ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

​Թէ ի՞նչ կը պա­տա­հի ներ­կայ դա­րուս մէջ, ա­ւե­լի ճշգրիտ եւ ար­դար ըլ­լա­լու հա­մար, պահ մը անդ­րա­դառ­նանք մեր մօ­տիկ ժա­մա­նա­կա­կից տա­րի­նե­րուն մէջ կա­տա­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, մարդ­կա­յին զո­հե­րուն եւ ա­նոնց պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րուն ակ­նար­կու­թեամբ։ Ա­րար աշ­խարհ ա­կա­նա­տես ե­ղած եւ ի­մա­ցած է, թէ որ­քա՜ն զար­հուր­ել­ի պատ­կերն­եր են ա­նոնք, որ­ոնք կը ներ­կա­յա­նան այս ա­նաս­նաբ­նակ եւ մար­դաբ­նակ, բայց ան­մարդ­կայ­ին աշ­խարհ­ին աչ­քեր­ուն ա­ռաջ։ Գերտ­էր­ութ­իւնն­եր­ու ան­տար­բեր եւ սառ­նա­սիրտ ա­րարքն­եր­ը, յան­ուն մար­դա­սի­րա­կան, ժող­ովր­դա­վար­ութ­եան, բռնապ­ետ­ներ­ու եւ բռնատ­իր­ութ­եանց վ­­ե­րաց­ման, փոքր ազ­գեր­ու պաշտ­պա­նութ­եան, խա­ղա­ղութ­եան եւ հա­մե­րաշ­խութ­եան ա­նուան ներք­եւ կը քան­դեն, կը ջար­դեն եւ կը կոտ­որ­են երկ­իրն­եր, պետ­ութ­իւնն­եր, ժող­ով­ուրդ­ներ եւ կ՚ոչն­չաց­նեն հնամ­են­ի դա­րաւ­որ քա­ղա­քակրթ­ութ­եան յ­­ի­շա­տակն­եր, քան­դակ­ներ եւ մարդ­կայն­ութ­իւն, ա­նոնց զոհ­եր­ը վե­րա­ծել­ով զայ­րոյթ­ով եւ ցաս­ում­ով լեց­ուն աշ­խար­հաց­րիւ գաղ­թա­կան­ներ­ու…, որ­ոնց ոխ­ը այն բոլ­որ­ին հան­դէպ, օր մը ան­պայ­ման պիտ­ի հա­լա­ծէ այդ ան­մարդ­կայ­ին ա­րարքն­եր­ու հեղ­ի­նակ­ներ­ը, նոյն­իսկ… իր­ենց դղեակ­ներ­ուն հաստ պատ­եր­ու ետ­ին ա­պաս­տա­նածն­եր­ը, ա­նոնցմ­է ար­դա­րութ­իւն եւ հաշ­ու­ետ­ու­ութ­իւն պա­հանջ­ել­ով, ինչպ­էս որ կը պա­տա­հի այ­սօր Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Աշ­խարհ­ի ժող­ովուրդ­ներ­ու մէջ այն­պիս­ի տպա­ւոր­ութիւն ստեղծ­ուած է, թէ գերտ­էր­ութ­իւն­ներ­ու կա­ռա­վար­ութ­իւնն­եր այ­սօր՝ այն­պէս կը գոր­ծեն, ինչպ­էս որպ­էս կը հա-ճ­ին, ա­ռանց նոյն­իսկ իր­ենց ժող­ով­ուրդ­ներ­ու կարծ­ի­քը ան­սալ­ու, նոյ­նիսկ… ժո­ղովր­դա­վար­ութ­եան նշա­նաւ­որ զօ­րա­կոչ­ներ­ը։

Յա­ճախ, շա­ղակ­րատ­ութ­իւն եւ կրկնութ­իւն կը թու­ին աշ­խարհ­ի մէջ տեղ­ի ուն­ե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւնն­եր­ուն յա­րա­տեւ եւ նոյ­նան­ման հաղ­որ­դում­ներ­ը եւ գրութ­իւնն­եր­ը, սա­կայն ա­նոնք տար­բեր են իր­ենց ան­հա­տա­կան պատ­մա­կանն­եր­ով, տա­րա­ծքաշր­ջանն­ե­րով, կեն­ցա­ղով եւ պա­րա­գան­եր­ով։ Ա­նոնք, յար եւ նման են իր­ենց կոտ­ո­րա­ծի, հա­լա­ծանք­ի, տե­ղա­հան­ման եւ ջար­դի պայ­ման­ներ­ով ու պա­րա­գան­եր­ով, ան­կախ պա­տա­հարն­եր­ու ժա­մա­նա­կաշր­ջանն­եր­էն։

Ինչպ­է՞ս կար­ել­ի է բիրտ ու բռնի կերպ­ով ստի­պել… ազգ­ի մը կամք­ը այլ ազգ­ի մը ըն­դուն­ման կամ իւ­րա­ցում­ին։ Այ­սօր սա­կայն, այդ կը նկատ­ու­ի ժո­ղովր­դա­վար­ութ­եան սկզբունքն­եր­ու կի­րար­կում, նոյ­նիսկ ե­թէ այդ պար­տադ­րուի զէն­քի, ոս­կիի եւ մա­մու­լի ու­ժով։ Ար­դա­րու­թիւ­նը… այն­տեղ կը խօ­սի ու­ժի եւ հզօ­րու­թեան ուժգ­նու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ այն­տեղ մարդ­կա­յին ար­ժէ­քը սա­կար­կե­լու կա­րի­քը չկայ, ան միշտ զոհ դար­ձած է հզօ­րին, բարձ­րա­ձայ­նին, ան­խիղ­ճին, վաշ­խա­ռուին եւ… քա­ղա­քա­գէ­տի շա­հե­րուն, մինչ­դեռ կեն­դա­նին այ­սօր, թե­րեւս ու­նի հա­մա­զօր կամ ա­ւե­լի ար­ժէք քան մարդ ա­րա­րա­ծը։

Մարդ ա­րա­րա­ծին որ­քա­նո՞վ հա­մար­ժէք է ա­նա­սուն մը կամ՝ ընտ­ե­լա­ցած կեն­դա­նի մը, երբ ան­հատ մը, ա­քաց­իով կը հար­ուա­ծէ իր վրայ յար­ձա­կած շան մը, որ­ուն հա­մար կ­­ը պատժ­ու­ի ե­րեք տար­ուան բան­տարկ­ութ­եան։ Կամ մարդ էակ սպանն­ող շուն մը կը ղրկու­ի հոգե­կան բու­ժա­րան, ի­մա­նալ­ու հա­մար ա­նոր դրդա­պատ­ճառ­ներ­ը, եւ կամ տար­ե­կան մ­­ի­լիա­ռաւ­որ տո­լար­ներ­ու մսխումն­եր կը կա­տա­րու­ին յան­ուն կեն­դա­նին­եր­ու կեան­քի կամ տե­սա­կի «փրկութ­եան» հա­մար։ Արդ­եօք կեն­դա­նին պէտք է՞ գե­րա­դա­սու­ի մարդ ա­րա­րա­ծէն, նոյն­իսկ եթ­է ան­ձը յան­ցա­ւոր ըլ­լայ որ­եւ­է ա­ռում­ով։ Մեր հաս­կա­ցո­ղութ­եամբ, մարդ էա­կը իր, իսկ կեն­դա­նին իր տեղ­ը ուն­ի այս աշ­խարհ­ին մէջ։ Հա­ւա­նա­բար շա­տեր ա­ռարկ­են այս ար­տա­յայ­տութ­եան, սա­կայն ի խոր­ոց սրտի թող որ յայ­տա­րար­ենք, թէ անդ­ին, հա­զա­րա­ւոր մարդ­կայ­ին էակ­ներ կը սպան­նու­ին կամ ծո­վա­մոյն կ՚­­ըլ­լան Մ­­իջ­երկ­րա­կան­ի ջուր­երուն, Եւ­րո­պա­յի, միջ­ինա­րեւ­ել­եան եւ ափ­րիկ­եան երկ­իրն­եր­ուն մէջ, ա­ռանց որ­եւ­է խղճա­հա­րութ­եան կամ գ­­ութ­ի։ Աշ­խարհ­ի մէջ հար­իւր հա­զա­րաւ­որ ան­ձինք կը սպան­նու­ին անն­շան եւ ա­նի­մաստ պատ­ճառն­եր­ով, ա­ռանց որ­եւ­է տե­սա­կի անդ­րա­դարձ­ման, ար­ձա­գան­գի, նշում­ի կամ խնայ­ում­ի։ Ո՞րն է ա­ւել­ի ար­դար բո­լոր­իս հայ­եց­ող­ութ­եամբ, մարդ էա՞­կը, թէ կեն­դա­նին։ Այ­սօր, կը տեսն­ենք պատ­ե­րազմն­եր­ու հի­ւան­դա­գին վա­ճա­ռորդ­ներ, որ­ոնք իր­ենց նո­րաս­տեղծ կամ պահ­եստն­եր­ուն մէջ հին­ցած զի­նամ­թերքն­եր­ու փոր­ձա­ռութ­եան հա­մար, զա­նոնք կը գոր­ծա­ծեն մարդ­կայ­ին էակ­ներ­ու վրայ, նոյն­իսկ զանգուա­ծա­յին քիմ­իա­կան զէնք­եր­ու տարող­ութ­եամբ, մինչ­դեռ ասդ­ին, իր­ենց փափ­կա­սուն կեն­դա­նին­եր­ուն «գլխա­ցա­ւին» հա­մար բարձ­րա­ձայն աղ­մուկ ա­ղա­ղակ կ՚ար­ձակ­են ա­րար աշ­խարհ­ին։

Ո՞ւր մնաց­ին մարդ­կայ­ին ար­ժէքն­եր­ը, արդ­եօք ա­նոնք արդ­էն հա­ւա­սա­րա՞ծ են ա­նաս­նա­կան աշ­խար­հի մա­կար­դա­կին հետ, կամ թէ՝ ա­ւել­ի նուաս­տա­ցա­ծ։

Խմբագրական «Նոր Օր»ի

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015