ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ Պեռ­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման լոյ­սին տակ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը յոյս յայտ­նեց, թէ նա­խա­գահ­նե­րուն հան­դի­պու­մը պի­տի մօ­տեց­նէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը։

Պան Քի Մուն հա­մո­զուած է, որ Պեռ­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­գահ­նե­րու գա­գա­թա­ժո­ղո­վը եր­կու կող­մե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է քննար­կե­լու հրա­դա­դա­րի դրու­թեան խախ­տում­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան բնակ­չու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս զո­հե­րու թի­ւի նուա­զեց­ման ուղ­ղեալ գործ­նա­կան քայ­լե­րը, որ­պէս­զի մօ­տեց­նեն խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը։

Պան Քի Մուն ընդգ­ծեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ո­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս կազ­մա­կեր-պըւե­ցաւ Պեռ­նի վեր­ջին գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը յոր­դո­րեց, որ­պէս­զի Պա­քու եւ Ե­րե­ւան ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին հետ սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցին լա­րու­ծու­թեան հե­տա­գայ թու­լաց­ման շուրջ, ինչ­պէս նաեւ ձեռն­պահ մնան այն­պի­սի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք պատ­ճառ կրնան դառ­նալ նոր բռնու­թիւն­նե­րու։

Հարկ է նշել, որ Պեռ­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­գահ­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան նա­խըն­թաց օր յայ­տա­րա­րած էր, թէ այ­լեւս ըստ էու­թեան հրա­դա­դար գո­յու­թիւն չու­նի եւ ի­րենք կը հա­մա­րեն, որ պա­տե­րազ­մի մէջ են։

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015