ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԵՐԳԸ
Ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրիական Մշակոյթի կեդրոնի կողմէ սարքուած Ս. Ծննդեան համերգին:
Համերգը սարքուեցաւ երէկ երեկոյեան, Աւստրիոյ հիւպատոսարանի Ենիգիւղի ապարանքին մէջ: Համերգին ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը, Մատակարար մարմնի անդամներ եւ ծնողներ:
Նախքան համերգին սկսիլը ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ հիւպատոսարանի համերգասրահին մէջ, ուր ներկայ էր հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Ներկայացումի սկիզբը խօսք առաւ Աւստրիոյ Իսթանպուլի հիւպատոսարանի մշակոյթի բաժնէն Մագ. Ռոմանա Քէօնիկսպրուն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեան վարժարանի եւ աւստրիական Ալեւ վարժարանի տնօրէններուն ու պատասխանատուներուն:
Մխիթարեան վարժարանի մանկանց երգչախումբը եւ աւստրիական Ալեւ վարժարանի երգչախումբը հանդէս եկան Ս. Ծննդեան և ամանորեան մասնաւոր յայտագրերով: Երգացանկը կը բաղկանար հայերէն, գերմաներէն և անգլերէն գողտրիկ երգերէ: Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութի մականին ներքեւ մխիթարեանցի տղաքը մեծ ոգեւորութեամբ մեկնաբանեցին կտորները, արժանանալով ունկնդիրներուն անվերապահ գնահատանքին:
Այս երաժշտական խնջոյքը Ս. Ծննդեան ու Նոր տարուան սեմին մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց մխիթարեանցի տղոց մօտ, անոնց սրտիկներուն մէջ սերմանելով Յիսուս Մանուկի ծննդեան սքանչելի խորհուրդին առթիւ ջերմագին զգացումներու տարափ մը: