ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցութիւն բերին նկարչութեան մրցոյթի մը, որու արդիւնքին ապահովեցին նուաճումներ։ «Ըշըք» համալսարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ու նոր տարուան ձօնուած այս գծագրութեան մրցոյթը համախմբեց Իսթանպուլի Եւրոպական ափի դպրոցներէն մանկապարտէզի եւ առաջին դասարանի աշակերտները։ Թարգմանչացի տղաքը մրցոյթին մասնակցեցան գծագրութեան ուսուցչուհի Ֆիրտեւս Քափլանի հսկողութեան ներքեւ։
Արդիւնքին հինգ-վեց տարեկաններու դասաւորման մէջ առաջին մրցանակին տիրացաւ Արինա Կիւլաղաճը։ Բաց աստի, դատակազմի գնահատանքին արժանացան՝ Առէն Թովմասքարթուն, Արթուն Տէյիրմենճիօղլու, Արեւ Իզապելլա Պոյլէ, Լենա Տելիճէ եւ Օլիվիա Տարիա Մոկհտաթա։