ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Երեւան կատարած այցելութեան կապակցութեամբ այսօր «Արեւելք» կայքէջը կատարած է զանազան հաղորդումներ։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նորին Սրբազնութիւնը Երեւանի մէջ պիտի հետաքրքրուէր Հայաստանէն արտագաղթելով Թուրքիա հաստատուած ընտանիքներու զաւակներու կրթութեան վերաբերեալ հարցերով։ Այս կապակցութեամբ ան տեսակցած է Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան պատկան պատասխանատուներուն հետ։
Վերջերս Հայաստանէն Թուրքիա գաղթած խումբ մը ընտանիքներ դիմած են Պատրիարքարան եւ մտահոգութիւն յայտնած են, որ Հայաստան վերադառնալու պարագային Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ ուսանած իրենց զաւակներու փաստաթուղթերը արդեօք վաւերական պիտի համարուի՞ն, թէ ոչ։ Այս հիման վրայ Նորին Սրբազնութիւնը առկայ խնդիրները անձամբ յանձնած է Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան պաշտօնատարներու նկատառման։ Ան Երեւեանի մէջ ներկայացուցած է իրավիճակը ու շեշտած է, թէ Հայաստանէն արտագաղթած հարիւրաւոր ընտանիքներու զաւակներ կրթութիւն կը ստանան Թուրքիոյ դպրոցներուն, ի մասնաւորի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ։ Երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը մշտապէս մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այդ աշակերտներու ծնողներուն մօտ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի այցելութեան առթիւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան Սփիւռքի բաժնին կողմէ այս հարցին շուրջ հրապարակուեցան մանրամասնութիւններ՝ Թուրքիոյ մէջ ուսում ստացող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի երախաներու պարագային։ Ըստ նախարարութեան աղբիւրներու, կրթութիւնը այն բնագաւառն է, ուր տղաքը պէտք չէ տուժեն եւ Թուրքիոյ կրթական համակարգէն Հայաստանի կրթական համակարգ տեղափոխուիլ փափաքող հայաստանցի աշակերտներու փաստաթղթային հարցերը կը կարգաւորուին դրական մօտեցումով։ Այսինքն, հարցերը կը լուծուին այնպէս, ինչպէս այլ երկիրներէ Հայաստան մեկնած աշակերտներու պարագային։
«Եթէ տուեալ դպրոցը, ուր կ՚ուսանի հայաստանցին, ճանչցուած է թրքական պետութեան կողմէ, ապա որեւէ խնդիր չկայ, երախան հանգիստ կրնայ իր փաստաթուղթերով տեղափոխուիլ մեր դպրոցը եւ եղած են դէպքեր, երբ Թուրքիայէն Հայաստան աշակերտներ եկած են եւ այսօր կ՚ուսանին մարզերու մեր դպրոցներուն մէջ», ըսաւ Նունէ Վարդանեան, որ կը գլխաւորէ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան Սփիւռքի հետ կապերու բաժինը։ Ան աւելցուց, թէ եթէ տարրական դպրոցի աշակերտներու պարագային գիտելիքները ստուգելու խնդիր սովորաբար գոյութիւն չունի, ապա բարձր դասարաններու պարագային գիտելիքը կը ստուգուի եւ ըստ այդմ կը ճշդուի դասարանը, ուր ան պէտք է շարունակէ իր ուսումը։
Գալով «Հրանդ Տինք» վարժարանին, ուր բացառապէս կ՚ուսանին Հայաստանէն արտագաղթելով Թուրքիա հաստատուած ընտանիքներու երախաները՝ կան յաւելեալ մանրամասնութիւններ։ Արդարեւ, ի տարբերութիւն թրքահայ համայնքային վարժարաններէն՝ այդ դպրոցը չունի պետական ճանաչում։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Պատրիարքարանը պատրաստակամութիւն յայտնած է տրամադրելու համար փաստաթուղթ մը այն աշակերտներուն համար, որոնք այդ դպրոցէն Հայաստան մեկնելու ցանկութիւնը ունին։ Հարցը քննարկուած է Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան մօտ, սակայն տակաւին վերջնական որոշում մը չէ ընդունուած։ Յամենայնդէպս, սա հաւանական միակ վարկածը պիտի ըլլայ պետական ճանաչումէ զուրկ այդ վարժարանի պարագային։ Նախարարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցած են, որ յառաջիկային պիտի քննարկուի Պատրիարքարանի տրամադրած փաստաթուղթի օրինականութեան հարցը։
Հարկ է նշել, որ 2003 թուականէն ի վեր կը գործէ «Հրանդ Տինք» վարժարանը, ուր կը գործադրուի Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ նախատեսուած ծրագիրը եւ կ՚օգտագործուին նոյն դասագրքերը։ Դպրոցէն ներս կը դասաւանդեն մանկավարժներ, որոնք եւս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան ներքեւ, Թուրքիա կրթական իր համակարգէն ներս չէ ընդունած այս եզակի կրթօճախը, որ կը գործէ երկրի տարածքին մէջ։ Պարզապէս, «հանդուրժուած» վիճակի մը մէջ կը գտնուի այս կրթարանը, որուն խոչընդոտներ չեն յարուցուիր կառավարութեան կողմէ։ Իսկ գոյութեան տասներկու տարիներուն ընթացքին շուրջ 150 աշակերտներ անցած են այս դպրոցի նստարաններէն։