ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՆԻՆՔ 12 ՀԱԶԱՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂ ԵՒ 12 ՕՐԱԹԵՐԹ, ԿԸ ԿԱՐԾԵՄ՝ ԱՅՍ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐ Է ԵՐԿՐԻՆ ՀԱՄԱՐ»

Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Աստ­ղիկ Գէոր­գեան եւ «Ազգ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ ա­նոնք զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին ի­րենց դի­տար­կում­նե­րը յատ­կա­պէս երկ­րի տպա­գիր մա­մու­լի բնա­գա­ւա­ռին շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան շեշ­տեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ հետզ­հե­տէ կը վա­տա­նայ տպա­գիր լրագ­րու­թեան վի­ճա­կը։ Աս­տի­ճա­նա­բար կը նուա­զի տպա­գիր թեր­թե­րու ըն­թեր­ցող­նե­րուն թիւ­նը։ «Կ՚ը­սեն, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ կը նկա­տուի թեր­թե­րու նուազ ըն­թերց­ման ե­րե­ւոյ­թը, հա­մա­ցան­ցը գրա­ւած է ամ­բողջ աշ­խար­հը, մար­դիկ չեն ու­զեր թերթ կար­դալ, բայց ես որ­քան որ գի­տեմ, ո­րե­ւէ տեղ նման յե­տըն­թաց չէ ար­ձա­նագ­րուած։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը սկսած է նուա­զեց­նել ըն­թեր­ցու­մը, քիչ կը կար­դա­ցուին թէ՛ գիր­քե­րը եւ թէ թեր­թե­րը։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­նինք 12 հա­զար ըն­թեր­ցող ու 12 օ­րա­թերթ, կը կար­ծեմ՝ որ այդ թի­ւը Հա­յաս­տա­նի հա­մար բարձր է», ը­սաւ Ա­ւե­տի­քեան։

Փոր­ձա­ռու խմբա­գի­րը ա­ւե­լի վերջ բա­ցատ­րեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ լրագ­րու­թեան պատ­մու­թեան տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին կա­րե­լի չէ ե­ղած ըն­թեր­ցող պատ­րաս­տել։ Ըստ ի­րեն, ըն­թեր­ցող պատ­րաս­տել կը նշա­նա­կէ աշ­խա­տիլ դպրոց­նե­րու, ե­րա­խա­նե­րու հետ, զա­նոնք դարձ­նել թեր­թի ա­պա­գայ ըն­թեր­ցող։ Իբ­րեւ օ­րի­նակ Ա­ւե­տի­քեան մատ­նան­շեց, որ Պալ­թեան եր­կիր­նե­րուն եւ Գեր­մա­նիոյ մէջ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մօտ գլխա­ւոր լրագ­րող­նե­րը դպրո­ցա­կան­նե­րու հետ լրագ­րու­թեան վրայ կ՚աշ­խա­տին, ա­նոնք կը սոր­վեց­նեն ոչ թէ պա­տի թերթ մը պատ­րաս­տել, այլ կը բա­ցատ­րեն, թէ ի՛նչ է լրագ­րու­թիւ­նը, ի՛նչ բան կրնայ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քի նիւթ դառ­նալ։ «Երբ ես Գեր­մա­նիա­յէն մէ­կուն հար­ցու­ցի, թէ գլխա­ւոր լրագ­րող­նե­րը կ՚եր­թան դպրոց ու կ՚աշ­խա­տին, սա բարդ չէ՞ ի­րենց հա­մար։ Ան պա­տաս­խա­նեց, որ ընդ­հա­կա­ռակն, այդ ճա­նա­պար­հով լրագ­րող­նե­րը կը պատ­րաս­տեն ի­րենց վա­ղուան ըն­թեր­ցող­նե­րը։ Իսկ մենք թերթ կը հրա­տա­րա­կենք միայն խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հա­մար», ը­սաւ Ա­ւե­տի­քեան։

Իսկ Աստ­ղիկ Գէոր­գեանն ալ վստա­հե­ցուց, թէ թեր­թե­րը չեն տպուիր միայն ե­րես­փո­խան­նե­րուն հա­մար, ա­նոնք կը կար­դա­ցուին նաեւ մտա­ւո­րա­կան մար­դոց կող­մէ ու կը գնա­հա­տուի թեր­թին աշ­խա­տան­քը։ «Հա­մա­ձայն եմ Պա­րոն Ա­ւե­տի­քեա­նին հետ, թէ քիչ թերթ կը կար­դա­ցուի, բայց մենք թերթ կար­դա­լու ծա­ւալ­նե­րը մա­սամբ բարձ­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք աշ­խա­տանք­ներ», ը­սաւ Աստ­ղիկ Գէոր­գեան ու մէջ­բե­րեց Պա­տա­նի լրագ­րող­նե­րու դպրո­ցի օ­րի­նա­կը։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015