ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը խորանայ հասնելով մտահոգիչ համեմատութիւններու։ Հրադադարի խախտումները, Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուած զինամթերքի տեսակները եւ այլ բազմաթիւ հանգամանքներ պատճառ կը դառնան, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ լարուածութիւնը միշտ մնայ առկայ։ Այս բոլոր հանգամանքներուն վրայ կու գայ աւելնալ նաեւ տարածքաշրջանի բարդ իրադրութիւնը եւ միջազգային տակնուվրայութիւնը։ Հուսկ, արդիւնքը այն է, որ վերջին աւելի քան տասն օրուան ընթացքին չորս հայ զինուոր նահատակուած է սահմանին վրայ՝ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Անոնցմէ վերջինը եղաւ 19-ամեայ Կարէն Գրիգորեան, որ շաբաթավերջին զոհուեցաւ Ատրպէյճանի դիպուկահարներէն մէկուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց, որ Պաքուի կողմէ իրավիճակի սրուիլը ապտակ մըն է միջազգային հանրութեան դէմ։ Վիեննայի մէջ Եւրոպայէ ներս պաշտօնավարող հայ դեսպաններու հաւաքին ընթացքին Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին։ Քննարկուեցան Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն համատեղ ջանքերը, որոնք ուղղուած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Դեսպանները նկատի առին Ատրպէյճանի կողմէ սադրիչ գործողութիւններու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Այս ամբողջին մէջ Նալպանտեան ընդգծեց, որ ի պատասխան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ Պելկրատի մէջ հնչեցուած կոչին՝ վերահաստատել հարցի բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ կարգաւորման յանձնառութիւնը, Ատրպէյճան վերջին օրերուն շեշտակի ձեւով կը սրէ իրավիճակը, ինչ որ ապտակ մըն է եռանախագահ երկիրներուն եւ միջազգային հանրութեան դէմ։
Իր կարգին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները անպատիժ պիտի չմնան եւ ստեղծուած իրադրութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի անոր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանն ալ յայտարարեց, թէ բանակցութիւններուն Արցախի լիարժէք մասնակցութիւնը պիտի ապահովէ հասնիլ հիմնախնդրի վերջնական կարգաւորման։ Ծանօթ է, որ Կարէն Միրզոյեան վերջին օրերուն այցելեց Ուաշինկթըն, ուր հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի ձայն» ռատիօկայանին։ Այս առթիւ Միրզոյեան ընդգծեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղ միշտ բարձր գնահատած է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս համանախագահներուն մասնակցութիւնը։ Թէեւ զանազան միջազգային հարցերու շուրջ անոնց միջեւ գոյութիւն ունին տարաձայնութիւններ, սակայն ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման պարագային համանախագահները հանդէս կու գան համաձայնեցուած ընդհանուր դիրքորոշումով մը։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ Կարէն Միրզոյեան դիտել տուած է, որ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ թնճուկը ունի եւ պիտի ունենայ իր լուրջ անդրադարձը ընդհանուր տարածքաշրջանային զարգացումներուն վրայ։
Միւս կողմէ, Պաքուի ղեկավարութիւնը անհանգստացած է Կարէն Միրզոյեանի դէպի Ուաշինկթըն այցելութենէն, որու ընթացքին ան ձեռնարկի մըն ալ մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսէն ներս։ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ եւ արտաքին կապերու բաժնի վարիչ Նովրուզ Մամետով յայտնեց, թէ սխալ կը համարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի ունեցած հանդիպումը Կարէն Միրզոյեանի հետ։ Ըստ իրեն, ամերիկացի համանախագահը կրնար Կարէն Միրզոյեանի հետ այլ պայմաններու ներքեւ հանդիպիլ, սակայն ոչ ԱՄՆ-ի մէջ։ «Այս բոլորը Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ-ի նկատմամբ որոշ վերաբերմունք մը կը ձեւաւորեն», ըսաւ Մամետով։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմէթ Հաճիեւն ալ ըսաւ. «Լեռնային Ղարաբաղի անջատման վարչակազմի ներկայացուցիչ Կարէն Միրզոյեանին ԱՄՆ մուտքի վիզա տրամադրումը անթոյլատրելի է, որովհետեւ ԱՄՆ Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւններէն մին է»։ Հարկ է նշել, որ Ուորլիք Կարէն Միրզոյեանը հիւրընկալած էր ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ Նովրուզ Մամետով առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ եւ Միրզոյեանի Ուաշինկթըն այցելութեան դէմ արտայայտած բողոքի պայմաններուն ներքեւ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրնան հանդիպիլ մինչեւ տարեվերջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, համանախագահները ներկայիս կը փորձեն կազմակերպել նախագահներու հանդիպումը, որու յստակ ժամկէտները տակաւին յայտնի չեն։