ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԵԴԻ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս շրջա­նին կեան­քի կը կո­չուի գե­ղա­րուես­տա­կան կա­րե­ւոր յայ­տա­գիր մը, ո­րու նպա­տակն է խրա­խու­սել Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը։ «Ներ­դաշ­նա­կու­թեան մե­ղե­դի» կը կո­չուի այս ծրա­գի­րը, ո­րուն մէջ ներգ­րա­ւուած են թուրք եւ հայ ե­րա­ժիշտ­ներ։ Նա­խագ­ծին մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ նաեւ մեր հա­մայն­քէն սի­րուած մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ։

Երկ­խօ­սու­թեան խրա­խուս­ման ուղ­ղեալ այս ծրագ­րով նա­խա­տե­սուած են եր­կու հա­մերգ­ներ, ո­րոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ե­րե­կոյ­թը կազ­մա­կեր­պուած էր «Յա­կոբ Պա­րո­նեան» ե­րաժշ­տա­կան եր­գի­ծա­կան թատ­րո­նի դահ­լի­ճին մէջ։ Այս առ­թիւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ռի­չըրտ Միլս։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Սի­պի­լին ա­ռըն­թեր Ե­րե­ւան մեկ­նած էին Թուր­քիա­յէն ժո­ղովր­դա­կան նուա­գա­րան­նե­րու վար­պետ քա­նի մը ա­րուես­տա­գէտ­ներ՝ Օս­ման Եուր­տալ Թոք­ճան, Կէօք­սէլ Պաք­տա­կիր, Պու­րաք Մալ­չոք եւ Մերթ Էլ­մաս։ Ա­նոնք հան­դէս ե­կան լայն ճա­նա­չում վա­յե­լող հայ­կա­կան «The Beautified Project» ռաք ե­րաժշ­տա­կան խում­բին հետ։

Հարկ է նշել, որ այս ծրագ­րին շրջագ­ծով երկ­րորդ հա­մեր­գը յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան ըն­թաց­քին՝ Դեկ­տեմ­բե­րի 22-ին նա­խա­տե­սուած է Իս­թան­պու­լի մէջ, Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015