ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՔԷՐՄԷՍ

Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սը վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն ար­ժա­նա­ցաւ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէ Է­սաեա­նի հա­մա­կիր­ներ եւ վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­ներ հա­մախմ­բուե­ցան վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ, ուր զե­տե­ղուած էին քէր­մէ­սի տա­ղա­ւար­նե­րը։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի եւ Ծնո­ղաց միու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս քէր­մէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուե­ցան բազ­մա­թիւ ձե­ռա­գործ ի­րե­ղէն­ներ եւ ա­մա­նո­րեան շրջա­նին բնո­րոշ ա­ռար­կա­ներ։ Այ­ցե­լու­նե­րը այդ բո­լո­րը ի­րենց սի­րե­լի­նե­րուն հա­մար ա­պա­հո­վե­ցին՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նպաստ մը բե­րե­լով Է­սաեան վար­ժա­րա­նին։ Տա­ղա­ւար­նե­րը վե­րահս­կող  պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ա­ռըն­թեր քէր­մէ­սի այ­ցե­լու­նե­րը ող­ջու­նե­ցին նաեւ Է­սաեան լի­սէի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան եւ միջ­նա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ։

Քէր­մէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին հե­տե­ւալ ա­նուն­նե­րը.

Զե­փիւռ Կի­րա­կո­սեան, Նա­տիա Զիւ­լէ­մեան, Կիւլ­վարդ Պա­հա­րօղ­լու, Շնոր­հիկ Չե­թին, Ա­նի Պա­հա­րօղ­լու, Սիւ­զան Պո­րան, Պեր­ճու­հի Օ­վա­կիմ, Կիւ­լի­զար Ահ­պապ, Կիւ­նայ Մեր­մէր, Ֆի­լոր Կա­զէր, Պրիան Շի­լէ­լեան, Մա­րի Սա­րա­ճեան, Սօ­նա Քէ­շի­շօղ­լու, Նազ­լը Պոզ, Վար­դա­նոյշ Տուր­մազ­կիւ­լէր, Նուարդ Խա­չե­րե­սեան, Զէ­քիէ Թաշ, Վար­դու­հի Ֆենտ, Ան­ժէլ Այ­տէ­տէ, Խա­թուն Գը­լըչ­տաղ, Պե­լին­տա Տօ­նա­պե­տեան, Լի­տիան Ե­շիլ­թէ­փէ, Սօ­ֆիա Ավ­ճը, Սու­նա Տե­միր­ճի, Ա­րիա­նա Ճում­կա­զէ­րօղ­լու, Հե­լէն Մու­րատ­ճըօղ­լու, Թա­լին Ման­թօ, Թա­լին Չո­փուր եւ Ի­մաս­տու­հի Կիւն­կէօր­մէ­զէր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015