ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ եւ յա­րա­կից վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նը ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ հա­մախմ­բեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Սա 2015 թուա­կա­նի վեր­ջին մա­տա­ղօրհ­նու­թիւնն էր, ո­րով հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը։ Ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Տա­րե­վեր­ջին զու­գա­դի­պած կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րը ան­ցան իս­կա­պէս փայ­լուն՝ ստեղ­ծե­լով խան­դա­վա­ռու­թիւն ու տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցուած էր ե­կե­ղե­ցին, ուր պա­տա­րա­գեց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ներ­կայ էր նաեւ տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լէ­ճեան, Պերճ Սրկ. Ե­րա­մեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Սա­հակ-Մես­րոպ Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­րա­պօղ­լուի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Սէր­լի Տե­մի­րի։ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ Ս. Պա­տա­րա­գին հե­տե­ւե­ցան հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հօր կող­քին եւ ունկընդրե­ցին ա­նոր քա­րո­զին։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։ Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, վար­ժա­րա­նի ճա­շա­րա­նին մէջ սարքուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հա­ւա­քոյ­թին եւս նա­խա­գա­հեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը իր կող­քին ու­նե­նա­լով հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, ո­րոնց միա­ցաւ նաեւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին ե­րես­փո­խան­ներ՝ Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Կա­րօ Փայ­լան, Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն այլ դէմ­քեր, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, ինչ­պէս նաեւ «Այ­տըն» հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ Տքթ. Մուս­թա­ֆա Այ­տըն։ Բաց աս­տի, մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին մեր բա­րե­րար­նե­րը, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Ա­նի Գա­լայ­լըի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու եւ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու։ Այս առ­թիւ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու յայտ­նեց, որ Թաղային խորհուրդը յամառ աշխատանքով կը հետապնդէ համայնքապատկան բացօթեայ շուկայի տարածքի արժեւորման ծրագիրը, որու շրջագծով ցարդ կնքուած պայմանագրերու պարագային խնդրոյ առարկայ չեն դարձած ժամկէտի խախտումներ։

Յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի Ե­րա­մեա­նի, կրթա­կան մշակ Ֆի­լոր Տուր­սու­նի, նախ­կին հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րօ Փայ­լա­նի, ինչ­պէս նաեւ Տքթ. Մուս­թա­ֆա Այ­տը­նի, ո­րու դրա­կան վե­րա­բեր­մուն­քով «Այ­տըն» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ բա­րեն­պաստ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուած է՝ իս­թան­պու­լա­հայ ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան հա­մար։

Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ ար­տա­սա­նե­ցին վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­նե­րէն Ռո­նի Մու­րա­տօղ­լու, Մարգ­րիտ Թո­փար­լաք եւ Թա­լիա Էօք­քէ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը խմբերգ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին Մե­լիք­ճան Զա­մա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ եւ պա­րեր՝ Թա­մար Քե­շի­շեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ներ­կա­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան նաեւ հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Թա­թիա­նա Պոս­տա­նը ունկնդ­րե­լով, Մե­լիք­ճան Զա­մա­նի նուա­գակ­ցու­թեամբ։

Հա­ւա­քոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2015