Ասուլիս - Բ -
Անթիլիասի աղբիւրները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ Իսթանպուլի մէջ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին շուրջ մատուցած են հետաքրքրական տուեալներ։ Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին առընչութեամբ կազմակերպուած է այս ասուլիսը։ Անթիլիասի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած այս ասուլիսին նպատակն էր թրքական մամուլին ճամբով լայն տեղեկութիւններ փոխանցել Թուրքիոյ ժողովուրդին։ Կանխաւ կարելի է ըսել, թէ ըստ էութեան, այդ ասուլիսին արձագանգները այդքան ալ մեծ չեն եղած՝ Թուրքիոյ ժողովուրդին «լա՛յն» տեղեկութիւններ փոխանցելու չափ։ Մինչ այդ, Անթիլիասի հաղորդագրութեան կցուած է ցուցակ մը, որու մէջ ժամանակագրական կարգով նշուած է, թէ ո՛ր լրատուամիջոցները արձագանգ հանդիսացած են այդ ասուլիսին կամ տուեալ նիւթին։ Այդպիսի ցուցակի մը հրապարակումը արդէն ինքնին կասկած կը յարուցէ՝ հեղինակներու ապահոված արդիւնքին առթած բաւարարութեան տեսանկիւնէն։ Կարծես ձախողման խոստովանութիւն մը եղած ըլլար։
2015-ին զուգադիպած նման աղմկարար նախաձեռնութեան մը այսքան սիրողական ու հատուածապաշտական մօտեցումով թրքական հասարակութեան մատուցուիլը, միանշանակօրէ՛ն լիարժէք չի նպաստեր որդեգրուած նպատակին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ