«ՈՄԱՆՔ» ԵՒ «ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ ՎՈՔԱԼ»

Հար­պի­յէի  Սէն թ՚Էսփ­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի հա­մերգ մը։ Այս առ­թիւ հան­դէս ե­կան «Ո­մանք» եւ «Սա­յաթ Նո­վա վո­քալ» խում­բե­րը։ Հայ­կա­կան տոհ­միկ կամ դա­սա­կան գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցեալ եր­գա­ցան­կի մը հե­տե­ւե­ցան ունկն­դիր­նե­րը։ Այս եր­կու խում­բե­րը կարգ մը գոր­ծե­րը մա­տու­ցե­ցին վե­րա­մեկ­նա­բա­նուած կամ վե­րա­դաշ­նա­ւո­րուած ձե­ւով մը, ինչ որ ունկն­դիր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ե­ղաւ շատ հա­ճե­լի։ 

Ըն­դար­ձակ ե­կե­ղե­ցին, որ վերա­ծուած էր հա­մեր­գաս­րա­հի մը, ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուն էր եւ ներ­կա­նե­րու շար­քին էր նաեւ Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2015