ԳՐԻՉԸ ՈՒՂԻ՛Ղ ՇԱՐԺԵԼ
«Գրիչ բռնել» կամ «գրիչ շարժել», այսինքն՝ գրիչը գործածել, օգտագործել եւ գրիչին կեա՛նք տալ, մէկ բառով եթէ արտայայտել ուզենք՝ գրե՛լ։ Լաւ է այս։
Բայց հարց մը կա՛յ, այն է որ «գրիչ»ը որպէսզի իր պարտականութիւնը ուղիղ, նպատակայարմար եւ շիտակ կերպով կարենայ կատարել, պէտք է՝ «սուր» ծայր ունենայ՝ լաւ խնամուած եւ բծախնդրութեամբ տաշուա՛ծ։
Այս կը վերաբերի նիւթական իմաստով «գրիչ»ին, իսկ «գրող»ի իմաստով՝ հմուտ, բանաւոր ըլլալու՝ լա՛ւ մշակուած եւ պատրաստուա՛ծ։ Այլապէս եթէ ամէն գրել փորձող գրիչ բռնելու կամ շարժելու ձեռնարկէ, ինքզինք իրաւասու եւ հեղինակաւոր նկատէ, կրնայ շեղումներ պատահի իսկական նպատակէն եւ սխալանքներու եւ մոլորումներու պատճառ դառնայ…։
Ուրեմն գրելը՝ գրիչ բռնել եւ շարժելը լուրջ պատասխանատուութիւն պահանջող գործ մըն է՝ ի՛նչ որ խօսելու չի նմանիր, քանի որ «խօսքը կրնայ կորսուիլ, բայց գիրը յաւէտ կը մնա՛յ»։ Արդարեւ, թէեւ խօսելու ատեն պէտք է ուշադիր եւ բծախնդիր ըլլալ, բայց գրելու ժամանակ այս՝ բազմապատիկ կերպով կ՚աւելնայ։
Այս իմաստով «գրել»ը՝ «գրիչ» ըլլալը պատասխանատուութեան հարց մըն է՝ ամբողջ ընկերութեան, բոլոր մարդկութեան հանդէպ, ո՛չ միայն ներկային, հապա ամբողջ ապագայի նկատմամբ։ Ուստի ոմանք «խօսիլ» կը կարծեն, անոնք խօսած պահուն թերեւս կը շեղին նպատակէն, բայց յետոյ կը մոռցուին, շատ ալ տպաւորութիւն չեն գործեր, եթէ կարեւորութիւն չի ներկայացներ ան։ Արդարեւ շա՜տեր կը խօսին, կը խօսին «բան» մը ըսած կը կարծեն, եւ ո՛չինչ կ՚ըսեն եւ այդ «ո՛չինչ»ը արդէն շուտ մը կը կորսուի, կ՚ոչնչանա՜յ։
Բայց սիրելի՜ներ, «գրիչ»ը այդպէս չէ՛. կը մնայ եւ կը տպաւորէ, ո՛չ թէ պահուն, այլ այնքան ատեն որ գիրը կը մնայ, կը շարունակէ ներկայ ըլլալ՝ ո՛չ միայն պահուն, այլ ապագային մէջ։
Գիտեմ, կը զգամ, որ մեր սիրելի՜ ուշադիր ընթերցող բարեկամներ պիտի նկատեն հակասութիւն մը մեր այս խորհրդածութիւններու եւ յաճախ կրկնած «հոգեմտաւորական» ըլլալու գաղափարին միջեւ։ Սակայն ես չեմ կարծեր, որ հակասութիւն մը գոյութիւն ունենայ այս երկուքին միջեւ, քանի որ «մտաւորական» ըլլալ միտքը, բանականութիւնը գործածելու հարց մըն է, իսկ գրելը՝ խորհուրդը, միտքը ուրիշներու փոխանցելու, տարածելու առաքելութի՛ւն մըն է։ Ուրեմն «խորհիլ», «մտածել», «գաղափար յղանալ», ամէն բանաւոր էակի թէ՛ իրաւունքը եւ թէ պարտականութիւնն է. իսկ զայն փոխանցել եւ տարածել՝ պատասխանատուութիւն պահանջող արարք մը։
Ուրեմն չսպասենք ամէն մէկէ գիրով արտայայտել իր միտքը, իր խորհուրդը կամ յղացած գաղափարը, մանաւանդ մասնագիտութիւն պահանջող հարցերու շուրջ։ Բայց խօսած ատեն ալ պէտք է ենթական լաւ որոշէ՝ ո՛չ թէ ի՛նչ պէտք է խօսի կամ ըսէ, այլ՝ ի՛նչ որ պէտք չէ ըսել, պէտք է զգոյշ ըլլալ արտայայտելու ատեն որեւէ միտք կամ անձնական գաղափար։ Եւ ինչպէս նախապէս ըսած ենք, գաղափար յայտնելու համար, մէկը առնուազն որոշ տեղեկութիւն մը, գիտութիւն մը ունենայ գաղափար յայտնած նիւթին շուրջ։ Ուստի առանց գիտութեան, գոնէ նուազագոյն տեղեկութեամբ միտք յայտնել, գաղափար յղանալ՝ կրնայ սխալեցնել թէ՛ ենթական, թէ շուրջինները։
Եւ դարձեալ կու գանք այն կէտին՝ թէ չափաւորութիւնը, կշիռը ինչպէս ամէն յարաբերութիւններու մէջ, մանաւանդ մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքի մէջ կարեւոր է ե՛ւ անհրաժե՛շտ։ Չենք ըսեր «մասնագիտութիւն», բայց գոնէ նուազագոյն տեղեկութիւն ունենալու է երբ ընկերային-հասարակական ձեռնակ մը կատարել կը փորձուի։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ մանաւանդ ընկերային կեանքի զանազան իրադարձութիւններ ցոյց տուած են, որ շատ մը ձեռնարկումներ, միջամտութիւններ կը կատարուին եւ կը հանդիսանան յաճախ անիրաւասու, լիազօրութիւն չունեցող՝ ինքնակոչ պաշտօնատարներու, իրենք իրենցմէ եւ կամ դարձեալ իրենց նման անիրաւասու անձերու կողմէ պաշտօն ստանձնած անձերու միջոցով։ Այդպիսի անհիմն պաշտօնակալութիւն մը՝ ո՛չ թէ օգուտ, այլ մանաւանդ վնա՛ս կը պատճառէ ամբողջ ընկերութեան, հասարակութեան։
Այս մասին պարզ օրինակ մը կրնայ բացատրել մեր միտքը. անօթի մէկը ուտելիք կ՚ուզէ ձեզմէ, դուք միայն նեխած, հոտած ուտելիք կու տաք այդ անօթի մարդուն։ Ապա ուրեմն բարի՞ք ըլլած կ՚ըլլաք թէ՝ չարիք։ Ուրիշ խօսքով՝ եթէ չունիք ուրիշ ուտելիք, այդ հոտածը տա՞լ աւելի օգտակար է, քան չտալը։ Նեխած, հոտած ուտելիքը անօթի մարդուն պահանջքը չի գոհացներ, քանի որ եթէ ուտէ, նոյնիսկ իրեն ո՛չ թէ օգուտ այլ վնաս պիտի պատճառէ։ Ուրեմն եթէ հաստատ գիտութեան վրայ չէ հիմնուած խօսքը կամ գրութիւնը՝ որեւէ նպատակի չի ծառայեր, եթէ նոյնիսկ վնասակար չըլլայ, օգտակար ալ չ՚ըլլար՝ աննպատակ աշխատանք, պարապ յոգնութիւն միայն, եւ թերեւս խօսողին կամ գրողին համար ինքնագոհացման միջոց միայն…։
Ուրիշ օրինակ մըն ալ տանք, ո՞րը կը նախընտրէք՝ սնտուկ մը լեցուն փտած խնձո՞րը, թէ՝ միայն մէկ հատ թարմ խնձորը։ Եւ քանի որ մէկ թարմ խնձորը աւելի առողջարար եւ օգտակար է, ուրեմն բանականութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ պէտք է նախընտրել մէկ թարմ խնձորը, քան ամբողջ սնտուկ մը լեցուն խնձորը։ Այս օրինակէն կը հետեւցնենք սա եզրակացութիւնը՝ թէ կարեւորը որա՛կն է քան քանակը։ Եւ կը կրկնենք սա մտածումը, թէ՝ կան մարդիկ, որ շատ կը խօսին ու ո՛չինչ կ՚ըսեն, եւ կան՝ որոնք սակաւախօս են բայց շա՜տ բան կ՚ըսեն՝ օգտակար եւ օգտագործելի՛։ Եւ ահաւասիկ «գրիչ»ին ալ պարտականութիւնը ըլլալու է՝ օգտակարը, նպաստաւորը, շահաւէտը եւ պիտանին։
«Գրիչ»ը իրապէս գրի՛չ կ՚ըլլայ, երբ իր կարողութեան ու տարողութեան չափով օգուտ մը կ՚ապահովէ հասարակութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 10, 2015, Իսթանպուլ