ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԼԱԶԱՐԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ե­րէկ, Մոս­կուա­յի մէջ, Ռու­սաս­տա­նի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան կա­ճա­ռէն ներս Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ յո­բե­լե­նա­կան յատ­կան­շա­կան ձեռ­նար­կի մը։ Այս­պէս, հան­դի­սա­ւոր ձե­ւով նշուե­ցաւ Մոս­կուա­յի Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 200-ա­մեա­կը ու բա­ցուե­ցաւ այս յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած ցու­ցա­հան­դէս մը։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեան։

Մոս­կուա­յի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան կա­ճա­ռի վե­րա­տե­սուչ ա­կա­դե­մի­կոս Ա­նա­թո­լի Թոր­քու­նո­վի գլխա­ւո­րու­թեամբ այս հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րը, շրջա­նա­ւարտ­նե­րը եւ ու­սա­նող­ներն ալ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ձեռ­նար­կին։ Թոր­քու­նով ե­լոյթ մը ու­նե­նա­լով անդ­րա­դար­ձաւ Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նի հա­րուստ գի­տա­կան եւ գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան։ Իր ու­ղեկ­ցու­թեամբ Նալ­պան­տեան շրջայց մը կա­տա­րեց ցու­ցա­հան­դէ­սի սրա­հէն ներս, ուր ներ­կա­յա­ցուած էին այս կա­ճա­ռի գրա­դա­րա­նի հա­զուա­գիւտ գիր­քե­րու մաս­նա­բաժ­նին մօտ ի պահ դրուած Լա­զա­րեան­նե­րու գրա­դա­րա­նի նմոյշ­նե­րը։ Նոյն ցու­ցա­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած են լու­սան­կար­ներ Լա­զա­րեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի, ա­նոր ան­դամ­նե­րուն կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ, ինչ­պէս նաեւ փաս­տա­թուղ­թեր՝ Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նի հիմ­նադր­ման եւ կա­ռա­վար­ման շուրջ։ Ցու­ցան­մոյշ­նե­րուն մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւեն Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նի շի­նու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, ճե­մա­րա­նին կող­մէ հրա­տա­րա­կուած աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ե­զա­կի նմոյշ­ներ, ու­սա­նող­նե­րու, շրջա­նա­ւարտ­նե­րու եւ դա­սա­խօս­նե­րու լու­սան­կար­նե­րը, ա­նոնց շնոր­հուած պար­գեւ­նե­րը եւ մե­տայլ­նե­րը։

Այս առ­թիւ ե­լոյ­թով մըն ալ հան­դէս ե­կաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, որ խորհր­դան­շա­կան հա­մա­րեց, թէ եր­կու ա­միս ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Մուս­կուա­յի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պե­տա­կան կա­ճա­ռի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու եր­րորդ մի­ջազ­գա­յին ֆո­րու­մը տե­ղի ու­նե­ցած էր Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նի 200-ա­մեա­կի խո­րագ­րին ներ­քեւ եւ այդ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած շարք մը ձեռ­նարկ­ներ կա­տա­րուած էին։ Այդ շար­քին մէջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վեր­յի­շեց մի­ջազ­գա­յին ֆո­րու­մի թե­մա­թիք նիս­տե­րէն մին, յո­բե­լեա­նին նուի­րուած գիր­քե­րու շնոր­հան­դէ­սը, լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ նոյն առ­թիւ թո­ղար­կուած դրոշ­մա­թուղ­թին կնքու­մը։ Նոյն­պէս այդ ժա­մա­նակ ծնած էր նոյն ցու­ցա­հան­դէ­սը Մոս­կուա­յի մէջ ալ կազ­մա­կեր­պե­լու գա­ղա­փա­րը եւ Նալ­պան­տեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ այդ ծրա­գի­րը ար­դէն դար­ձած է ի­րա­կա­նու­թիւն։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նի պատ­մու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի պատ­մու­թեան վառ է­ջե­րէն մին է։ Ըստ էու­թեան, Ռու­սաս­տա­նի մէջ Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նը հան­դի­սա­ցած է այն ա­ռա­ջին մաս­նա­գի­տա­կան կրթօ­ճա­խը, ուր պատ­րաս­տուած են դի­ւա­նա­գէտ­ներ։ Ճե­մա­րա­նը ե­ղած է նաեւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի կա­րե­ւոր կեդ­րոն մը։ Այն­տեղ ու­սա­նած են բազ­մա­թիւ ա­կա­նա­ւոր գոր­ծիչ­ներ՝ թէ՛ հայ, թէ՛ ռուս եւ թէ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, Լա­զա­րեան ճե­մա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը գու­ցէ լա­ւա­գոյն ձե­ւով ներ­կա­յա­ցու­ցած է յայտ­նի ռուս պատ­մա­բան Սէր­կէյ Կլին­քա, որ զայն բնու­թագ­րած է որ­պէս հո­գի­նե­րու եւ մտքի մեր­ձեց­ման օ­ճախ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015