ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍ
Երէկ, «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը բացուեցաւ Ամանորին ընդառաջ։ Հայաստանի կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճի մուտքասրահին մէջ կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Այս քէրմէսին շրջագծով ներկայացուած են սուրիահայոց ձեռագործ աշխատանքները, ոսկերչական իրեր, ուտեստեղէններ, քաղցրաւենիքներ եւ բազմատեսակ այլ արտադրանքներ։
Ցուցահանդէս-տօնավաճառի առաջին այցելուներու շարքին էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Այս առթիւ ան պատասխանեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Հրանոյշ Յակոբեան յիշեցուց, որ այս ձեւաչափին մէջ առաջին տօնավաճառը կազմակերպուած էր 2013 թուականին։ Այդ հանգրուանէն վերջ տարուան տեւողութեան քանի մը անգամ նման տօնավաճառներու կազմակերպումը դարձած է աւանդական։ Հրանոյշ Յակոբեան ուրախութիւն յայտնեց, որ ամէն անգամ սուրիահայերը նոր մօտեցումներով, ստեղծագործաբար կը վերաբերին ցուցահանդէս-վաճառքին, կ՚աւելնայ ծրագրին մասնակցիլ փափաքողներուն թիւը, իսկ միեւնոյն ժամանակ այս հանգամանքը կը նշանակէ, որ հնարաւորինս կը խթանուի մանր եւ միջին գործարարութեան զարգացումը։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ Հայաստանի տեղացիներն ալ նոր տարուան շեմին կազմակերպուած այս տօնավաճառէն գնումներ կատարելով ո՛չ միայն կ՚աջակցին սուրիահայոց գործարարութեան զարգացման, այլեւ հնարաւորութիւն կ՚ունենան իրենց տօնական սեղանները համալրելու իւրօրինակ ուտեստեղէններով ու աղանդերներով, իսկ բնակարանները զարդարելու սուրիահայ կանանց ձեռքով պատրաստուած զանազան յուշանուէրներով, իրենց սիրելիներուն համար մատուցելու բարձր ճաշակով ու մեծ արուեստով ստեղծուած նուէրներ։
«Սուրիահայերը իսկապէս իրենց հետ նոր մշակոյթ, աշխատանքի հանդէպ նոր մօտեցումներ ու որակ բերին հայրենիք։ Անոնք բարեխիղճ են եւ օժտուած՝ ձեռքի բացառիկ շնորհով», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024