս պա­հու դրու­թեամբ խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ թուրք զի­նուոր­նե­րուն այն­տե­ղէն ետ կան­չուի­լը։ Պա­շի­քա­յի մէջ մարզ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին վճռա­կան ձե­ւով՝ վե­րո­յի­շեալ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծին մէջ։ Այն­տեղ Թուր­քիա չու­նի նա­խա­յար­ձակ զի­նուոր­ներ, վեր­ջին կու­տա­կում­նե­րը կա­տա­րուած են՝ Պա­շի­քա­յի մարզ­ման ծրագ­րին մաս­նա­կից սպա­նե­րու եւ զի­նուոր­նե­րու անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման նպա­տա­կով։ Թուր­քիա-Ի­րաք ա­ռանց­քին վրայ այս ապ­րուած­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ Ան­գա­րա-Մոս­կուա լա­րու­ա­ծու­թիւնն ալ կը շա­րու­նա­կուի զա­նա­զան դրսե­ւո­րում­նե­րով։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ շատ խիստ ե­լոյ­թով մը։ Ըստ ի­րեն, ե­թէ Սու­րիոյ մէջ տե­ղա­կա­յուած ռու­սա­կան զօր­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ ո­րե­ւէ սպա­ռնա­լիք մը զգան, ա­պա նոյ­նիսկ պա­հուն պի­տի փո­խա­դար­ձեն շատ խիստ ձե­ւով եւ պի­տի ոչն­չաց­նեն այդ սպառ­նա­լի­քը։ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս բարձ­րաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տար­նե­րու հետ կազ­մա­կերպուած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Փու­թին թէեւ Թուր­քիոյ ա­նու­նը չտուաւ, սա­կայն ակ­նար­կեց Սու­րիոյ մէջ վար առ­նուած ռու­սա­կան SU-24 ռազ­մաօ­դա­նա­ւին։ Ան զգու­շա­ցուց հա­ւա­նա­կան խա­փա­նա­րա­րու­թեան մը դէմ եւ ը­սաւ, թէ յա­ջոր­դին ռու­սա­կան կող­մին պա­տաս­խա­նը ծայր աս­տի­ճան լուրջ եւ խիստ պի­տի ըլ­լայ։ «Սու­րիոյ մեր ռազ­մաօ­դա­յին խա­րիս­խը ամ­րա­ցու­ցինք յա­ւե­լեալ ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րով եւ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գե­րով։ Մեր կոր­ծա­նիչ­նե­րը այ­լեւս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն որ­սորդ-օ­դա­նա­ւե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Լաս­քիէի օ­դա­յին ռազ­մա­խա­րիս­խի մեր­ձա­կայ­քին անվ­տան­գու­թեան մի­ջոց­նե­րը խստա­ցուած են նաեւ ցա­մա­քէն։ Հրա­հան­գը տուած եմ։ Այն­տեղ ե­թէ սպառ­նա­լիք մը կամ յար­ձա­կում մը ըլ­լայ, մեր պա­տաս­խա­նը շատ խիստ պի­տի ըլ­լայ։ Նա­խա­յար­ձա­կը պի­տի ոչն­չա­ցուի նոյն պա­հուն», ը­սաւ Փու­թին։

Նոյն հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին, Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէր­կէյ Շոյ­կուն ալ ը­սաւ, թէ եր­կու ամ­սուան ըն­թաց­քին Սու­րիոյ մէջ ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով 214 հա­զար թոն զի­նուո­րա­կան բեռ փո­խադ­րած են դէ­պի Սու­րիա։

Ի պաշտ­պա­նու­թիւն Վլա­տի­միր Փու­թի­նի, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ նաեւ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սատ։ Ան ը­սաւ, թէ Սու­րիա­յէ ներս Ռու­սաս­տա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը նպաս­տեն Եւ­րո­պա­յի պաշտ­պա­նու­թեան։ Ըստ Է­սա­տի պնդում­նե­րուն, Փու­թին Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի փո­խա­րէն ո­չինչ պա­հան­ջած է Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն։ Ար­դա­րեւ, սա ա­ռեւ­տուր չէ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը իս­կա­պէս հիմ­նուած են ընդ­հա­նուր շա­հե­րու վրայ։ Է­սա­տի խօս­քե­րով, Մոս­կուա կա­յու­նու­թիւն կը փա­փա­քի Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ։ «Մենք հե­ռու չենք գտնուիր Ռու­սաս­տա­նէն, նաեւ Եւ­րո­պա­յէն», ը­սաւ Է­սատ, ո­րու հա­մոզ­մամբ՝ Ռու­սաս­տա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը նպաս­տեն Եւ­րո­պա­յի պաշտ­պա­նու­թեան։ Որ­պէս ա­պա­ցոյց ան մատ­նան­շեց Եւ­րո­պա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը կ՚ազ­դէ նաեւ եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սին վրայ։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ Ան­գա­րա կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած դիր­քո­րո­շում ցու­ցա­բե­րե­լու Մոս­կուա­յի դէմ ու միշտ կը հնչեց­նէ պա­ղա­րիւ­նու­թեան կո­չեր։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու հեր­թա­կան ան­գամ կրկնեց այդ մօ­տե­ցում­նե­րը, սա­կայն յի­շե­ցուց, որ Թուր­քիոյ համ­բե­րու­թիւնն ալ ան­սահ­ման չէ։ Ըստ ի­րեն, ե­թէ ցայ­սօր կա­տա­րուած­նե­րը թո­ղուած են ան­պա­տաս­խան, ա­պա սա չի նշա­նա­կեր, որ թրքա­կան կող­մը ու­նի վախ մը կամ մե­ղա­ւո­րի հո­գե­բա­նու­թեան մէջ է։ «Տե­ղի ու­նե­ցած է ան­բաղ­ձա­լի դէպք մը, սա­կայն Ռու­սաս­տան ար­դար չէ։ Մեր օ­դա­յին մար­զը խախ­տեց, սա­կայն տա­կա­ւին համ­բե­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րենք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նախ­կին վի­ճա­կին վե­րա­դարձ­նե­լու հա­մար», ը­սաւ Չա­վու­շօղ­լու։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015