ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ։ Այս շրջագ­ծով, ե­րէկ, Տիար­պա­քը­րէն եւ Պիթ­լի­սէն հա­սան եր­կու նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րեր, ինչ որ խոր յու­զում յա­ռա­ջա­ցուց բո­վան­դակ երկ­րէն ներս։

Տիար­պա­քը­րի կեդ­րո­նին՝ Սու­րի մէջ օ­րե­րէ ի վեր ար­դէն կը շա­րու­նա­կուին հա­կաա­հա­բե­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ու ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կը ստա­նան ծանր հա­րուած­ներ։ Ե­րէկ, Սու­րի մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ պայ­թե­ցուած ռում­բի մը հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ Պիր­քան Կիւն­տիւզ։ Լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը օ­րե­րէ ի վեր կը տե­ղե­կաց­նեն, որ Սու­րը փլա­տակ­նե­րու մի­ջա­վայ­րի մը վե­րա­ծուած է՝ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած դի­մադ­րու­թեան հե­տե­ւան­քով։

Բաց աս­տի, Պիթ­լի­սի մէջ ալ ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րը հե­ռա­հար ռում­բով մը նա­հա­տա­կե­ցին Սա­մէտ Փիշ­քի­նը։ Սե­հիի ան­տառ­նե­րուն մէջ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած ո­րոն­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն նկատ­մամբ ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րը պայ­թե­ցու­ցին այդ ռում­բը։ Նոյն դէպ­քին հե­տե­ւան­քով ինն զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Կը հա­ղոր­դուի, որ վեր­ջին օ­րե­րուն կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քով սպան­նուած է 115 ա­հա­բե­կիչ։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015