ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լի հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ «Ես այ­սօր կը հե­ռա­նամ իմ պաշ­տօ­նէն, սա­կայն կը մնամ իմ երկ­րի հա­ւա­տա­ւոր զի­նուո­րը», ը­սաւ ան այս առ­թիւ։

Ըստ Վրաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րու­թեան, վար­չա­պե­տի հրա­ժար­ման պա­րա­գա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը կը կա­սե­ցուին եւ գոր­ծա­դիր մարմ­նի ան­դամ­նե­րը կը սկսին առ­ժա­մեայ ձե­ւով կա­տա­րել ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը։ Երկ­րի նա­խա­գա­հը եօթ օ­րուան ըն­թաց­քին պէտք է խորհր­դա­րա­նի վա­ւե­րաց­ման ներ­կա­յաց­նէ վար­չա­պե­տի նոր թեկ­նա­ծուին ա­նու­նը, որ խորհր­դա­րա­նի մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­ւա­նու­թեան պէտք է ար­ժա­նա­նայ։ Իր հեր­թին, վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծուն պէտք է խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յաց­նէ կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րու թեկ­նա­ծու­նե­րը՝ վստա­հու­թեան քուէ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Խորհր­դա­րա­նը եւս եօթ օ­րուան ըն­թաց­քին պէտք է քննար­կէ կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար վստա­հու­թիւն յայտ­նե­լու հար­ցը եւ այդ քայ­լը պէտք է առ­նուի մե­ծա­մաս­նու­թեան ձայ­նե­րով։

Վրա­ցա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, որ Ղա­րի­պաշ­վի­լի հրա­ժա­րած է, որ­պէս­զի գլխա­ւո­րէ «Վրա­ցա­կան ե­րա­զանք-Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Վրաս­տան» կու­սակ­ցու­թեան նա­խընտ­րա­կան կեդ­րո­նը եւ «Վրա­ցա­կան ե­րա­զանք» հա­մա­խո­հու­թեան ընտ­րա­ցու­ցա­կը։ Ծանօթ է, որ Վրաստան մօտաւոր անցեալին որդեգրած էր խորհրդարա-նական կառավարման համակարգը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015