ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած «Ներդաշնակութեան մեղեդի» համերգաշարը երէկ երեկոյեան շարունակուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Երեւանէն վերջ այս անգամ ալ «Ներդաշնակութեան մեղեդի»ները հնչեցին Իսթանպուլի մէջ՝ առիթ հանդիսանալով մեծ ոգեւորութեան։ Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն երաժիշտներ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն մը եւ ունկնդիրները խորապէս տպաւորուեցան անոնց խաղաղութեան երգով։
Ծանօթ է, որ այս ծրագրին մէջ ներգրաւուած արուեստագէտներու շարքին էր մեր համայնքէն համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ, որուն առընթեր Թուրքիայէն կան՝ Եուրտալ Թոքճան, Կէօքսէլ Պաքտակիր, Պուրաք Մալչոք եւ Մերթ Էլմաս։ Իսկ Հայաստանէն այս նախագծին մասնակցած է «The Beautified Project» խումբը, որու մեներգիչն է Անտրէ Սիմոնեան։
Երէկուան ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Մասնակցիներու շարքին էին Իսթանպուլի մօտ Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Չարլզ Հանթըր, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն ներկայացուցիչներ։
Բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ այս ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ ստանձնած էր լուրջ պատասխանատուութիւն։ Ան մաղթեց, թէ ձեռնարկը նպաստէ երկու երկիրներու երկխօսութեան։
Աւելի վերջ սկսաւ յայտագրին գործադրութիւնը, որու ընթացքին մեներգներ կատարեցին Սիպիլ եւ Անտրէ Սիմոնեան։ Թէ՛ մեներգները եւ թէ նուագները իսկապէս հաճելի պահեր պարգեւեցին հանդիսատեսներուն։
Երեկոյթի տեւողութեան Կէօքսէլ Պաքտակիր ունկնդիրներուն հետ բաժնեց իր տպաւորութիւնները մօտաւոր անցեալին Երեւանի մէջ կազմակերպուած համերգին շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ ինք եւ ընկերները ջերմ հիւրընկալութեան արժանացած էին այնտեղ։ Այդ վառ տպաւորութեան ազդեցութեան ներքեւ արուեստագէտները վերադարձին ստեղծագործած էին «Երեւանէն Իսթանպուլ» գործը, որ առաջին անգամ նուագուեցաւ երէկ երեկոյեան։
Հանդիսատեսները համերգի աւարտին ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին երաժիշտները՝ թէ՛ իրենց կատարողական բարձր արուեստին եւ թէ խաղաղամէտ յանձնառութեան համար։ Փակման հանգրուանին Անտրէ Սիմոնեան առ ի շնորհակալութիւն յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին՝ գնահատելով անոր վերաբերմունքը։