Մկրտիչ Արմէն. Հայկական Արձակի Մեծատաղանդ Վարպետը
22 Դեկտեմբեր 1972-ին, 66 տարեկանին մեր երկրէն ու կեանքէն հեռացաւ հայկական արձակին մեծ վարպետներէն Մկրտիչ Արմէն (1906-1972), որ իր «Հեղնար աղբիւր» վիպակով արժանաւորապէս նուաճեց անմահութիւնը եւ իր տեղը գտաւ հայ գրականութեան Մեծերու համաստեղութեան մէջ։
Հայոց իրերայաջորդ սերունդները միշտ ալ իրենց հոգեհարազատ խորհուրդ ու պատգամ, աւանդ ու ներշնչում պիտի գտնեն մեր ժողովուրդի արժէքային համակարգը ջուրի աղբիւրով մարմնաւորած, շնչաւորած եւ իմաստաւորած Մկրտիչ Արմէնի ստեղծագործական մեծ թռիչքին մէջ։
«Հեղնար աղբիւր»ի գլխաւոր հերոսին՝ հայկական հնաւանդ Կիւմրիի մէջ ջուրի քառասուն աղբիւր կառուցած վարպետին՝ «Ուստա Մկրտիչ»ի հետ մեր սերունդները անպայման պիտի խոկան ու անդրադառնան, որ իրենց կեանքն ու գործը շատ ու շատ անդին կ՚անցնին իրենց սոսկական անձէն, սեփական կեանքի սահմանափակ ժամանակէն… Եւ իրենց կառուցած իւրաքանչիւր աղբիւրին՝ իրենց անունին կապած իւրաքանչիւր նուաճումին հետ պիտի զգան, Ուստա Մկրտիչին պէս, որ՝
«… Այնտեղ հոսողը բոլորովին էլ իր կեանքը չէր, այլ երկրի արիւնն էր, որ նշանակուած էր նրա զաւակների երակները կեանք լցնելու համար. իսկ ինքը՝ ուստա Մկրտիչը, մի սովորական գիւմրեցի էր, որին, սակայն, վիճակուած էր եղել բաց անել իր երկրի քառասուն աղբիւրները, իր ժամանակակիցների համար, իր երկրակիցների համար»…
Աւազանի անունով Յարութիւնեան Մկրտիչ Կիւմրիի զաւակ էր, ծնած էր 27 Դեկտեմբեր 1906-ին արհեստաւոր Գրիգորի յարկին տակ եւ իր ծնունդով պայմանաւորուած այդ կրկնակ պատկանելութիւնը - աւանդապահ կիւմրեցին ու կենսասէր ընչազուրկը - ներշնչման աղբիւրն ու մղիչ ուժը դարձաւ հայկական արձակի այս վարպետին։
Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու պարտադրման առաջին քայլերուն զուգադիպեցաւ, պատանի տարիքէն գրելու բնատուր ձիրքով օժտուած, Մկրտիչ Արմէնի մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։
1920-ականներու սկզբնաւորութեան Մկրտիչ Արմէն բացառապէս չափածոյ ոտանաւորներով ընթերցողին ներկայացաւ եւ միայն 1928-ին անցաւ արձակին։ 1925-ին դրօշակիրներէն մէկը հանդիսացաւ նոր հասարակարգի տիրական գաղափարախօսութեան համահունչ գրականութիւն ստեղծելու շարժումին՝ աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով Կիւմրիի բանուորագիւղացիական գրողներու «Հոկտեմբեր» միութեան հիմնադրումին։
Բայց ի տարբերութիւն իր սերունդի գրողներուն մեծամասնութեան, Մկրտիչ Արմէն առաջին իսկ քայլերէն մերժեց շարքային գրող մը ըլլալ եւ փնտռեց ու գտաւ իր ստեղծագործական կեանքին մայր հունը եւ կիզակէտը, որ հին ու նոր աշխարհներու եւ մտայնութեանց բախման ու համադրման մեծ խնդիրն էր։ Վարար այդ աղբիւրին փարելով՝ հետեւողականութեամբ ու ինքնահաւատարմութեամբ, Մկրտիչ Արմէն իր ամբողջ կեանքն ու գրականութիւնը նուիրաբերեց խորհրդային դարաշրջանի հայ հասարակութեան ազգային, հասարակական եւ հոգեբանական ողջ յուզաշխարհի պեղումին ու վերծանումին։
Տարրական կրթութիւնը ստացաւ Կիւմրիի Սուրբ Փրկիչ եւ Տղայոց միջնակարգ վարժարաններուն մէջ, ապա՝ երբ հայրը մահացաւ, յաճախեց ամերիկեան միսիոնարներու վարժարանը, որ Առաջին աշխարհամարտէն վերապրած հայ որբերու գլխաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկն էր։ Որբանոցի կեանքն ու սկաուտական դաստիարակութեան մթնոլորտը խորապէս ցնցեցին ու խոցեցին արժանապատիւ կեանքի ծարաւ պատանի Մկրտիչի հոգին, որ հետագայ իր ստեղծագործութեանց մէջ պարբերաբար կանգ առաւ հին աշխարհն ու քաղքենի արեւմուտքը խորհրդանշող այդ զոյգ երեւոյթներուն վրայ՝ ազատ ու անկաշկանդ անհատականութեանց ներքին խռովքն ու ընդվզումը լուսարձակի տակ առնելով։
Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Մոսկուայի Շարժանկարային արուեստի հիմնարկին բեմագրական բաժանմունքին մէջ, ուր կատարելագործեց գրելու իր արուեստը՝ կարճ նախադասութիւններով ու արագ կշռոյթով կերպարներ ուրուագծելու եւ պահեր խորացնելու գեղարուեստական բարձրորակ ոճ մը բիւրեղացնելով։ Այդպէս ալ արձակը դարձաւ Մկրտիչ Արմէնի ինքնադրսեւորման գլխաւոր միջոցը, որ իր բարձրակէտը նուաճեց 1935-ին լոյս տեսած «Հեղնար աղբիւր» վիպակով։
Մինչեւ իր գլուխգործոցը, Մկրտիչ Արմէն թէ՛ վէպերով, թէ՛ պատմուածքներով անդրադարձած էր, խորհրդային կարգերու տակ, մէկ կողմէ տոհմիկ ու աւանդական արժէքներուն եւ, միւս կողմէ, նորայայտ եւ այսպէս կոչուած «բանուորագիւղացիական յեղափոխական» բարքերու բախումին։ Յատկապէս «Խորտակուած հոգիների փողոցում» եւ «Ջուբէիդա» գործերով՝ առաջինը հայկական, իսկ երկրորդը ատրպէյճանական միջավայրէն վերցուած հերոսներով ու ընկերային բախումներով, Մկրտիչ Արմէն գեղարուեստական մշակումի արժանացուցած էր սիրոյ եւ ամուսնութեան, ընտանիքի եւ աշխատանքի հասարակական հիմնահարցերը՝ ինքնատիպ ոճով թէ՛ հինը հասկնալ փորձելով, թէ՛ նորը մարդկօրէն իր ապրած երկուութեամբ ներկայացնելով։
«Կոմերիտական պատմուածքներ» անուանուած ամբողջ շարք մը պատմուածքներով՝ Մկրտիչ Արմէն հասկնալիօրէն տուրք տուաւ իր ժամանակի տիրող գաղափարախօսութեան։ Սէրն ու ամուսնութիւնը, ընտանեկան սրբութիւններն ու աւանդապահութիւնը քաղքենիական կեղծիք հռչակած պոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան մականին տակ, Մկրտիչ Արմէն երիտասարդ գրողը բնականաբար իր հերոսները պէտք է ներկայացնէր այդ ամբողջ ՀԻՆը մերժողի հոգեկերտուածքով։ Բայց հայ արձակի տաղանդաւոր վարպետը անձնատուր չեղաւ վարչակարգի այդ կաշկանդումին։ Ողբերգութիւնը գրականացուց մարդկային իր ամբողջ բարդութեամբ, խորութեամբ եւ ծանրութեամբ։ Անցեալի արժէքներուն կառչած իր կերպարներն ու հերոսները վերածեց ծայր աստիճան մարդկային ու համակրելի, կենսուրախ եւ կենսունակ տիպարներու, որոնք ՆՈՐին առջեւ խոնարհելով հանդերձ՝ շարունակեցին իրենց մէջ պահպանել ու գուրգուրանքի արժանացնել անցեալի ժառանգութեան անկորնչելի արժէքները։
Իսկ «Հեղնար աղբիւր» վիպակով՝ Մկրտիչ Արմէն խորհրդահայ մարդուն ներքին այդ պառակտումի ողբերգութեան տուաւ դասական կատարելութեամբ գրական-գեղարուեստական մեծարժէք մշակում։ Աւանդական Կիւմրիի հայկական տոհմիկ բարքերու եւ արժէքներու խորապատկերին վրայ, Մկրտիչ Արմէն քանդակեց աղբիւր կառուցող Ուստա Մկրտիչի աշխատանքային փիլիսոփայութիւնն ու բարոյականութիւնը, ինչպէս եւ Հեղնարի ամուսնական անհաւատարմութեան ընդմէջէն թէ՛ հայ կնոջ ազատագրութեան մեծ խնդիրը, թէ՛ ընտանեկան աւանդապահութեան անխուսափելի նահանջը, թէ՛ սիրոյ եւ հաւատարմութեան յաւերժական առեղծուածը։ Եւ «Հեղնար աղբիւր»ին վրայ Ուստա Մկրտիչի քանդակած խօսքը՝ թէ «ամէն մի կնիկ իրան մարդու ախպուրն է, ուրիշ հէչ մէկը իրաւունք չունի խմելու էնոր ջրէն», դարձաւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան հոգեկերտուածքը բնութագրող ամենէն թեւաւոր խօսքերէն մէկը։
Նման ընդգրկումով եւ մտածողութեամբ գրողը, որ իբրեւ Ակսէլ Բակունցի կրտսեր գրչեղբայրը հայ արձակին առջեւ բացաւ նոր հորիզոն, բնականաբար իր վրայ հրաւիրեց կատաղի բարկութիւնը խորհրդային վարչակարգի սպասարկուներուն։ Յատկապէս Նայիրի Զարեան քննադատական անխնայ հարուածի տակ առաւ «Մկրտիչ Արմէն երեւոյթը»՝ ընդհանրապէս անոր գրականութիւնը եւ մասնաւորապէս «Հեղնար աղբիւր»ը ուղղակի բանադրելով իբրեւ ազգայնամոլական եւ քաղքենիական «վտանգաւոր» ստեղծագործութիւն։ 1937-ին Մկրտիչ Արմէն արդէն բանադրուեցաւ իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի»ի եւ ամբողջ տասնմէկ տարի դատապարտուեցաւ սիպիրեան աքսորի։
Աքսորէն վերադառնալէ ետք, տաղանդաւոր հայ գրողը անշուշտ արժանացաւ մեր ժողովուրդին գրկաբաց ընդունելութեան, բայց հին օրերու ստեղծագործական թէժ կրակը այլեւս մարմրած էր Մկրտիչ Արմէնի մէջ։ Թէեւ աւելի քան քսան տարի շարունակեց ստեղծագործել, արժէքաւոր նոր գործեր ալ մատուցանեց հայ գրականութեան, բայց «Հեղնար աղբիւր»ը անկրկնելի մնաց։ 1971-ին «Հայֆիլմ»ը շարժանկարի վերածեց հայ գրականութեան այս գլուխգործոցը եւ «Հեղնար աղբիւր»ը, այս անգամ իբրեւ հայկական ժապաւէնի դասական մեծարժէք նուաճում, նորովի կեանք առաւ եւ ամբողջ սերունդներու կազմաւորման մէջ հիմնական ներգործութիւն ունեցաւ։
Մկրտիչ Արմէնի ամբողջ գրականութեան մայր երակը եղաւ պարզ ու քնարական շունչով վերծանումը մարդկային բարդ կացութեանց, արարող եւ տառապող էակներու փոթորկայոյզ ներաշխարհին եւ անանց ճշմարտութեանց։ Այդ բոլորը Մկրտիչ Արմէն որոնեց եւ գտաւ իր ծննդավայր Կիւմրիի տոհմիկ մթնոլորտին եւ աւանդապահ հոգեկերտուածքին մէջ։ Եւ մեր աշխարհէն հեռացաւ։
Կը հոսին՝ կ՚անցնին ու կ՚երթան ժամանակները, կը փոխուին ու կը նորոգուին սերունդներն ու մտայնութիւնները, բայց հայ ժողովուրդի վերաթարմացման աղբիւրէն ջուր խմող ամէն սերունդ անպայման կ՚արձագանգէ Մկրտիչ Արմէնի պատգամին եւ «Հեղնար աղբիւր»ի հերոսին հետ, վստահաբար նոր օրերու շունչով, իր կարգին կը վերահաստատէ հայ մարդու աւանդական յանձնառութիւնը՝ ծառայելու մնայուն արժէքներու ստեղծումին եւ կը վերանորոգէ հաւատքը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ