ՃԱԿԱՏԷՆ ԻՐԵՐԱՄԵՐԺ ԼՈՒՐԵՐ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հայ եւ ա­զէ­րի կող­մե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն կը տրա­մադ­րեն ի­րե­րա­մերժ տուեալ­ներ։ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­րա­ծե­ցին, թէ հա­րուած­ներ հաս­ցուած են հայ­կա­կան դիր­քե­րուն վրայ։ Նոյն աղ­բիւր­նե­րը պնդե­ցին, որ ե­րեք հայ զի­նուոր մա­հա­ցած է եւ տե­սա­նիւ­թեր ալ հրա­պա­րա­կե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն դրուագ­նե­րով։

Այս բո­լո­րին կա­պակ­ցու­թեամբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ հեր­քու­մով մը։ Ար­ցա­խի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը պնդե­ցին, թէ սա Պա­քուի կող­մէ տա­րա­ծուած հեր­թա­կան ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւնն է։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թիւ­նը այս ան­գամ ո­րե­ւէ մեկ­նա­բա­նու­թիւն չկա­տա­րեց ա­զէ­րի կող­մի քա­րո­զար­շա­ւի հե­ղի­նակ­նե­րու վառ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ար­գա­սի­քին շուրջ եւ շեշ­տեց, թէ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան խախտ­ման հե­տե­ւան­քով Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը ո­րե­ւէ կո­րուստ չէ ու­նե­ցած։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րը ա­ռաջ­նագ­ծին վրայ կը թե­լադ­րեն ի­րենց կամ­քը ու կը շա­րու­նա­կեն վստա­հօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նել մար­տա­կան հեր­թա­պա­հու­թիւն։

 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015