ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-ԵՐԵՒԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԹԵՒԵԿԻ ԱՐԿԱԾ

Իս­թան­պու­լէն դէ­պի Ե­րե­ւան ճամ­բոր­դող օ­թօ­պիւս մը ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն ար­կած ան­ցուց Պո­լուի մօ­տա­կայ­քին։ «Ռիչ թուր» ըն­կե­րու­թեան օ­թօ­պիւ­սը ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը շուրջ 03.20-ին ար­կա­ծը ան­ցուց ի­րենց զու­գա­հեռ ըն­թա­ցող ու­րիշ ինք­նա­շար­ժի մը վա­րոր­դին անզ­գու­շու­թեան հե­տե­ւան­քով։

Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, Պա­թու­մի մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ բա­րե­բախ­տա­բար զո­հեր չեն ե­ղած այս ար­կա­ծին հե­տե­ւան­քով, իսկ ե­րեք հո­գի վի­րա­ւո­րուած է թե­թեւ ձե­ւով։

Ար­կա­ծէն վերջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ ճամ­բորդ­նե­րը անվ­տանգ ձե­ւով տե­ղա­փո­խուած են Իս­թան­պուլ։ «Ռիչ թուր» ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Նա­րեկ Մա­մու­լեան յայտ­նեց, թէ օ­թօ­պիւ­սը կը վե­րա­նո­րո­գուի օ­րուան մը ըն­թաց­քին եւ այդ աշ­խա­տան­քի ա­ւար­տին բո­լոր ճամ­բորդ­նե­րը պի­տի տե­ղա­փո­խուին Հա­յաս­տան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015