ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու կը ծրագրէ մինչեւ տարեվերջ տեսակցիլ ընդդիմութեան ղեկավարներուն հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վարչապետը ժամադրութիւն պահանջած է, որպէսզի Դեկտեմբերի 30-ին մէկտեղուի Ազգային մեծ ժողովէն ներս ներկայացուած բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Վարչապետարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Տավուտօղլու կը ծրագրէ ընդդիմադիր կուսակցապետներուն հետ շօշափել պիւտճէի, բարեփոխումներու, խորհրդարանի ներքին կանոնադրութեան ու մանաւանդ նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացին վերաբերեալ խնդիրներ։ Ծրագրուած է, որ բոլոր հանդիպումները տեղի ունենան նոյն օրը, սակայն տակաւին ժամանակացոյցը չէ յստակացած։
Կը հաղորդուի, որ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ ՃՀՓ-ի կուսակցապետը Քեմալ Քըլըչտարօղլու արդէն դրական պատասխանած է Տավուտօղլուին։