ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՕՐԸ

Զուի­ցե­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պեռ­նի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հան­դի­պու­մը։ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն բարձր մա­կար­դա­կի երկ­խօ­սու­թիւ­նը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Մինչ հա­սած է հան­դիպ­ման օ­րը, Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ սաս­տիկ լա­րուա­ծու­թիւ­նը միշտ կը մնայ առ­կայ, ինչ որ մեկ­նա­բան­նե­րու տե­սա­կէ­տէ թե­րա­հա­ւա­տու­թիւն կ՚առ­թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հե­ռան­կար­նե­րու տե­սա­կէ­տէ։

Զուի­ցե­րիա ու­ղե­ւո­րուե­լէ ա­ռաջ, ե­րէկ, Սերժ Սարգ­սեան խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցուց Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս։ Ներ­կայ էին Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան, բազ­մա­թիւ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ եւ Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցան հա­ւա­նա­կան ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ վա­րե­լու ձե­ւերն ու ե­ղա­նակ­ներ, զի­նեալ ու­ժե­րու ղե­կա­վար­ման հա­մա­կարգն ու զար­գաց­ման հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թեամբ եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րով հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու շա­րու­նա­կա­կան հա­մալր­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ըստ Սերժ Սարգ­սեա­նի, հայ­կա­կան բա­նա­կը գեր­ժա­մա­նա­կա­կից սար­քա­ւո­րում­նե­րով լայ­նօ­րէն հա­մալ­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցին հա­մա­հունչ՝ անհ­րա­ժեշտ է նոյն­քան ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րել այդ սար­քա­ւո­րում­նե­րու օգ­տա­գործ­ման մաս­նա­գի­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ա­նընդ­հատ կա­տա­րե­լա­գործ­ման նկատ­մամբ։

Նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման նա­խոր­դած օ­րե­րուն Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ շա­րու­նա­կուե­ցան հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը, ո­րոնց վե­րա­բե­րեալ հայ եւ ա­զէ­րի կող­մե­րը, ինչ­պէս միշտ, կը տրա­մադ­րեն ի­րե­րա­մերժ տուեալ­ներ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը կա­սե­ցու­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած ներ­թա­փանց­ման ե­րեք փորձ։ Շփման գծի ա­րե­ւե­լեան հա­տուա­ծին վրայ ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րով պա­տա­հած են բա­խում­նե­րը։ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը ա­զէ­րի զօր­քե­րուն շար­ժու­մը ճիշդ ժա­մա­նա­կին նշմա­րե­լով մի­ջամ­տած են։ Ստե­փա­նա­կեր­տի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, կո­րուստ­ներ կրե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը վե­րա­դար­ձած են ի­րենց ել­ման կէ­տե­րը։ Ա­ւե­լի ուշ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը հրա­պա­րա­կեց նաեւ ա­զէ­րի զի­նուոր­նե­րուն կող­մէ մար­զա­դաշ­տի վրայ նա­հան­ջե­լու ժա­մա­նակ թո­ղուած զի­նա­տե­սակ­նե­րուն լու­սան­կա­րը։ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ վեր­ջին օ­րե­րուն ձեռ­նար­կուած ներ­թա­փանց­ման ի­րե­րա­յա­ջորդ զա­նա­զան դէպ­քեր կա­սե­ցուած են հայ­կա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ։ Ար­դիւն­քին հայ­կա­կան կող­մը ու­նե­ցած է ե­րեք զոհ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րը հեր­քե­ցին ի­րենց զօր­քե­րու կրած կո­րուստ­նե­րուն շուրջ հայ­կա­կան կող­մին հրա­պա­րա­կած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ հայ­կա­կան կող­մը պնդած էր, թէ վեր­ջին բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճան ու­նե­ցած է հինգ զոհ։

Ի լրումն այս բոլորին, տակաւին երէկ գիշեր դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան Արցախի ճակատին վրայ։ Ատրպէյճանի զօրքերը ըրին հերթական ներթափանցման փորձը, որ կասեցուեցաւ հայկական ուժերուն կողմէ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն պաշտպանական մարտի ընթացքին զոհուեցաւ զինուոր մը։ Հայկական կողմի տուեալներով, ազէրի կողմն ալ ունի երկու կորուստ։

Առկայ իրավիճակին մէջ Սէյրան Օհանեանն ալ մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ Պաշտպանութեան բանակի ղեկավարութեան հետ մէկտեղուելու համար։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ ՆԱԼ­ՊԱՆ­ՏԵԱՆ

Պեռ­նի այ­սօ­րուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը վեր­ջին ան­գամ ան­ցեալ տա­րի Հոկ­տեմ­բե­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան տե­սակ­ցած էին Փա­րի­զի մէջ։ Իսկ այս ան­գամ ա­նոնք պի­տի մէկ­տե­ղուին Պեռ­նի մէջ եւ այս փու­լին ըն­դա­ռաջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան շեշ­տեց, թէ հրա­մա­յա­կան դար­ձած են լա­րուա­ծու­թեան նուա­զեց­ման ուղ­ղեալ յստակ քայ­լե­րը։ «Խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տենք Պա­քուի կող­մէ Ար­ցա­խի հետ շփման գծին վրայ բազ­մա­թիւ մարդ­կա­յին զո­հե­րու պատ­ճառ դար­ձած ի­րա­վի­ճա­կի ան­նա­խա­դէպ սրու­մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման նա­խա­շե­մին», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Նալ­պան­տեան մատ­նան­շեց, որ իւ­րա­քան­չիւր բարձ­րաս­տի­ճան հան­դի­պու­մէն ա­ռաջ Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րանք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս լա­րուա­ծու­թեան ա­ճը դար­ձած է օ­րի­նա­չա­փու­թիւն։ Ըստ ի­րեն, Պա­քու պատ­րանք ու­նի, թէ կրնայ բա­նակ­ցիլ զէն­քի ու­ժով։ Հա­կա­ռակ ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու՝ ու­ժի կի­րա­ռու­մը բա­ցա­ռե­լու բազ­մա­թիւ կո­չե­րուն՝ Ատր­պէյ­ճան կ՚եր­թայ նոր ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու։ Նալ­պան­տեան հա­մո­զուած է, որ նման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով Պա­քու կը փոր­ձէ շե­ղել բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը՝ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման եւ հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման նպա­տա­կէն։ Հե­տե­ւա­բար, այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ հրա­մա­յա­կան դար­ձած են լա­րուա­ծու­թեան նուա­զեց­ման ուղ­ղեալ յստակ քայ­լե­րը՝ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու կող­մէ ա­ռա­ջար­կուող՝ դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ստեղ­ծու­մը, ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ամ­րապն­դու­մը, ա­նոր դաշ­տա­յին օգ­նա­կան­նե­րու թի­ւին ա­ւել­ա­ցու­մը։ «Կ՚ակն­կա­լենք, որ հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը գործ­նա­կան քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կեն այս ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեանն ալ յայտ­նեց, թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է հասկ­նայ, որ Պա­քուի ու­ժա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն ել­քը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­նա­չումն է։

Իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան բան­բե­րը՝ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նով ը­սաւ, թէ Սարգ­սեան-Ա­լիեւ հան­դի­պու­մէն կ՚ակն­կա­լէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ա­պա­հո­վու­մը։ Լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ան յոյս յայտ­նեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը յա­ջո­ղին Ատր­պէյ­ճա­նին բա­ցատ­րել, որ հար­կա­ւոր է միտ­քէն հա­նել հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ռազ­մա­կան լուծ­ման հե­ռան­կա­րը։

Միւս կող­մէ, նա­խա­գահ­նե­րու Պեռ­նի հան­դիպ­ման ըն­դա­ռաջ վեր­ջին օ­րե­րուն Վիեն­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի մշտա­կան խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռու­սաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շե­ւիչ այս ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մարտ կող­մե­րէն մէ­կը պաշտ­պա­նե­լու ուղ­ղեալ Թուր­քիոյ մօ­տե­ցու­մը ա­նըն­դու­նե­լի է եւ չի կրնար ըլ­լալ շա­րու­նա­կա­կան։ Հայ­կա­կան կող­մը ռուս դես­պա­նին այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ըն­կա­լած է որ­պէս Պա­քուին ուղ­ղեալ պատ­գամ մը, ո­րով­հե­տեւ ան մշտա­պէս կը փա­փա­քի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը տե­ղա­փո­խել այլ հար­թակ­նե­ր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015