ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ ՄԸ

Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու Եու­սուֆ Թե­քին ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նը։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին նա­խա­րա­րու­թեան Մաս­նա­ւոր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նե­րու բա­ժան­մուն­քի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Էօ­մէր Ֆա­րուք Ել­քէն­ճի, Իս­թան­պու­լի Կրթա­կան տնօ­րէն Մուամ­մէր Եըլ­տըզ եւ Գա­տը­գիւ­ղի Կրթա­կան տնօ­րէ­նու­թե­նէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նէն ներս այս այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ ստեղ­ծուե­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լորտ։ Եու­սուֆ Թե­քին հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէ­քի, տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լուի, փոխ-տնօ­րէ­նու­հի Հա­թի­ճէ Ա­տա­նը­րի կող­մէ։ Հիւ­րե­րը եւ դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը նախ ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ձե­ւա­չա­փին մէջ ու­նե­ցան տե­սակ­ցու­թիւն մը եւ այս հանգ­րուա­նին Եու­սուֆ Թե­քին շեշ­տեց, որ Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մօտ միշտ գե­րիշ­խած է փոք­րա­մաս­նու­թեանց վար­ժա­րան­նե­րու հար­ցե­րուն դրա­կան լու­ծում­ներ գտնե­լու նա­խընտ­րու­թիւն։ Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին դրա­կան վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէք ար­ծար­ծեց թրքա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու կար­գա­վի­ճա­կի վե­րա­բե­րեալ առ­կայ խնդիր­նե­րուն լուծ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Եու­սուֆ Թե­քին եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը ա­ւե­լի վերջ փու­թա­ցին վար­ժա­րա­նի ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան։ Ա­նոնք խո­րա­պէս տպա­ւո­րուե­ցան փոք­րիկ սա­նե­րու հետ այս շփու­մէն, մինչ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ նկա­րա­հա­նում։

Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին ա­ռըն­թեր, Եու­սուֆ Թե­քին այ­ցե­լեց նաեւ յու­նաց եւ հրէից վար­ժա­րան­ներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015