ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՁԻՒՆԱՀԱԼ

Թուր­քիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րէն սկսեալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ պաշ­տօ­նա­պէս սկսած է ձիւ­նա­հա­լի մը գոր­ծըն­թա­ցը։ Ծա­նօթ է, որ «Մա­ւի Մար­մա­րա» նա­ւու դէպ­քով ծա­գած ճգնա­ժա­մը պատ­ճառ դար­ձած էր, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեծ լա­րուա­ծու­թիւն մը ապ­րուի եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ, ո­րոնք մինչ այդ ի­րենց կա­պե­րը հաս­ցու­ցած էին ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մա­կար­դա­կին։ Զուի­ցե­րիոյ մէջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են եր­կու եր­կիր­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն մի­ջեւ։ Թուր­քիա­յէն Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու դես­պան Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու մաս­նակ­ցած է այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ մաս­նակ­ցած են Վար­չա­պետ Նե­թա­նի­յա­հուի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Ժո­զէֆ Սայ­չա­նո­վըր եւ Եոս­սի Քո­հէն, որ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին պի­տի գլխա­ւո­րէ «Մո­սատ»ը։

Երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած եւ նա­խաս­տո­րագ­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նայ հինգ կէ­տե­րէ։ Թուր­քիա 20 մի­լիոն տո­լար հա­տու­ցում պի­տի ստա­նայ «Մա­ւի Մար­մա­րա»ի հա­մար ու պի­տի փա­կուի այդ թղթած­րա­րը։ Կող­մե­րը փո­խա­դարձ պի­տի նշա­նա­կեն նոր դես­պան­ներ եւ Հա­մա­սի ան­դամ­նե­րէն Սա­լիհ Էլ Ա­րու­րի պի­տի լքէ Թուր­քիան։ Բաց աս­տի, բնա­կան կա­զի ո­լոր­տէն ներս պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցին կող­մե­րը։ Ցիւ­րի­խի մէջ ա­պա­հո­վուած այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին վերջ­նա­կա­նօ­րէն չէ ստո­րագ­րուած։ Թրքա­կան կող­մը պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցուց, որ շփում­նե­րը կ՚ըն­թա­նան դրա­կան։

Իս­րա­յէ­լի հետ այս նոր շրջա­նը կը զու­գա­դի­պի այն փու­լին, երբ Թուր­քիա կա­զի այ­լընտ­րան­քա­յին աղ­բիւր­ներ կը փնտռէ՝ Ռու­սաս­տա­նի հետ ծա­գած լա­րուա­ծու­թեան բե­րու­մով։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015