«ԱՆԱՀԻՏ» ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆՈՎ

«Ա­նա­հիտ» ման­կա­կան շար­ժան­կա­րը հա­սա­նե­լի պի­տի դառ­նայ ֆրան­սա­խօս հան­րու­թեան: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ,Դեկ­տեմ­բե­րի 24-­ին լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ը­սած է «Ռո­բերտ Սա­հա­կեանց փրո­տաք­շըն» ա­րուես­տա­նո­ցի հա­մա­հիմ­նա­դիր եւ ման­կա­կան շար­ժան­կար­ներ պատ­րաս­տող Դա­ւիթ Սա­հա­կեան­ց:

«Թող­նե­լով ժա­պա­ւէ­նի բնօ­րի­նակ ձայ­նը, ան կը ներ­կա­յա­ցուի ֆրան­սե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ գրու­թիւ­նով, որ­պէս­զի ֆրան­սա­խօս եւ հա­յա­խօս հան­րու­թիւ­նը միա­ժա­մա­նակ կա­րո­ղա­նայ դի­տել զայն»,­ նշած է Դա­ւիթ Սա­հա­կեանց:

Ըն­թա­ցիկ տա­րին Ֆրան­սա­յի չորս քա­ղաք­նե­րու մէջ անվ­ճար ներ­կա­յա­ցուած էր «Ա­նա­հիտ» ժա­պա­ւէ­նը, որ շար­ժան­կա­րի ստեղ­ծող­նե­ր զայն գնա­հա­տած են բարձր, քա­նի որ ա­նոնց հա­մար հե­տաքրք­րա­կան էր նաեւ Սփիւռ­քի կար­ծի­քը: «Մե­զի հա­մար կա­րե­ւոր էր, թէ զայն ինչ­պէս կ՚ըն­դու­նի Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն դուրս բնա­կող հայ հա­մայն­քը: Ապ­րե­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ մենք գի­տենք, թէ ի՛նչ կ՚ը­նենք եւ ներ­հա­յաս­տա­նեան կար­ծի­քը մե­զի հա­մար սպա­սե­լի էր», ը­սած է Դա­ւիթ Սա­հա­կեանց:

Շա­րու­նա­կե­լով խօ­սիլ «Ա­նա­հիտ» ման­կա­կան շար­ժան­կա­րի ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, «Ռո­բերտ Սա­հա­կեանց փրո­տաք­շըն» ա­րուես­տա­նո­ցի հա­մա­հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը ա­ւել­ցու­ցած է, որ ա­նի­կա «Շարմ հոլ­տին­կ­»ի եւ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ այս տա­րի ցու­ցադ­րուած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015