Ամէն Տեղ Հայ Կայ
Բացի…մեր ապրած շրջանէն։
Ամուսինիս գործին բերումով, վեց ու կէս տարի առաջ բնակութիւն հաստատեցինք Նիւ Ճըրզիի արուարձաններէն մէկուն մէջ, որուն անունը նոյնիսկ անծանօթ է գաղութին մէջ ապրող հայերու մեծամասնութեան։
Բոլոր երկիրներու հայկական գաղութները որոշ չափով իրարու նման պայմաններով կազմուած են։ Նոր եկուորները նախ բնակութիւն կը հաստատեն մեծ քաղաքներու մօտիկ ամէնէն համեստ շրջաններու մէջ, ուր հաւաքուած կ’ըլլան նաեւ այլ փոքրամասնութիւններ, եւ հոն կը հիմնեն առաջին հայկական դպրոցն ու եկեղեցին։ Ապա, կեանքի պայմաններու բարելաւման հետ, կը փոխադրուին աւելի բարեկեցիկ շրջաններ, բայց միշտ ունենալով աշխարհագրական նեղ սահման մը։ Այդ սահմանէն անդին իրենց համար կը մնայ ուրիշ մոլորակի մը չափ անծանօթ, նոյնիսկ եթէ ամբողջ կեանք մը ապրին այդ նահանգին մէջ։
Յաճախ այս տեղափոխութեան պատճառով հայկական դպրոցներ ու եկեղեցիներ կը դառնան ամայի ու լքուած, այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր հայերը երբեմնի իշխող ներկայութիւն էին։ Մարդիկ այլեւս իրենց վարկին անպատշաճ կը համարեն այդ շրջաններու հետ առնչուիլը։ Հոն գտնուող եկեղեցին կը դառնայ ,աղքատներու եկեղեցիե, մինչ իրենք իրարու հետ կը մրցին անդամակցելու ,հարուստներու եկեղեցիեին։
Մենք տան հասցէին կարեւորութիւն տուող ժողովուրդ ենք։ Մեր հասցէն շատ բան կ’ըսէ մեր մասին։ Յաճախ ,ո՞ւր կը բնակիսեը թաքուն ձեւ մըն է հասկնալու խօսակիցին նիւթական կարողութիւնը։ Ամերիկայի բոլոր zip code-երը հաւասար կերպով չեն ստեղծուած։ Անոնցմէ ոմանց միա՛յն ներկայութիւնը քու հասցէիդ վրան, արդէն կրնայ շրջապատիդ ակնածանքը պարտադրել…
* * *
Մեր փոխադրուած օրէն հայեր փնտռած եմ մեր շրջանին մէջ։ Աչքէ անցուցած եմ հարիւրաւոր դպրոցական աշակերտներու անուն մականուններ, թերթերու մէջ դրուած յայտարարութիւններ, դրացիներու անուններ, յուսալով հանդիպիլ ,եանեի մը։ Ի վերջոյ հասած եմ այն երզրակացութեան, եւ ընդունած զայն, որ մօտ 100 տարուան կեանք ունեցող այս աւանին մէջ, որուն բնակչութեան մեծ տոկոսը քանի մը սերունդէ ի վեր հոն կը բնակի (Ամերիկեան հասարակութեան մէջ բաւական հազուադէպ երեւոյթ մը, ինչ որ քու դրսեցի ըլլալդ աւելի կը շեշտէ), միակ հայ ընտանիքն ենք մենք։ Եւ ի՞նչ փոյթ։ Մենք նոյնիսկ փոքրիկ տան մը մէջ Հայաստան մը ստեղծելու վարժ ենք։
Աւանին կեդրոնը կը գտնուի պզտիկ կօշկակարի մը խանութը։ Ամէն անգամ որ հոնկէ անցնիմ, կը մտաբերեմ որ տունը տոպրակ մը ունիմ, որուն մէջ հաւաքած եմ իմ եւ աղջկաս կօշիկներէն քանի մը հատը, որոնք մանր մունր նորոգութիւններու կարիքը ունին։
Կօշիկ նորոգելու երեւոյթը սկսած է անհետանալ։ Մարդոց համար աւելի դիւրին, եւ նոյնիսկ աւելի մատչելի, դարձած է հինցածը թափել՝ նորը առնելը։
Սակայն կօշկակարները միշտ հմայած են զիս։ Միջին Արեւելքի մէջ հայերու առանձնայատկութիւնը եղած է տիրապետել այս արհեստին։ Տակաւին մտքիս մէջ թարմ է կօշկակարներու համեստ խանութներուն ձգած տպաւորութիւնը։ Պզտիկ ու խճողուած խանութին մէջ, երկար գոգնոց հագած, հմուտ ու կոշտացած մատներով վարպետ կօշկակարը նոր կեանք կու տար մեր մաշած կօշիկներուն։ Ան բերնին մէջ զետեղած գամերը մէկ մէկ հանելով կը գամէր նոր կրունկը։ Կամ դուրս ցցուած լեզուի պէս քաշելով անջատուած ներբանը, կը մաքրէր անոր վրայի չորցած խեժը ու թարմ խեժի նոր երես մը քսելով ետ կը փակցնէր։
Ի՜նչ հրաշքներ գործած են այդ կօշկակարները իմ կօշիկներուս վրայ։ Քրոջս ոտքին պզտիկցած կօշիկը փայլեցնելով, օգնած են մօրս որպէս Նոր Տարուան նուէր ինծի կլլեցնել զայն։ Ամառուան ճերմակ կօշիկս սեւ կամ սրճագոյն ներկելով վերածած են ձմեռնային կօշիկի, երկարելով անոր կեանքը։ Մեծ քոյրերէս ինծի ժառանգ մնացած կօշիկներուն մէջը տապան մը խոթելով՝ չափը պզտիկցուցած ու ոտքիս յարմարցուցած են (ի հետեւանք երրորդ աղջիկը ըլլալուն եւ ամէնապզտիկ ոտքը ունենալուն)…
* * *
Կօշիկներս առնելով մտայ կօշկակարին խանութը։ Ականջիս զարկաւ հոն հնչող երաժշտութիւնը։ Նախ կարծեցի թրքերէն է (ի վերջոյ չէի ակնկալեր որ կօշկակարը ամերիկացի մը ըլլար)։ Յետոյ անդրադարձայ որ հայերէն է։ Զիս դիմաւորելու համար ոտքի ելաւ բարձրահասակ կօշկակարը։ Ի զարմանս ինծի, ծանօթ դէմք մըն էր, հայ մը, որուն հետ նոյն եկեղեցւոյ անդամ ենք, թէեւ անձամբ չենք խօսած։ Կը ճանչնամ ընտանիքը, բայց բնաւ մտքէս չէր անցած որ քիթիս տակն էր իր աշխատավայրը։ Ինքն ալ զիս ճանչցաւ։
Հայու յատուկ մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցինք զիրար։ Հարցուցի թէ ի՞նչը զինք հոս բերած է գործ հաստատելու։ Ան պատմեց զինք հոն առաջնորդող պայմանները, որոնք պիտի չնշեմ, յարգելով իր անձնականութիւնը։
– Ճիշդ քսան տարի առաջ գնեցի պիզնըսը։ Նախ վարձեցի խանութը եւ քանի մը տարի վերջ գնեցի զայն։ Գիտե՛ս, մենք հայերս չենք սիրեր վարձու տեղ նստիլ։ Կ’ուզենք սեփականատէրը ըլլալ մեր տան կամ աշխատանոցին։ Քանի մը տարի վերջ ալ գնեցի ամբողջ շէնքը։
Հայու աշխատասէր նկարագիր, որ բնա՛ւ, բնա՛ւ չի դաւաճաներ զինք։
Տասը վայրկեան զրուցելէ ետք կօշիկները ձգեցի քովը։ Իմիններուս գործը դիւրին էր։ Հարցը աղջկաս կօշիկն էր, որ թաթախուած էր անձրեւի ջուրին մէջ, թրջելով չոր օդի համար նախատեսուած ոչխարի կաշին։
– Պիտի փորձեմ լաւագոյնս ընել, բայց ինչպէս բոլոր յաճախորդներուս կ’ըսեմ, կարանդի չեմ տար։ Միայն գիտցած եղիր, որ եթէ ես չկարենամ նորոգել՝ հէչ մէկը պիտի չկրնայ:
Գիտէի արդէն։ Որքան որ փորձեցի, չկրցայ զինք համոզել որ աշխատավարձը գանձէ։
Բարձր տրամադրութեամբ տուն դարձայ։ Երբ աղջիկս դպրոցէն վերադարձաւ, ըսի իրեն։
– Գիտե՞ս, այսօր ի վերջոյ առիթ ունեցայ կօշիկդ կօշկակարին տանելու ։ Պիտի փորձէ նորոգել, եւ ձրի։ Չուզեց դրամ առնել։
Աղջիկս նախ զարմացած երեսիս նայեցաւ, ապա ըսաւ.
– Ուրկէ՞ հայ կօշկակար մը գտար…
ԱՆԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ