Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը պիտի այցելէ Հայաստան։ Նորին Սրբազնութիւնը կէսօրուան ժամերուն պիտի ճամբորդէ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին զուգադիպած այս այցելութեան ընթացքին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ան պիտի իջեւանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած Նորին Սրբազնութեան ծրագրին առընչութեամբ։
Ընդհանուր Փոխանորդը Հինգշաբթի պիտի վերադառնայ քաղաքս՝ նոյնպէս Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015