ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ

Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կը շա­րու­նա­կուի Օս­մա­նեան շրջա­նի ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­նե­րու գեր­դաս­տա­նի՝ Պա­լեան­նե­րու շիր­մին վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք հա­սուն­ցած են բա­ւա­կա­նա­չափ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, այս ծրա­գի­րը կեան­քի կը կո­չուի ֆրան­սա­հայ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րու բա­րե­րա­րու­թեամբ եւ «Հայ­ճար»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Փա­րի­զէն նախ­կին պոլ­սա­հայ Հրաչ Քըր­մը­զեա­նը եւ «Հայ­ճար»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ Ժան Կավ­րի­լօֆ, Նա­զար Պի­նաթ­լը, Դա­ւիթ Այ­նա­լը եւ Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօզ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ աշ­խա­տանք­նե­րը հա­սու­նու­թեան ո­րոշ մա­կար­դա­կի մը հա­սած էին՝ Հրաչ Քըր­մը­զեան եւ «Հայ­ճար»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յար­մար դա­տած էին այս հանգ­րուա­նին մա­մու­լի մի­ջո­ցաւ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցել հան­րա­յին կար­ծի­քին։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Քըր­մը­զեան եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը կանգ ա­ռին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վրայ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին այս ծրագ­րի զա­նա­զան ա­ռանցք­նե­րուն։ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րուն շի­րի­մը, որ ներ­կա­յիս կը վե­րա­կա­ռու­ցուի Սկիւ­տա­րի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, բա­ռին բուն ի­մաս­տով նա­խա­տե­սուած է որ­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թեան կո­թող մը։ Աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան նա­խա­տե­սուած հու­նին մէջ եւ Քըր­մը­զեան եղ­բայր­նե­րուն կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած նա­խա­գի­ծը բա­ւա­կան հա­սուն­ցած է։ Ըն­տիր մար­մա­րէ կը պատ­րաս­տուի Պա­լեան­նե­րուն շի­րիմ-յու­շա­կո­թո­ղը, ո­րու ար­տադ­րու­թիւ­նը քա­րամ­շակ­ման ար­դի սար­քա­ւո­րում­նե­րով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Ա­ֆիո­նի եւ Պի­լէ­ճի­քի աշ­խա­տա­նոց­նե­րուն մէջ։ Իս­կա­պէս շատ նուրբ, ո­րա­կեալ զար­դե­րով կը պատ­րաս­տուի շի­րի­մը, ո­րու սիւ­նե­րը այժ­մէն ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւեն ի­րենց հմայ­քով։

Հրաչ Քըր­մը­զեան եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը նշե­ցին, որ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի համ­բա­ւին վա­յել, պատ­շաճ շու­քով դամ­բա­րա­նի մը կա­ռուց­ման ձեռ­նա­մուխ ե­ղած են։ Սա այն­պի­սի ծրա­գիր մըն է, որ պի­տի ցո­լաց­նէ թէ՛ մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ Պա­լեան­նե­րու նկատ­մամբ տա­ծուած խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը եւ թէ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պի­տի խորհր­դան­շէ ի­րենց ճար­տա­րա­պե­տա­կան վիթ­խա­րի ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նը անգ­նա­հա­տե­լի ար­ժէք մը կը ներ­կա­յաց­նէ, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց Պա­լեան­նե­րու ար­տադ­րան­քի ար­գա­սի­քին, ան­կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել Իս­թան­պու­լի ո՛չ միայն պատ­մա­կան, այլ նաեւ՝ ար­դի հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։

Ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նշե­ցին, թէ յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սին կը նա­խա­տե­սուի ի­րա­կա­նաց­նել այս յու­շա­կո­թո­ղի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։ Զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով յա­ռաջ կը տա­րուին հա­մա­պա­տաս­խան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։ Կրօ­նա­կան, ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին եւ հա­մայն­քա­յին հար­թու­թիւն­նե­րուն վրայ այդ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ա­ռիթ պի­տի ըն­ձե­ռէ, որ­պէս­զի Պա­լեան­նե­րու ժա­ռան­գու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս վե­րար­ժե­ւո­րուի եւ մա­նա­ւանդ շեշ­տադ­րուի այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նով պայ­մա­նա­ւո­րուած հա­մա­կե­ցու­թեան պատ­գա­մը։

Հրաչ Քըր­մը­զեան եւ «Հայ­ճար»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն նոյն ծի­րին մէջ կազ­մա­կեր­պել գի­տա­ժո­ղով մը, ո­րու շնոր­հիւ մաս­նա­գէտ­նե­րու մի­ջո­ցաւ պի­տի բիւ­րե­ղա­ցուի Պա­լեան­նե­րու կա­տա­րած գոր­ծին մե­րօ­րեայ նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ա­նոնք մտա­դիր են նաեւ, որ բաց­ման հան­դի­սու­թեան հրա­ւի­րուին պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն դէմ­քեր։  

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015