ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԵԴԻՆ ԵՒ ՍԻՊԻԼԻՆ ՎԱՌ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՈՐ ՀՆՉԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Յաճախ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա մշակութային երկխօսութեան անհրաժշտութեան մասին, որ պիտի ըլլայ նաեւ մշակոյթի միջոցաւ երկու երկիրներու ժողովուրդները համախմբելու եւ արուեստի խաղաղարար ուժի շնորհիւ նոր պատգամներ յղելու նոր սերունդներուն: Այդ առումով որոշ յաջողուած ծրագրեր արդէն կեանքի կոչուած են, իսկ վերջինը, որ տեղի ունեցաւ այս շաբթուան սկիզբը՝ 14 Դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ, թէ՛ շարունակութիւնն է որոշ մակարդակներու վրայ սկսած երկխօսութեան եւ թէ իր ձեւի մէջ նորութիւն է: Նորութիւն է այն առումով, որ առաջին անգամ դիւանագիտական բարձր մակարդակով կազմակերպուած էր մշակութային երկխօսութիւնը: Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան նախաձեռնութիւնն էր՝ կեանքի կոչել «Ներդաշնակութեան մեղեդի» ծրագիրը, որու մասնակիցները հայ եւ թուրք երաժիշտներ են:
Համերգէն տակաւին օրեր առաջ ծանուցումներ կատարուած էին, հայ երաժշտասէր հանրութիւնը, քաղաքական գործիչներ եւ դիւանագէտներ ստացած էին հրաւիրատոմսերը, իսկ համերգը ունկնդրել փափաքողները այնքան շատ էին, որ հրաւիրատոմսերով մարդոց մուտքէն ետք ազատ ներս ձգուեցան թատրոնի դռներուն մօտ խմբուած բոլոր երաժշտասէրները:
«Ներդաշնակութեան մեղեդի» խորագրեալ ծրագրին սկսելէ առաջ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս լրագրողներուն փոխանցելով կարճ յայտարարութիւն մը, նշեց, թէ դեսպանատունը մշտապէս կանգնած է այնպիսի նախաձեռնութիւններու կողքին, որոնք խաղաղարար պատգամներ կը փոխանցեն ժողովուրդներուն: Այդպիսի նախաձեռնութիւն մըն ալ ան նկատեց «Ներդաշնակութեան մեղեդի»ն, որ կարեւոր համարեց հայ եւ թուրք ժողովուրդներու համար, որոնց միջեւ շփումներ կան, բայց բաւարար չափով չեն: «Իսկ երաժշտութիւնը, որ ընտրուած է իբրեւ այդ պակասը լրացնելու միջոցներէն մին, պատահական չէ, քանի որ երաժշտութիւնը կը բանայ սիրտերը եւ կը մօտեցնէ հոգիները: Երաժշտութիւնը կոչուած է վերացնելու արգելքներն ու սահմանները», ըսաւ դեսպան Ռիչըրտ Միլս:
Դեսպանի յայտարարութենէն ետք լրագրողներուն իրենց ապրումները փոխանցեցին նախագծի մասնակիցները՝ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ, քանոնահար Կէօքսէլ Պաքտակիր, ուտահար Օսման Եուրտալ Թոքճան, նէյ գործիքի վրայ նուագող Պուրաք Մալչոք եւ հարուածային գործիքներու կատարող Մերթ Էլմաս:
ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐԸ
Հայ հանդիսականին Սիպիլը ներկայացնելու կարիք չկար, քանի որ Երեւանի մէջ ան ճանչցուած անուն մըն է, ինչպէս իր երգերով ու ձայնասկաւառակներով, այնպէս ալ՝ ունեցած ելոյթներով: Այս նախագծին Սիպիլ ներկայացուց իր ծանօթ երգերը՝ «Բարի արագիլ»ը, «Կիլիկիա»ն, «Նամակ»ը եւ «Միայն դու»ն:
Իսկ խօսելով թուրք երաժիշտներու հետ իր համագործակցութեան մասին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումին ի պատասխան երգչուհին ըսաւ, որ անոնցմէ երկուքի հետ ունի սերտ համագործակցութիւն, իսկ վերջերս ալ Օսման Եուրտալ Թոքճանի հրաւէրով համերգի մը մասնակցած է, որուն Իսրայէլէն եւ Յունաստանէն ժամանած երաժիշտներու մէջ ինք եղած է միակ երգչուհին, որ հայերէն երգ մը կատարած է: Երգչուհին ըսաւ, որ այդ համերգին հիմնականը թուրքեր մասնակցած են, եւ ինք առհասարակ, նպատակ ունի հայ երգը ներկայացնելու թրքախօս հասարակութեան եւ երկար տարիներու վրայ այդ գործին մէջ ինչ-ինչ քայլեր յառաջ տարած է:
«Ներդաշնակութեան մեղեդի» երաժշտական ծրագրին մասնակցութիւն բերած երաժիշտներէն է Կէօքսէլ Պաքտակիր: Ան ծնած է 1966 թուականին՝ Քըրքլարէլիի մէջ եւ ութ տարեկանէն ստացած է երաժշտական կրթութիւն: Ունի աւելի քան երեք հարիւր ստեղծագործութիւն: Աշխարհին մէջ ան ճանչցուած է իբրեւ յառաջատար քանոնահար, եւ Երեւանի մէջ յայտարուեցաւ, որ իր անունը ծանօթ եղած է ժողովրդական արուեստի հայաստանցի երաժիշտներուն: Կէօքսէլ Պաքտակիր ունի կարգ մը պարգեւներ, իսկ 2000 թուականին անոր Արեւելքի քամի ձայնասկաւառակը ջերմօրէն ընդունուած է Թուրք հեղինակներու միութեան կողմէ եւ 2004 թուականին Զուիցերիոյ մէջ արժանացած է Եւրոպական Միութեան հիմնադրամի Տարուան երաժշտութիւն մրցանակին: Սկսեալ 1984 թուականէն՝ Կէօքսէլ Պաքտակիր կը զարգացնէ ձախ ձեռքով նուագելու իր ինքնատիպ ոճը՝ կիրառելով նաեւ քանոն նուագելու աւանդական ուղիները: Թուրք յայտնի քանոնահարը հանդէս եկած է զանազան նուագախումբերու հետ եւ կազմակերպած է քանոնի դասընթացքներ՝ աշխարհով մէկ: Ան մասնակցած է Եուրտալ Թոքճանի ստեղծագործութեան ձայնագրման, ինչ որ ալ գործածուած է «Քրիստոսի չարչարանքները» շարժանկարին մէջ: Պաքտակիր նաեւ գիրքերու հեղինակ է, կը դասաւանդէ Միմար Սինան համալսարանի Արեւմտեան երաժշտութեան երաժշտանոցին մէջ եւ Հալիչ համալսարանի Թրքական երաժշտութեան երաժշտանոցին մէջ:
Կէօքսէլ Պաքտակիրի քանոնով նուագակցութիւնը՝ «Ներդաշնակութեան մեղեդի» ծրագրի ընթացքին, ընդունուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ: Անոր քանոնի նուագը ներդաշնակած էր միւս երաժշտական գործիքներու կատարման եւ ռաք խումբի ելոյթին հետ՝ ստեղծելով եւրոպական ու արեւելեան արուեստներու գեղեցիկ երկխօսութիւն մը՝ բեմին վրայ:
Համերգին մասնակից միւս երաժիշտը նոյնպէս իր ասպարէզին մէջ ծանօթ անուն մըն է: Ան՝ Օսման Եուրտալ Թոքճան ծանօթ է իբրեւ աշխարհի լաւագոյն ուտահարներէն մին: Երաժիշտը ծանօթ է այդ գործիքը նուագելու առանձնայատուկ ոճով մը, որու միջոցաւ ան կը համադրէ աւանդականն ու ժամանակակից հնչերանգները: Օսման Եուրտալ Թոքճան ծնած է 1966 թուականին՝ Օրտու քաղաքը, աւարտած է Թրքական երաժշտութեան պետական երաժշտանոցը՝ 1988 թուականին, իսկ 1990 թուականին որպէս ուտահար աշխատանքի անցած է Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Իսթանպուլի պետական երաժշտական նուագախումբին մէջ: Այս երաժիշտը ունի նաեւ մատնատեղեր չունեցող կիթառ նուագելու ինքնատիպ ոճ եւ իր բազմաթիւ գործիքային կատարումներուն մէջ կը համադրէ աւանդական հարուստ մեղեդիականութիւնն ու բազմաձայն երաժշտութիւնը: Ներկայիս ան կ՚աշխատի որպէս գեղարուեստական ղեկավար Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ներքոյ: Թոքճան հանդէս կու գայ İstanbul Sazendeleri (Իսթանպուլի երաժիշտներ) խումբին մէջ, որ ստեղծուած է թրքական գործիքային երաժշտութիւնը ներկայացնելու նպատակով: Ան նոյնպէս մասնակցած է բազմաթիւ ձայնագրութիւններու, հանդէս եկած է աշխարհի զանազան բեմերու վրայ: Օսման Եուրտալ Թոքճան նաեւ մէկն է այն երաժիշտ-կատարողներէն, որու երաժշտութիւնը հնչած է «Երկնային արքայութիւն» շարժանկարին մէջ:
Լրագրողներուն ան յայտնեց, որ շուտով Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններու ալպոմ մը թողարկէ: Ան նաեւ ըսաւ, որ երկու ժողովուրդներու երաժշտութիւնները սերտօրէն կապուած են մէկը միւսին, նկատի առնելով, որ երկուքն ալ նոյն տարածքաշրջանէն սերող երաժշտութիւն են:
«Ներդաշնակութեան մեղեդի» նախագծի համեմատաբար երիտասարդ սերունդի երաժիշտ Պուրաք Մալչոք ծնած է Անգարա, 1987 թուականին: Ան թրքական ժողովրդական նէյ գործիքի վարպետ-կատարող է: 2010 թուականին գերազանցութեամբ աւարտած է Իսթանպուլի համալսարաններէն մէկուն թրքական երաժշտութեան բաժինը, ապա մագիստրոսի կոչում ստացած է Եըլտըզ ու Հալիչ համալսարաններու մէջ: 2013 թուականին Մալչոք հիմնած է իր Yekpare խումբը, որ նոյն տարին ալ թողարկած է իր առաջին պաշտօնական ձայնասկաւառակը: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ հանդէս եկած է գործիքային կատարմամբ, իսկ 2007 թուականին Մալչոք նաեւ մասնակցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կազմակերպած Նէյահարներու համաշխարհային ժողովին, ուր նաեւ նուագած է: Ներկայիս, ան, որպէս երաժիշտ կատարող եւ ձայնային մասնագէտ ներկայանալէ զատ, կը դասաւանդէ նաեւ համալսարանի մէջ (Օսմանեան երաժշտական հետազօտութիւններու ու կատարումներու կեդրոնը):
Այս նախագծի ամենէն երիտասարդ մասնակիցը՝ հարուածային գործիքներու կատարող Մերթ Էլմաս, ծնած է 1997 թուականին՝ Իսթանպուլի մէջ, իսկ հարուածային գործիքներ նուագել սկսած է չորս տարեկանին: Ներկայիս ան աւարտական դասարանի աշակերտ է Cemal Reşit Rey ար-ւեստի դպրոցին մէջ:
Ինչպէս հայ հանդիսականը ծանօթացաւ թուրք երաժիշտներու բարձր կատարողական արուեստին, այնպէս ալ իրենք՝ թուրք երաժիշտները վայելեցին հայկական The Beautified Project ռաք խումբի անկրկնելի կատարումները, որ համատեղուեցան արեւելեան երաժշտութեան հետ՝ դառնալով ինքնատիպ երաժշտական խառնուրդ մը, ինչ որ թարմութիւն եւ հիացմունք պատճառեց հանդիսականին:
The Beautified Project խումբը այսօր կը նկատուի հայաստանեան միակ անգլիալեզու ռաք խումբը, որ միջազգային ճանաչում ունի: Խումբը հիմնած են Հայաստան տեղափոխուած երեք իրանահայեր՝ Անտրէ Սիմոնեանը, Արմէն եւ Առլէն Շահվերտեանները, որոնք երկուորեակ եղբայրներ են: Այս տարի խումբը նշեց հիմնադրման 10-ամեակը եւ մի քանի անգամ ճանչցուած է իբրեւ հայկական լաւագոյն ռաք խումբ: Լոնտոնի մէջ հիմնուած խումբը միջազգային համերգային գործունէութիւն ունեցած է, սիր-ւած եւ ընդունուած է նաեւ Հայաստանի մէջ: The Beautified Project խումբի հիմնադիր Անտրէ Սիմոնեանն ալ, բանալով «Ներդաշնակութեան մեղեդի» նախագծի երեւանեան համերգը, ըսաւ. «Շնորհակալութիւն, որ եկած էք, դուք մեծ սիրտերու եւ լայն հոգիներու տէր էք»:
Համերգի ընթացքին տեղի ունեցաւ Don’t blame me երգի առաջին կատարումը, որ հնչեց նախագծին մասնակից բոլոր երաժիշտներու մասնակցութեամբ:
Նոյն համերգը, նոյն ծրագրով եւ նոյն երաժիշտներով յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին՝ 22 Դեկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ: The Beautified Project խումբը, Սիպիլը եւ չորս թուրք երաժիշտները, երաժշտութեան միջոցով իրենց խաղաղութեան յաջորդական պատգամները կը յղեն:
Իսկ թուրք երաժիշտները իրենց մէկշաբաթեայ այցելութեան ժամանակ կ՚այցելեն Հայաստանի տեսարժան վայրերը, կը ծանօթանան Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին՝ իրենց հետ տանելով մշակութային Հայաստանի հարուստ շունչը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024