ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան Ա­մա­նո­րի ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սը շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեան։ Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թաց­նե­րու հի­ման վրայ այս քէր­մէ­սը հան­դի­սա­ցաւ բազ­մա­թիւ թա­ղե­րէ ժա­մա­նած հա­մա­կիր­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը։ Շա­բաթ օ­րուան ողջ տե­ւո­ղու­թեան ար­տա­սո­վոր խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րուե­ցաւ դպրո­ցի յար­կէն ներս, ուր տե­ղադ­րուած էին քէր­մէ­սի տա­ղա­ւար­նե­րը։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին եւ ի­րենց ա­ջա­կից Ծնո­ղաց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ տա­ղա­ւար­նե­րուն մօտ քէր­մէ­սի այ­ցե­լու­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուե­ցան ճա­շա­կա­ւոր բազ­մա­թիւ ի­րե­ղէն­ներ, ո­րոնք սպա­ռե­ցան այ­ցե­լու­նե­րուն կող­մէ՝ ի նպաստ վար­ժա­րա­նին։ Գար­ա­կէօ­զեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ եւ փոխ-տնօ­րէ­նու­հի Նա­րօտ Քու­րու­ղօղ­լու եւս ներ­կայ գտնուե­ցան քէր­մէ­սին՝ ան­մի­ջա­կան շփման մէջ ըլ­լա­լով թէ՛ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ թէ այ­ցե­լու­նե­րուն հետ։ Քէր­մէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի կ՚ան­դա­մակ­ցին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Սե­դա Սու­նէր (ա­տե­նա­պե­տու­հի), Հռիփ­սի­մէ Պա­քեան, Տի­րու­հի Պա­լըք­ճըօղ­լու, Հիլ­տա Վոլ­քան, Ա­նի Օ­հա­նօղ­լու, Այ­տա Մա­րու­քօղ­լու, Ա­րու­սեակ Հա­զար, Մառ­լէն Գաս­պա­րեան, Ա­լիս Ման­կա­սար, Վեր­ժին Ա­նան, Ե­րա­նու­հի Կիւլ­նար, Նա­տիա Կիւր­տալ, Ժագ­լին Փա­քեիւզ, Հե­լէն Թաշ­ճեան, Տիգ­րա­նու­հի Մոր, Եւ­գի­նէ Հան­լը, Տի­րու­հի Չա­լըշ­քան, Ով­սան­նա Ար­փա, Սիլ­վա Պաս­մա, Ար­լէթ Եըլ­տը­րը­մեան, Ա­լին Թու­րա­նօղ­լու, Նա­զե­նի Թըր­թըր։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015