ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԻԹՆԵՐ ԿԱՆ, ԲԱՅՑ…

Սու­րիա­կան տագ­նա­պի շուրջ ըն­թա­ցող խմո­րում­նե­րու ծի­րին մէջ երէկ կա­րե­ւոր հա­մա­րուած ժո­ղով մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նիւ Եոր­քի մէջ: Բա­ցի ժո­ղո­վին ու­նե­ցած ար­դիւնք­նե­րէն, պէտք է շեշ­տադ­րել եր­կու հիմ­նա­կան կէ­տեր:

ա.- Մոս­կուա­յի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը սոյն ժո­ղո­վին:

բ.- Ա­մե­րի­կեան կող­մին Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի ճա­կա­տա­գի­րը ներ­կա­յիս մէկ կողմ դնե­լու եւ տագ­նա­պին միւս ե­րես­ակ­նե­րը քննար­կե­լու նոր ձե­ւա­չափ մը:

Անց­նող շաբ­թուան ըն­թաց­քին կա­տա­րուած խմո­րում­նե­րուն ար­դիւն­քով, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով մաս­նակ­ցե­ցաւ Նիւ Եոր­քի նիս­տին: Ու ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կուա առ­նուազն այս հանգ­րուա­նին կը փոր­ձեն նոյն լեզուով խօ­սիլ: Այ­սինքն տագ­նա­պը փո­խադ­րել նոր հանգ­րուան մը եւ մի­ջազ­գա­յին ու շրջա­նա­յին «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (Ի­ՇԻՊ) դէմ ստեղ­ծուած դա­շին­քի ու­ժե­րը լա­րել եւ «մա­հա­ցու» հա­րուած տալ այդ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման: Ներ­սու­րիա­կան գետ­նի վրայ այս հանգ­րուա­նին շատ կը խօ­սուի հրա­դա­դա­րի մը մա­սին: Այ­սինքն կրակ­մար յայ­տա­րա­րել այն շրջան­նե­րուն մէջ, ուր Սու­րիոյ բա­նա­կը բա­խում­ներ կ­­՚ու­նե­նայ հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի նուազ ար­մա­տա­կան եւ «ոչ-ա­հա­բեկ­չա­կա­ն» հա­մա­րուած խմբա­ւո­րում­նե­րուն դէմ: Ոչ-ա­հա­բեկ­չա­կան ը­սե­լաո­ճը կը մտնէ հա­մե­մա­տու­թիւ­նիւն­նե­րու կռուա­դաշ­տին մէջ, ո­րով­հե­տեւ մինչ «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տը Քա­թա­րին հա­մար «յե­ղա­փո­խա­կա­ն» ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ է, ան­դին նոյն խմբա­ւո­րու­մը Ի­րա­նի եւ ա­նոր հա­ւա­տա­րիմ ու­ժին՝ «Հիզ­պուլ­լահ»ին հա­մար «Ալ Նըս­րա»ն Ի­ՇԻՊ-ին հա­մա­զօր մար­մինն է: Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել «Ահ­րար Ալ Շա­մ» խմբա­ւոր­ման մա­սին, որ կը վա­յե­լէ Ռիա­տի նե­ցու­կը եւ ա­նոր դէմ Սու­րիոյ ազ­գա­յին բա­նա­կը թէժ մար­տեր կը մղէ Դա­մաս­կո­սի գիւ­ղա­կան հա­տուած­նե­րուն մէջ: Ու­րեմն յա­ռա­ջի­կայ քայ­լը պի­տի ըլ­լայ ընդ­դի­մու­թիւ­նը «զտե­լու» եւ ա­նոր ա­հա­բե­կիչ ու ոչ-ա­հա­բե­կիչ տար­րե-­րը ի­րար­մէ զա­տո­րո­շե­լու հանգ­րուա­նը:

Զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ Սու­րիոյ բա­նա­կը կը շա­րու­նա­կէ իր յա­ռաջ­խա­ղաց­ը երկ­րի տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն մէջ: Այս ա­ռու­մով բա­նա­կին հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն նուա­ճում կը հա­մա­րուի Դա­մաս­կո­սի Ղու­թա շրջա­նին մէջ գտնուող «Մարժ Ալ Զու­հու­ր» զի­նուո­րա­կան օ­դա­կա­յա­նին տի­րա­պե­տու­մը:

Ծան­րա­գոյն մար­տեր կը մղուին նաեւ Քե­սապ հայ­կա­կան ա­ւա­նէն շուրջ 25 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող ան­տա­ռա­յին հա­տուած­նե­րուն մէջ, ուր բա­նա­կը ռու­սա­կան օ­դու­ժին նե­ցու­կով ծանր հա­րուած­ներ կը հաս­ցնէ իս­լա­մա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն: Ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Մոս­կուա­յի եւ Դա­մաս­կո­սի հիմ­նա­կան թի­րա­խը միայն Ի­ՇԻ­Պ­-ը չէ: Ի­րենց կար­գին Ֆրան­սա, Անգ­լիա եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը շա­րու­նա­կեն հա­րուա­ծել Ի­ՇԻՊ-ի դիր­քե­րը, բայց եւ այն­պէս այս կազ­մա­կեր­պու­թեան վե­րա­ցու­մը կամ թու­լա­ցու­մը ե­րե­ւե­լի չէ պարզ ա­նոր հա­մար, որ տար­բեր կա­ռոյց­ներ եւ նոյ­նիսկ գետ­նու­ղի­ներ փո­րած Ի­ՇԻՊ կը տի­րա­պե­տէ խա­ղի հիմ­նա­կան կա­նոն­նե­րուն եւ թաք­նուե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեամբ եւ տար­բեր ճա­կատ­ներ հրահ­րե­լու իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով կրցած է հաշ­տուիլ ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն հետ: Այս բո­լո­րէն զատ Սու­րիոյ բա­նա­կին հա­մար հիմ­նա­կան նպա­տակ է Լա­թա­քիոյ ճա­նա­պար­հով ա­պա­հո­վել Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նա­յին հա­տուա­ծին անվ­տան­գու­թիւ­նը եւ ա­մէն գնով փա­կել իս­լա­մա­մէտ­նե­րուն ճա­նա­պար­հը: Ճիշդն ը­սած, քիչ չէին այն կող­մե­րը, ո­րոնք Ռու­սաս­տա­նի մի­ջամ­տու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն մեծ եւ ա­րագ ար­դիւնք­ներ կը սպա­սէին: Այ­սօր ե­թէ յայտ­նի է, որ Սու­րիան ռու­սա­կան զօր­քին հա­մար Վի­եթնամ մը ըլ­լա­լու հան­գա­մանք­նե­րը չու­նի, սա­կայն նոյն ա­ռու­մով ե­րե­ւե­լի է, որ ռու­սա­կան ու­ժե­րուն գոր­ծը այդ­քան ալ դիւ­րին չէ: Այս բո­լո­րին վրայ պէտք է ա­ւելց­նել ռու­սա­կան բա­նա­կին այս զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեամբ ա­ւել­ցած տնտե­սա­կան բե­ռը: Սու­րիոյ մէջ ռու­սա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ ծախ­սը կը հաս­նի 4 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի, մինչ անց­նող Սեպ­տեմ­բե­րին սկիզբ ա­ռած հա­րուած­նե­րուն հա­մար ծախ­սը-ւած է շուրջ 125 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար: Այս թի­ւը մե­ծա­գոյն կա­րե­ւո­րու­թիւն կրնայ չներ­կա­յաց­նել Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ա­մէ­նա­մեայ պիւտ­ճէին վրայ, որ տա­րե­կան կտրուած­քով կը հաս­նի 3.1 թրի­լիոն ռու­սա­կան ռուբ­լիի (որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ 50 պի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի), սա­կայն պէտք է նաեւ նկա­տի առ­նել, որ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու եր­կա­րա­տեւ ըլ­լա­լը կրնայ վնա­սել Ռու­սաս­տա­նի բա­նա­կի ազ­դե­ցիկ ըլ­լա­լու ընդ­հա­նուր տպա­ւո­րու­թեան: Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին կը թուի ներ­քին ա­ռում­նե­րով քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու առ­ջեւ չէ, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը ան այս հա­րուած­նե­րով ոչ միայն յա­ջո­ղե­ցաւ բարձ­րաց­նել իր երկ­րի զի­նուո­րա­կան հե­ղի­նա­կու­թեան ար­ժե­չա­փե­րը, այլ նոյն­պէս դար­ձաւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ղեկավար:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Թուր­քիա-Ռու­սա­ստան «փա­փու­կ» հա­կա­մար­տու­թեան, ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ այս լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կը ան­պայ­ման պի­տի հար­թուի, ո­րով­հե­տեւ տնտե­սա­կան ա­ռու­մով Ռու­սաս­տան կրնայ յայտ­նուիլ տու­ժո­ղի դե­րին մէջ, ե­թէ ը­սենք չե­ղեալ հա­մա­րէ Թուր­քիոյ հետ կնքուած կա­զա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը: Բա­ցի ատ­կէ, կա­րե­ւոր է հասկնալ, որ ո՛չ Մոս­կուա­յին եւ ոչ ալ Ան­գա­րա­յին հա­մար նպաս­տա­ւոր է նոր լուրջ ճա­կա­տու­մի մը եր­թալ: Նոյն պա­րու­նա­կին մէջ հնա­րա­ւոր է, որ եր­կու կող­մե­րը տար­բեր ձե­ւա­չա­փի փոքր հա­կա­մար­տու­թիւն­ներ ու­նե­նան այլ խա­ղա­դաշ­տե­րու մէջ, ինչ­պի­սին են՝ Սու­րիան եւ Ի­րա­քը:

Ծանր լա­րում­նե­րու հանգ­րուա­նը կը մնայ մեր ե­տին ու տնտե­սա­կան պա­տիժ­նե­րու կամ փոխ-­պա­տիժ­նե­րու այս հանգ­րուա­նը կը պատ­րաս­տէ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րու նոր հանգ­րուան մը, պայ­մա­նաւ, որ կար­գա­ւոր­ման փուլ մտնէ Սու­րիոյ տագ­նա­պը:

Այս ընդ­հա­նուր պա­րու­նա­կին մէջ կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէ «Ալ Հա­յա­թ­»ը, ո­րուն հա­ւաս­տու­մով Նիւ Եոր­քի մէջ Սու­րիոյ տագ­նա­պին ա­ռըն­չուող կող­մե­րը պի­տի քննար­կեն հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու նոր ծրար մը, որ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ պի­տի դրուի ընդ­դի­մա­դիր ջո­կատ­նե­րու եւ Ռիա­տի հո­վա­նիին տակ գոր­ծող խմբա­ւո­րում­նե­րու մի­ջեւ: Այդ ծրագ­րին հիմ­նա­կան նպա­տակն է նա­խա­պատ­րաս­տել ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ ըլլա­լիք գա­գա­թա­ժո­ղով մը, ո­րուն մաս­նա­կից պի­տի ըլ­լան ո՛չ միայն սու­րիա­կան բո­լոր կող­մե­րը, այլ նաեւ՝ Թեհ­րանն ու Ռիա­տը: Ե­թէ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուի Վիեն­նա­յի յա­ռա­ջի­կայ Յու­նուա­րին նա­խա­տե­սուած ժո­ղո­վը, ա­պա գոր­ծի պի­տի մղուի քա­ղա­քա­կան փո­խանց­ման հանգ­րուան մը, ո­րուն կա­ռա­վա­րման վար­չա­պե­տու­թիւ­նը պի­տի ստանձ­նեն սիւն­նի այն­պի­սի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք մօ­տիկ կը հա­մա­րուին Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ: Այս ա­ռու­մով կը խօ­սուի մաս­նա­ւո­րա­պէս Ամ­ման հաս­տա­տուած Սու­րիոյ նախ­կին վար­չա­պետ Ռիատ Հը­ժա­պին մա­սին։

Յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րը կա­րե­ւոր են նաեւ զի­նուո­րա­կան ա­ռում­նե­րով, այն ի­մաս­տով, որ ռուսական-ի­րանական-սու­րիա­կան ե­ռա­ճա­կատ մար­տե­րը կրնան վե­րա­ծուիլ ցա­մա­քա­յին պա­տե­րազ­մի եւ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ այս դա­շին­քը յա­ջո­ղի կա­րե­ւոր ար­դիւնք­ներ ձեռք ձգել ո՛չ միայն Լա­թա­քիոյ շուրջ ըն­թա­ցող մար­տե­րուն ա­ռըն­թեր, այլ նաեւ՝ Հա­լէ­պի հա­րա­ւա­յին շրջան­նե­րուն մէջ:

Ատ­կէ ետք է միայն, որ քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գը կրնայ փո­խուիլ եւ միա­ցեալ Սու­րիոյ մը գա­ղա­փա­րին հա­մար կռուող կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը ռու­սա­կան նե­ցու­կով եւ ա­մե­րի­կեան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ խա­ղի նոր կա­նոն­ներ թե­լադ­րեն:

Բայց այս բո­լո­րը կը մնայ վե­րլու­ծում­նե­րու ընդ­հա­նուր տե­սա­դաշ­տին մէջ, տրուած ըլ­լա­լով, որ սու­րիա­կան տագ­նա­պը ա­մէն օր եւ ազ­դուե­լով մա­նա­ւանդ գետ­նի վրայ գրան­ցուող դէպ­քե­րով, կրնայ իր հու­նը փո­խել:

Դա­րու կռի­ւը հան­դի­սա­ցող սու­րիա­կան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ծանր կո­րուստ­նե­րու հիմ­նա­կան թնճուկ մը դար­ձաւ ու ա­նոր ե­րանգ­նե­րը այն­քան մա­հա­գոյն են, որ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կա­նու­թեան տագ­նա­պը յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն կրնայ շատ ա­ւե­լի ծանր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­ներ ստեղ­ծել, քան ին­քը՝ սու­րիա­կան ա­րիւ­նա­լի պա­տե­րազ­մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015