Օ­ՏԱ­ՐԱ­ՄՈ­ԼՈՒ­ԹԵԱՆ ԱԽ­ՏԸ

«ՊԱՆԴԽ­ՏՈՂ­ՆԵ­ՐԻՆ

«Ի՞նչ էք ա­նում, ա՛յ խեղճ հա­յեր

«Որ երկ­րու­մը ցան­կա­լի

«Թո­ղած ա­նուշ օդն ու ա­յեր

«Դի­մում էք գիրկն օ­տա­րի։

«Օ­տարն եր­բէք չի ճա­նա­չում

«Ձեր ցա­ւին էլ, կո­ծին էլ,

«Օ­տար հո­ղի ո՛չ մէկ խոր­քում

«Հա­յին չը պէտք կեանք սի­րել»։

­ԳԱ­ՄԱՌ-ՔԱ­ԹԻ­ՊԱ

Օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը հա­սա­րա­կաց ախտ մը, հի­ւան­դու­թիւն մըն է, որ մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ եւ մատ­ղաշ միտ­քե­րու կ՚ազ­դէ, եւ պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, որ ա­նոնք տա­րուին ե­րա­զա­յին ու ցնո­րա­կան դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու զգլխիչ եւ հմա­յիչ հո­սանք­նե­րէն։ Օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը՝ տա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ օ­տա­րը իր ազ­գէն ա­ւե­լի սի­րել, հիա­ցում զգալ օ­տա­րի նկատ­մամբ։

Ար­դա­րեւ, այս զգա­ցու­մը նոր եւ մեր օ­րե­րուն պատ­կա­նող յոյզ մը, ապ­րում մը չէ, ա­մէն շրջա­նի մէջ գտնուած է նման մտո­րում­ներ, մտա­յին թե­քե­րում­ներ, որ թէեւ քի­չեր պա­տա­հա­բար օգ­տուած են, բայց ընդ­հան­րա­պէս կեան­քե­րու փճաց­ման, ըն­տա­նե­կան ա­ւե­րում­նե­րու, յու­սալ­քու­թեան եւ յու­սա­բե­կու­թեան պատ­ճառ հան­դի­սա­ցած են ընդ­հան­րա­պէս։ Ար­դա­րեւ Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ՝ «Ա­նա­ռակ Որ­դի»ին ա­ռա­կը, որ ծա­նօթ է շա­տե­րուն, ցոյց կու տայ, թէ նոր եւ ժա­մա­նա­կիս յա­տուկ հարց մը չէ ա­սի­կա։ Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան ա­պար­դիւն մնա­ցած զուր փոր­ձեր, շա­տե­րու կեան­քին մէջ՝ ան­ցեա­լին պա­տա­հած ապ­րում­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներ ցոյց կու տան, թէ օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը վնա­սա­կար զգա­ցում մըն է ե­ղած։ Օ­տա­րա­մո­լու­թիւ­նը սին, պա­րապ ե­րազ­նե­րու ե­տե­ւէն եր­թալ, խար­խա­փիլ կը նշա­նա­կէ՝ ո­րուն հե­տե­ւան­քը ա­նո­րոշ է եւ անս­տոյգ։ Ցնորք մը, ե­րա­զանք մը, յոգ­նած ու­ղե­ղի պատ­կե­րա­ցում մը, պատ­րանք մը միա՛յն։

Վստա՛հ եմ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, շա­տեր շփոթ ու շուա­րած պի­տի դի­մա­ւո­րեն մեր այս կար­ծի­քը։

Թե­րեւս ո­մանք, յու­սամ քի­չեր, պի­տի վրդո­վին եւ ժա­մա­նա­կավ­րէպ, ան­պա­տեհ պի­տի նկա­տեն մեր գա­ղա­փար­նե­րը։ Ո­մանք ան­բոյժ յո­ռե­տես մը՝ ա­մէն բա­նի գէշ ու վատ կող­մը տես­նող մէ­կը պի­տի նկա­տեն այս տրուպ գրի­չը։ Ի­րա­ւունք ու­նին, բայց ա­նոնք ալ պէտք է գիտ­նան, որ լա­ւա­տես ըլ­լալ եր­բեք չի փո­խեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ճշմար­տա­պէս ապ­րուած կեան­քը։ Այո՛, կրնայ ըլ­լալ ի­րենց «ե­րազ»ը ի­րա­կա­նաց­նող­ներ, յա­ջո­ղած­ներ, կրնայ ըլ­լալ նաեւ, որ ա­նոնց թի­ւը մեծ ըլ­լայ, մեր տե­սա­կէ­տը կը հաս­տա­տենք զօ­րա­ւոր եւ հա­մո­զիչ փաս­տի մը, պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան մը (argument) վրայ, թէ՝ ո­րե­ւէ բոյս երբ իր ար­մա­տէն քա­ղուի, փրցուի եւ տար­բեր հո­ղի մէջ տնկուի, ի՞նչ կ՚ը­սէք սի­րե­լի՜­ներ, այդ տուն­կը կա­րե­լի՞ կ՚ըլ­լայ իր նախ­կին հո­ղին մէջ ե­ղա­ծին պէս ա­ճեց­նել՝ նոր հո­ղը որ­քան ալ պա­րարտ եւ բեր­րի ալ ըլ­լայ։ Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ։ Ար­դա­րեւ ա­մէն բոյս իր հո­ղին մէջ ար­գա­ւանդ է եւ բա­րե­բե՛ր։ Հո­ղը որ­քան ալ պա­րարտ ըլ­լայ՝ հուն­տը, սեր­մը եւ բոյ­սը պէտք է յար­մա­րի ա­նոր…։

Թե­րեւս պի­տի ը­սուի, թէ մար­դը «բոյս» չէ՛։

Ա­յո՛, միշտ կ՚ը­սենք եւ կը կրկնենք, մար­դը բա­նա­ւոր էակ մըն է եւ կը տար­բե­րի բո­լոր միւս ապ­րող, կեն­դա­նի էակ­նե­րէ։ Ը­սե­լիք չու­նինք այդ մա­սին, մենք ալ հա­մա­միտ ենք այդ­պէս խոր­հող­նե­րու հետ։

Բայց մարդն ալ ի վեր­ջոյ «ապ­րող» էակ մը չէ՞։ Եւ ա­մէն ապ­րող, կեն­դա­նի էակ հա­սա­րա­կաց, ա­մէ­նուն պատ­կա­նող, նուա­զա­գոյն չա­փով յատ­կու­թիւն­ներ, հան­գա­մանք­ներ, ձիր­քեր չու­նի՞։ Մարդն ալ ի վեր­ջոյ «ար­մատ» մը չու­նի՞, որ է իր ծննդա­վայ­րը, իր սնած տե­ղը, իր ըն­տա­նի­քին եւ մա­նա­ւանդ իր ան­ցեա­լին գտնուած տե­ղը, ա­նոր «ար­մատ»նե­րուն գտնուած «պա­րարտ եւ յար­մար հող»ը չէ՞, այն հո­ղը՝ որ իր նախ­նի­նե­րը հաս­ցու­ցած է, գո­նէ իր ծնող­նե­րը։ Հա­պա այս ա­մէն­քը ցնո՞րք են, եւ օ­տա՜ր եր­կիր­նե­րը, օ­տար հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը, օ­տար եւ ան­ծա­նօթ «հող»ե­րը՝ ա­նոնք ի­րա­կա­նու­թի՞ւն են, ա­նոնք են, որ հա­սած բոյ­սը պի­տի ա­ւե­լի եւս ա­ճեց­նեն, զար­գաց­նեն…։

Ար­դա­րեւ պանդխ­տու­թիւ­նը օ­տա­րու­թիւն, նժդե­հու­թիւն է, ա­նո­րո­շու­թիւն եւ ի­րա­պէ՛ս ե­րա՜զ։

Ա­յո՛, կ՚ըն­դու­նիմ, ե­թէ ե­րա­զը լաւ ե­րազ մըն է՝ հա­ճե­լի է եւ ա­խոր­ժե­լի, բայց ո՛չ ոք, ոչ մէկ խո­հեմ եւ զգու­շա­ւոր միտք կը տա­րուի, կը տպա­ւո­րուի ե­րազ­նե­րու հմա­յու­թե­նէն. գի­տէ, որ ե­րա­զը տար­բեր աշ­խարհ մըն է եւ կեան­քը՝ տար­բե՛ր։

Ե­րա­զի մը ե­տե­ւէն եր­թալ՝ հիաս­թա­փու­թիւն, այ­սինքն ակն­կա­լու­թեան յա­ջոր­դող յու­սա­խա­բու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ։ Ե­րա­զով ապ­րիլ՝ տար­բեր եւ ա­նի­րա­կան աշ­խար­հի մը մէջ ապ­րիլ կը նշա­նա­կէ, եւ ո՞վ կրնայ ա­պա­հո­վել, ո՞վ կրնայ հա­ւաս­տել, հաս­տա­տել, թէ ա­մէն ե­րազ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ…։ Ե­րա­զը՝ ե­րազ է, իսկ կեան­քը՝ ի­րա­կան, ապ­րուած, մար­դուս ապ­րե­լու կո­չուած եւ պար­տա­ւո­րուած աշ­խարհն է։

Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, Ա­ւե­տա­րա­նի «ա­նա­ռակ որ­դի»ն թո­ղուց իր հայ­րե­նի տու­նը, հո­ղե­րը եւ օ­տա­րու­թիւ­նը, նժդե­հու­թիւ­նը, ա­նո­րո­շու­թիւ­նը՝ պանդխ­տու­թիւ­նը ընտ­րեց, բայց իր ակն­կա­լա­ծէն շա՜տ ա­ւե­լի վատ աշ­խարհ մը գտաւ, դժբախտ եւ թշուառ ե­ղաւ, ձա­խոր­դու­թեան մէջ փճա­նա­լու վի­ճա­կի մատ­նուե­ցաւ եւ պարտաւորուեցաւ, ստիպուեցաւ դառ­նալ իր հայ­րե­նի տու­նը, հայ­րե­նի հո­ղը՝ ուր ծնած, սնած եւ հա­սած էր։ Թե­րեւս «պատ­մու­թի՜ւն», պի­տի ը­սեն ո­մանք եւ ա­ւելց­նեն, թէ ա­մէն պանդխ­տու­թիւն նոյն հե­տե­ւան­քը չ՚ու­նե­նար եւ եզ­րա­կաց­նեն, ինչ­պէս շա­տեր կ՚ը­նեն. «Գէշ օ­րի­նա­կը օ­րի­նակ չ՚ըլ­լար…»։ Վատ օ­րի­նա­կը «օ­րի­նակ» կ՚ըլ­լայ, սի­րե­լի՜­ներ, ե­թէ ան­կէ օգ­տուե­լու, դաս առ­նե­լու մտադ­րու­թիւ­նը ու­նի մէ­կը։ Հա­պա ա­նոնք չե՞ն որ յա­ճախ կ՚ը­սեն. «Չկա՛յ չա­րիք որ չծնի բա­րիք…»։­

Իմ շա՜տ սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, ե­կէ՛ք ան­գամ մը եւս խոր­հինք «օ­տա­րա­մո­լու­թեան» մա­սին, թե­րեւս ձեր մեր­ձա­ւոր­նե­րուն ալ պա­տա­հի նման «հի­ւան­դու­թի՛ւն» մը…։

Դեկ­տեմ­բեր 7, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015